1 Samuel 24
Ruth « 1 Samuel 23 ‹ 1 Samuel 24 › 1 Samuel 25 » 2 Samuel
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ԽՆԱՅԷ ՍԱՒՈՒՂԻ ԿԵԱՆՔԻՆ
1Դաւիթ անկէ բարձրացաւ ու Ենգադդիի ամրութիւններուն մէջ բնակեցաւ։
2Երբ Սաւուղ 1Փղշտացիները հետապնդելէն՝՝ վերադարձաւ, անոր իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա՛ Դաւիթ Ենգադդիի անապատն է»։
3Սաւուղ ամբողջ Իսրայէլէն երեք հազար ընտիր մարդ առաւ, եւ գնաց՝ որ Դաւիթն ու անոր մարդիկը փնտռէ քարայծերու ժայռերուն վրայ։
4Ճամբային քով եղող ոչխարներուն փարախները հասաւ. հոն քարայր մը կար, եւ Սաւուղ 2հարկաւորութեան համար ներս գնաց։ Դաւիթ իր մարդոցմով քարայրին ներսի կողմը նստած էր։
5Դաւիթի մարդիկը անոր ըսին. «Ահա՛ օրը որուն մասին Տէրը քեզի ըսաւ. “Ահա՛ քու թշնամիդ ձեռքդ պիտի մատնեմ, որ 3քեզի հաճելի՝՝ եղածը ընես անոր”»։ Դաւիթ կանգնեցաւ ու Սաւուղի պարեգօտին քղանցքը գաղտնի կտրեց։
6Բայց յետոյ Դաւիթ 4խղճահարուեցաւ, քանի որ Սաւուղի պարեգօտին քղանցքը կտրեր էր։
7Իր մարդոց ըսաւ. «Տէրը չարտօնէ որ Տէրոջ օծեալին՝ իմ տիրոջս այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկարելով. որովհետեւ ան Տէրոջ օծեալն է»։
8Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը սանձահարեց, ու չթոյլատրեց որ Սաւուղի 5վրայ յարձակին՝՝։ Սաւուղ քարայրէն դուրս 6ելաւ եւ իր ճամբան գնաց։
9Յետոյ Դաւիթ ալ կանգնեցաւ, քարայրէն դուրս ելաւ, ու Սաւուղի ետեւէն պոռալով՝ ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս»։ Երբ Սաւուղ ետեւը նայեցաւ, Դաւիթ դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ երկրպագեց։
10Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ. «Ինչո՞ւ մարդոց խօսքը մտիկ կ’ընես, որոնք քեզի կ’ըսեն. “Ահա՛ Դաւիթ քեզի չարիք ընել կը 7ջանայ”։
11Ահա՛ այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն թէ Տէրը այսօր՝ քարայրին մէջ՝ քեզ իմ ձեռքս մատնեց, եւ ինծի ըսին որ քեզ մեռցնեմ։ Բայց ես քու վրադ խղճացի, ու ըսի. “Ձեռքս իմ տիրոջս վրայ չեմ երկարեր, որովհետեւ ան Տէրոջ օծեալն է”։
12Տե՛ս, իմ հա՛յրս, այո՛, տե՛ս, քու պարեգօտիդ քղանցքը ձեռքիս մէջ է. քանի ես պարեգօտիդ քղանցքը կտրեցի բայց քեզ չմեռցուցի, հասկցի՛ր եւ տե՛ս թէ ձեռքիս մէջ ո՛չ չարութիւն կայ, ո՛չ ալ յանցանք, ու քեզի դէմ մեղանչած չեմ, բայց դուն 8զիս կը հետապնդես՝ որ բռնես։
13Տէ՛րը թող դատէ իմ եւ քու միջեւ, ու Տէ՛րը իմ վրէժս քեզմէ առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
14Ինչպէս հին առածը կ’ըսէ. “Ամբարիշտներէն ամբարշտութիւն դուրս կ’ելլէ”, բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։
15Իսրայէլի թագաւորը որո՞ւ ետեւէն դուրս ելեր է։ Ո՞վ կը հալածես. մեռած շո՞ւն մը, լո՞ւ մը։
16Ուստի Տէրը դատաւոր թող ըլլայ, եւ իմ ու քու միջեւ դատէ. թող զննէ, իրաւունքս պաշտպանէ եւ ձեռքէդ 9ազատէ»։
17Երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղի ըսելը աւարտեց, Սաւուղ ըսաւ. «Որդեա՛կս Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Սաւուղ իր ձայնը բարձրացուց եւ լացաւ,
18ու Դաւիթի ըսաւ. «Դուն ինձմէ արդար ես. արդարեւ դուն ինծի բարիք 10ըրիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցանեցի։
19Այսօր յայտնեցիր թէ ինծի հետ բարութեամբ վարուեցար, որովհետեւ Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, բայց դուն զիս չմեռցուցիր։
20Արդարեւ եթէ մարդ մը իր թշնամին գտնէ, զայն կ’արձակէ՞ որ 11խաղաղութեամբ երթայ՝՝։ Ուստի այսօր ինծի ըրածիդ փոխարէն՝ Տէրը քեզի բարիք հատուցանէ։
21Հիմա ահա՛ գիտեմ թէ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս, եւ Իսրայէլի թագաւորութիւնը ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի։
22Ուստի հիմա Տէրոջմով ինծի երդո՛ւմ ըրէ թէ ինձմէ ետք իմ զարմս պիտի չմեռցնես, ու հօրս տունէն իմ անունս պիտի չջնջես»։