1 Samuel 27
Ruth « 1 Samuel 26 ‹ 1 Samuel 27 › 1 Samuel 28 » 2 Samuel
ԴԱՒԻԹ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
1Դաւիթ իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Վերջապէս օր մը Սաւուղի ձեռքով պիտի կորսուիմ. ինծի համար ոչինչ աւելի լաւ է՝ քան Փղշտացիներուն երկիրը 1արտորալով խոյս տալ, որպէսզի Սաւուղ ինձմէ յոյսը կտրէ, ու զիս անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի ամբողջ հողամասին մէջ չփնտռէ. այսպէս՝ անոր ձեռքէն կը ճողոպրիմ»։
2Ուստի Դաւիթ կանգնեցաւ, եւ իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդոցմով գնաց Գէթի թագաւորին՝ Մաովքի որդիին Անքուսի քով։
3Դաւիթ Անքուսի քով՝ Գէթի մէջ բնակեցաւ, ինք եւ իր մարդիկը, իւրաքանչիւրը՝ իր ընտանիքով, Դաւիթ ալ իր երկու կիներով, Յեզրայելացի Աքինոամի ու Կարմելացի Նաբաղի կնոջ՝ Աբիգեայի հետ։
4Երբ Սաւուղի իմացուցին թէ Դաւիթ Գէթ փախեր է, անգա՛մ մըն ալ զայն չփնտռեց։
5Դաւիթ Անքուսի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, եթէ քու 2առջեւդ շնորհք գտայ, դաշտավայրի քաղաքներէն մէկուն մէջ ինծի տեղ մը թող տրուի, որպէսզի հոն բնակիմ. արդարեւ քու ծառադ ինչո՞ւ քեզի հետ բնակի թագաւորանիստ քաղաքին մէջ»։
6Այդ օրը Անքուս Սիկելակը տուաւ անոր. այս պատճառով Սիկելակ մինչեւ այսօր Յուդայի թագաւորներուն եղաւ։
7Փղշտացիներու երկրին մէջ Դաւիթի բնակած օրերուն թիւը՝ մէկ տարի ու չորս ամիս եղաւ։
8Դաւիթ եւ անոր մարդիկը բարձրացան, ու Գեսուրացիներուն, 3Գազերացիներուն եւ Ամաղեկացիներուն վրայ յարձակեցան, քանի որ անոնք հին դարերէն ի վեր այդ երկրին մէջ կը բնակէին, 4Սուրէն մինչեւ Եգիպտոսի երկիրը։
9Դաւիթ այդ երկիրը զարկաւ. ո՛չ այր մարդ ողջ պահեց, ո՛չ ալ կին, իսկ ոչխարները, արջառները, էշերը, ուղտերն ու հանդերձները գրաւեց։ Յետոյ վերադարձաւ եւ Անքուսի եկաւ։
10Անքուս ըսաւ. «Այսօր ո՞ր կողմը յարձակեցաք»։ Դաւիթ ըսաւ. «Յուդայի հարաւային կողմը, Յերամելացիներուն հարաւային կողմն ու Կենեցիներուն հարաւային կողմը»։
11Դաւիթ ո՛չ մէկ մարդ կամ կին ողջ պահեց, որ Գէթ լուր չբերէ. արդարեւ ըսաւ. «Մեր մասին թող չպատմեն եւ չըսեն թէ Դաւիթ այսպէս ըրաւ»։ Անոր սովորութիւնը ա՛յս էր, 5քանի Փղշտացիներու դաշտավայրին մէջ կը բնակէր՝՝։
12Անքուս Դաւիթի հաւատալով՝ ըսաւ. «Այս մարդը իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի մէջ ինքզինք յոյժ 6ատելի ըրաւ. ուստի յաւիտեան իմ ծառաս պիտի ըլլայ»։