1 Samuel 25
Ruth « 1 Samuel 24 ‹ 1 Samuel 25 › 1 Samuel 26 » 2 Samuel
ՍԱՄՈՒԷԼԻ ՄԱՀԸ
1Սամուէլ մեռաւ, ու բոլոր Իսրայելացիները հաւաքուեցան. անոր վրայ հեծեծեցին, եւ զայն Ռամայի մէջ՝ իր տունը թաղեցին։ Դաւիթ կանգնեցաւ ու Փառանի անապատը իջաւ։
ԴԱՒԻԹ ԵՒ ԱԲԻԳԵԱ
2Մաոնի մէջ մարդ մը կար, որուն 1գործը Կարմեղոս էր։ Այս մարդը 2մեծահարուստ էր. երեք հազար ոչխար ու հազար այծ ունէր, եւ իր ոչխարները խուզելու համար Կարմեղոս 3կը գտնուէր՝՝։
3Այդ մարդուն անունը Նաբաղ էր, իսկ անոր կնոջ անունը՝ Աբիգեա։ Կինը ողջամիտ եւ 4գեղեցկադէմ էր, բայց ամուսինը՝ դաժան ու չարագործ. ան 5Քաղէբեան էր։
4Դաւիթ անապատին մէջ լսեց թէ Նաբաղ իր ոչխարները կը խուզէ։
5Դաւիթ տասը երիտասարդ ղրկեց ու երիտասարդներուն ըսաւ. «Կարմեղո՛ս բարձրացէք, Նաբաղի՛ գացէք, իմ անունովս անոր 6որպիսութի՛ւնը հարցուցէք
6եւ անոր սա՛ ըսէք. “Ո՛ղջ կեցիր. խաղաղութի՛ւն ըլլայ քեզի, քու տանդ ու ամբողջ ստացուածքիդ։
7Հիմա լսեցի թէ ոչխարներդ կը խուզես։ Երբ քու հովիւներդ մեզի հետ էին, 7անոնց չվնասեցինք՝՝. այնքան ատեն որ Կարմեղոսի մէջ կեցան, անոնցմէ ոչի՛նչ պակսեցաւ։
8Ծառաներո՛ւդ հարցուր, եւ քեզի պիտի իմացնեն. ուստի իմ երիտասարդներս թող շնորհք գտնեն քու 8առջեւդ, քանի որ լաւ օր եկանք։ Կ’աղերսե՛մ, ձեռքիդ գտածը տո՛ւր քու ծառաներուդ ու քու որդիիդ՝ Դաւիթի”»։
9Երբ Դաւիթի երիտասարդները հասան, այս բոլոր խօսքերը Նաբաղի հաղորդեցին՝ Դաւիթի անունով, ապա 9կայնեցան։
10Նաբաղ Դաւիթի ծառաներուն պատասխանեց. «Դաւիթ ո՞վ է, եւ Յեսսէի որդին ո՞վ է։ Այս օրերս իրենց տէրերուն 10առջեւէն փախչող ստրուկները շատցած են։
11Ի՞նչպէս իմ հացս, ջուրս ու խուզողներուս համար մորթած անասուններս առնեմ եւ այնպիսի մարդոց տամ, որոնց ուրկէ՛ ըլլալը չեմ գիտեր»։
12Դաւիթի երիտասարդները իրենց ճամբան փոխեցին, վերադարձան, ու հասնելով անոր հաղորդեցին այս բոլոր խօսքերը։
13Ուստի Դաւիթ իր մարդոց ըսաւ. «Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը թող կապէ»։ Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը կապեց, Դաւիթ ալ իր սուրը մէջքը կապեց. Դաւիթի ետեւէն չորս հարիւրի չափ մարդ բարձրացաւ, իսկ երկու հարիւր մարդ հոն՝ գոյքերուն մօտ մնաց։
14Ծառաներէն մէկը Նաբաղի կնոջ՝ Աբիգեայի իմացուց, եւ ըսաւ. «Ահա՛ Դաւիթ անապատէն պատգամաւորներ ղրկեց մեր տէրը բարեւելու համար. իսկ ինք 11խստութեամբ վարուեցաւ անոնց հետ՝՝։
15Բայց այդ մարդիկը մեզի հանդէպ շատ բարի էին. մեզի չվնասեցին, ու մեզմէ ոչի՛նչ պակսեցաւ՝ որքան ժամանակ որ անոնց հետ շրջեցանք դաշտավայրին մէջ։
16Անոնք մեզի պարիսպ էին, թէ՛ գիշերը եւ թէ ցերեկը, որքան ատեն որ անոնց քով արածեցինք ոչխարները։
17Հիմա 12մտածէ՛ թէ ի՛նչ պիտի ընես, քանի որ մեր տիրոջ վրայ եւ անոր ամբողջ տան վրայ չարիք որոշուած է. արդարեւ ան այնպիսի 13անօրէն մարդ՝՝ մըն է, որ անոր հետ ո՛չ մէկը կրնայ խօսիլ»։
18Աբիգեա շտապելով երկու հարիւր հաց, երկու տիկ գինի, հինգ պատրաստուած ոչխար, հինգ գրիւ բոհրած ցորեն, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու երկու հարիւր շարոց չոր թուզ առաւ, զանոնք էշերու վրայ դրաւ,
19եւ իր սպասաւորներուն ըսաւ. «Առջե՛ւս անցէք. ահա՛ ես ձեր ետեւէն կու գամ»։ Բայց իր ամուսինին՝ Նաբաղի չիմացուց։
20Երբ կինը իշու վրայ հեծած՝ լերան ծածկուած ճամբայէն կ’իջնէր, ահա՛ Դաւիթ ու իր մարդիկը կ’իջնէին՝ անոր դէմ. եւ ան իրենց հանդիպեցաւ։
21Դաւիթ ըսեր էր. «Անտարակոյս անապատին մէջ այս մարդուն ամբողջ ունեցածը ընդունայն պահպաներ եմ՝ որ ոչինչ պակսի անոր ամբողջ ունեցածէն, իսկ ան ինծի չարիք հատուցանեց՝ բարիքի փոխարէն։
22Աստուած Դաւիթի թշնամիներուն այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ մինչեւ արշալոյս անոր ունեցածներէն այր 14մարդ՝՝ մը ողջ թողում»։
23Երբ Աբիգեա Դաւիթը տեսաւ՝ շտապելով իշուն վրայէն իջաւ, ու Դաւիթի առջեւ երեսին վրայ գետին իյնալով՝ երկրպագեց։
24Անոր ոտքը իյնալով ըսաւ. «Ի՛մ վրաս, յանցանքը ի՛մ վրաս թող ըլլայ, իմ տէ՛րս. բայց կ’աղերսե՛մ, քու աղախինդ թող խօսի 15առջեւդ, եւ աղախինիդ խօսքերը մտի՛կ ըրէ։
25Կ’աղերսե՛մ, իմ տէրս թող 16ուշադրութիւն չդարձնէ՝՝ այս 17անօրէն մարդուն՝ Նաբաղի, քանի որ ինչպէս իր անունն է, այնպէս ալ ի՛նք է։ Անոր անունը 18Նաբաղ է, եւ անզգամութիւնը իրեն հետ է. բայց ես՝ քու աղախինդ՝ իմ տիրոջս ղրկած երիտասարդները չտեսայ։
26Հիմա, իմ տէ՛րս, Տէրը կ’ապրի՛ ու քու հոգիդ ալ կ’ապրի՛. Տէ՛րը քեզ արգիլեց որ արիւն 19թափես եւ վրէժդ քու ձեռքովդ առնես։ Հիմա քու թշնամիներդ ու տիրոջս չարիք 20ուզողները Նաբաղի պէս ըլլան։
27Հիմա այս ընծան, որ քու ստրկուհիդ իմ տիրոջս բերաւ, տիրոջս 21հետեւող երիտասարդներուն թող տրուի։
28Կ’աղերսե՛մ, քու աղախինիդ յանցանքը ներէ՛. արդարեւ Տէրը իմ տիրոջս անպատճառ հաստատ տուն պիտի շինէ, որովհետեւ իմ տէրս Տէրոջ պատերազմները 22մղեց, ու քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ վրադ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։
29Մարդ մը ոտքի ելած է՝ քեզ հալածելու եւ հոգիդ փնտռելու համար. բայց իմ տիրոջս հոգին կեանքի ծրարին մէջ ծրարուած պիտի ըլլայ, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քով, մինչդեռ ան քու թշնամիներուդ հոգիները պիտի նետէ պարսատիկի մէջէն ելած քարի պէս։
30Երբ Տէրը 23քեզի խոստացած՝՝ ամբողջ բարիքը իրագործէ իմ տիրոջս համար, եւ քեզ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ 24նշանակէ,
31ասիկա գայթումի քար մը չըլլայ քեզի, ո՛չ ալ 25խիղճի խայթ՝՝ մը՝ իմ տիրոջս, որ առանց պատճառի արիւն թափէ, կամ թէ իմ տէրս իր վրէժը ի՛նք առնէ. ու երբ Տէրը իմ տիրոջս բարիք ընէ, քու աղախինդ յիշէ՛»։
32Դաւիթ Աբիգեայի ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց՝ զիս դիմաւորելու.
33քու դատողութիւնդ օրհնեա՜լ ըլլայ, եւ դո՛ւն ալ օրհնեա՜լ ըլլաս, որ այսօր զիս արգիլեցիր՝ արիւն թափելէ ու վրէժս իմ ձեռքովս առնելէ։
34Բայց Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որ զիս արգիլեց քեզի չարիք ընելէ, կ’ապրի՛. եթէ դուն շտապելով չգայիր եւ զիս չդիմաւորէիր, մինչեւ արշալոյս Նաբաղէն մէկ այր մարդ պիտի չմնար»։
35Դաւիթ անոր բերած ընծաները ձեռքէն առաւ, եւ անոր ըսաւ. «Խաղաղութեա՛մբ գնա տունդ. ահա՛ խօսքդ մտիկ ըրի, ու 26խնդրանքդ ընդունեցի՝՝»։
36Աբիգեա Նաբաղի գնաց, եւ ահա՛ ան իր տան մէջ թագաւորական խնճոյքի պէս խնճոյք սարքած էր։ Նաբաղի սիրտը զուարթացած էր, եւ ինք չափազանց գինովցած էր. ուստի կինը մինչեւ արշալոյս բա՛ն մը չպատմեց անոր, պզտիկ կամ մեծ։
37Առտուն, երբ Նաբաղ գինիէն զգաստացաւ, անոր կինը այս բաները անոր պատմեց. անոր սիրտը իր ներսը մեռաւ, ու քարի պէս եղաւ։
38Տասը օրի չափ անցնելէն ետք՝ Տէրը զարկաւ Նաբաղը, եւ ան մեռաւ։
39Դաւիթ Նաբաղի մեռնիլը լսելով՝ ըսաւ. «Օրհնեա՜լ է Տէրը, որ իրաւունքս պաշտպանեց ու Նաբաղի ձեռքէն կրած նախատինքս ի՛նք ջնջեց, իր ծառան չարութենէն խնայելով. Տէրը Նաբաղի չարութիւնը անոր գլուխը վերադարձուց»։ Դաւիթ մարդ ղրկեց՝ Աբիգեայի խօսելու, որ զայն իրեն առնէ իբր կին։
40Դաւիթի ծառաները Կարմեղոս հասան՝ Աբիգեայի քով, անոր խօսեցան եւ ըսին. «Դաւիթ մեզ քեզի ղրկեց, որպէսզի քեզ իրեն առնէ իբր կին»։
41Ան ալ կանգնեցաւ, դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ երկրպագեց, ու ըսաւ. «Ահա՛ քու աղախինդ իմ տիրոջս ծառաներուն ոտքերը լուալու համար ստրուկ թող ըլլայ»։
42Աբիգեա շտապելով կանգնեցաւ, էշը հեծաւ՝ իր հինգ սպասուհիներուն հետ — որոնք իր 27ետեւէն գացին —, Դաւիթի պատգամաւորներուն հետեւեցաւ, եւ անոր կինը եղաւ։
43Դաւիթ Յեզրայէլէն ալ Աքինոամը առաւ. ասոնք երկուքն ալ անոր կիները եղան։
44Բայց Սաւուղ իր աղջիկը՝ Մեղքողը, որ Դաւիթի կինն էր, Գաղղիմացի Լայիսի որդիին՝ Փաղտիէլի տուաւ։