1 Samuel 26
Ruth « 1 Samuel 25 ‹ 1 Samuel 26 › 1 Samuel 27 » 2 Samuel
ԴԱՒԻԹ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ԽՆԱՅԷ ՍԱՒՈՒՂԻ ԿԵԱՆՔԻՆ
1Զիփացիները Գաբաա գացին՝ Սաւուղի քով, եւ ըսին. «Ահա՛ Դաւիթ Եսիմոնի դիմաց՝ Եքեղայի բլուրին վրայ պահուըտած է»։
2Սաւուղ կանգնեցաւ ու Զիփի անապատը իջաւ, Իսրայէլէն երեք հազար ընտիր մարդով, որպէսզի Զիփի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ։
3Սաւուղ Եքեղայի բլուրը բանակեցաւ, Եսիմոնի դիմաց՝ ճամբային վրայ։ Դաւիթ ալ անապատին մէջ կը կենար, եւ տեսաւ թէ Սաւուղ անապատը եկած է՝ 1զինք հետապնդելու՝՝։
4Ուստի Դաւիթ լրտեսներ ղրկեց, ու Սաւուղի գալը ստուգապէս գիտցաւ։
5Դաւիթ գաղտնի կանգնեցաւ, եւ Սաւուղի բանակած տեղը գնաց։ Դաւիթ Սաւուղի ու անոր սպարապետին՝ Ներեան Աբենների պառկած տեղը տեսաւ։ Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկած էր, իսկ ժողովուրդը անոր շուրջը բանակած էր։
6Դաւիթ Քետացի Աքիմելէքի եւ Յովաբի եղբօր՝ Շարուհեան Աբեսսայի 2հարցուց. «Ո՞վ ինծի հետ Սաւուղի քով՝ բանակավայրը կ’իջնէ»։ Աբեսսա ըսաւ. «Ես քեզի հետ կ’իջնեմ»։
7Դաւիթ Աբեսսայի հետ ժողովուրդին քով հասաւ՝ գիշերը. ահա՛ Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկած՝ կը քնանար։ Անոր նիզակը սնարին քով՝ գետինը ցցուած էր, իսկ Աբեններ ու ժողովուրդը անոր շուրջը պառկած էին։
8Աբեսսա Դաւիթի ըսաւ. «Աստուած այսօր թշնամիդ քու ձեռքդ մատնեց. հիմա թոյլատրէ՛ որ նիզակով մէ՛կ անգամէն գետինը 3գամեմ զինք, ու չկրկնեմ հարուածը»։
9Բայց Դաւիթ Աբեսսայի ըսաւ. «Զինք մի՛ 4մեռցներ. արդարեւ ո՞վ կրնայ ձեռք երկարել Տէրոջ օծեալին եւ անպատիժ մնալ»։
10Դաւիթ նաեւ ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. զինք Տէ՛րը պիտի զարնէ։ Կա՛մ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ ալ պատերազմի մէջ պիտի 5մտնէ ու մեռնի։
11Տէրը չարտօնէ որ Տէրոջ օծեալին դէմ ձեռքս երկարեմ. բայց կ’աղերսե՛մ, ա՛ռ հիմա անոր սնարին քովի նիզակը եւ ջուրին կուժը, ու երթանք»։
12Դաւիթ Սաւուղի սնարին քովէն նիզակը եւ ջուրին կուժը առաւ, ու գացին։ Տեսնող, գիտցող կամ արթնցող չկար, որովհետեւ բոլորը կը քնանային. արդարեւ Տէրոջմէն թմբիր մը ինկած էր անոնց վրայ։
13Դաւիթ միւս կողմը անցաւ եւ հեռուն՝ լերան գագաթը կայնեցաւ. իրենց միջեւ մեծ միջոց մը կար։
14Դաւիթ ժողովուրդին ու Ներեան Աբենների գոչեց՝ ըսելով. «Ո՛վ Աբեններ, չե՞ս պատասխաներ»։ Աբեններ պատասխանեց. «Դուն ո՞վ ես՝ որ թագաւորին կը գոչես»։
15Դաւիթ Աբենների ըսաւ. «Դուն այր մարդ չե՞ս, եւ Իսրայէլի մէջ ո՞վ կայ քեզի նման։ Ուստի ինչո՞ւ քու տէրդ՝ թագաւորը չպահպանեցիր, որովհետեւ ժողովուրդէն մէկը եկաւ քու տէրդ՝ թագաւորը 6մեռցնելու։
16Այդ քու ըրած բանդ լաւ չէ։ Տէրը կ’ապրի՛. դուք մեռնելու արժանի էք, քանի որ Տէրոջ օծեալը՝ ձեր տէրը չպահպանեցիք։ Հիմա նայէ՛ թէ ո՛ւր են թագաւորին նիզակն ու անոր սնարին քովի ջուրին կուժը»։
17Այն ատեն Սաւուղ Դաւիթի ձայնը ճանչցաւ եւ ըսաւ. «Որդեա՛կս Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, ատիկա իմ ձայնս է»։
18Նաեւ ըսաւ. «Իմ տէրս ինչո՞ւ այդպէս իր ծառան կը հետապնդէ։ Ի՞նչ ըրի, ու ձեռքիս մէջ ի՞նչ չարութիւն կայ։
19Եւ հիմա, կ’աղերսե՛մ, իմ տէրս՝ թագաւորը իր ծառային խօսքերը թող մտիկ ընէ։ Եթէ Տէ՛րը քեզ ինծի դէմ դրդեց, զոհ մը թող 7ընդունի. բայց եթէ մարդոց որդիները դրդեցին, անոնք Տէրոջ առջեւ անիծեալ ըլլան, որովհետեւ զիս այսօր վռնտեցին՝ որպէսզի Տէրոջ ժառանգութեան չյարիմ՝ ինծի ըսելով. “Գնա՛, օտա՛ր աստուածներ պաշտէ”։
20Ուստի հիմա՝ իմ արիւնս թող գետինը չիյնայ Տէրոջ առջեւ. արդարեւ Իսրայէլի թագաւորը դուրս ելած է՝ լու մը փնտռելու, ինչպէս մարդ լեռներու վրայ կաքաւ կը հետապնդէ»։
21Սաւուղ ըսաւ. «Մեղանչեցի. վերադարձի՛ր, որդեա՛կս Դաւիթ։ Քեզի անգա՛մ մըն ալ չարիք պիտի չընեմ, քանի որ իմ անձս այսօր քու աչքերուդ պատուական 8երեւցաւ. ահա՛ անմիտ եղայ, եւ մեծապէս սխալեցայ»։
22Դաւիթ պատասխանեց. «Ահա՛ թագաւորին նիզակը. երիտասարդներէն մէկը թող անցնի ու զայն առնէ։
23Տէրը իւրաքանչիւրին հատուցանէ իր արդարութեան եւ հաւատարմութեան փոխարէն. որովհետեւ Տէրը քեզ այսօր իմ ձեռքս մատնեց, բայց ես Տէրոջ օծեալին վրայ ձեռքս երկարել չուզեցի։
24Ահա՛ ինչպէս քու անձդ այսօր իմ աչքերուս 9պատուական եղաւ, իմ անձս ալ Տէրոջ 10առջեւ այնպէս պատուական ըլլայ, ու զիս ամէն տագնապէ ազատէ»։
25Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ. «Որդեա՛կս Դաւիթ, օրհնեա՜լ ըլլաս. անշո՛ւշտ 11մեծ գործեր պիտի կատարես՝՝, եւ պիտի 12յաջողիս»։ Դաւիթ իր ճամբան գնաց, Սաւուղ ալ իր տեղը վերադարձաւ։