Loading...

1 Samuel 28

Ruth  «  1 Samuel 27  ‹  1 Samuel 28  ›  1 Samuel 29  »  2 Samuel


1

Այդ օրերը Փղշտացիները իրենց բանակը հաւաքեցին պատերազմի համար, որպէսզի Իսրայէլի դէմ պատերազմին։ Անքուս Դաւիթի ըսաւ. «Ստո՛ւգապէս գիտցիր թէ դուն ինծի հետ դուրս պիտի ելլես՝ բանակը, դուն եւ քու մարդիկդ»։

2

Դաւիթ Անքուսի ըսաւ. «Ուրեմն պիտի գիտնաս ինչ որ ծառադ պիտի ընէ»։ Անքուս Դաւիթի ըսաւ. «Ուրեմն քեզ 1ընդմիշտ իմ 2թիկնապահս պիտի նշանակեմ»։


ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻ ՎՀՈՒԿԻ ՄԸ ՀԵՏ

3

Սամուէլ մեռած էր, եւ ամբողջ Իսրայէլը անոր վրայ հեծեծեր էր, ու զայն իր քաղաքին՝ Ռամայի մէջ թաղեր էր։ Իսկ Սաւուղ վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն հաներ էր։

4

Փղշտացիները հաւաքուեցան, եկան եւ Սունամի մէջ բանակեցան. Սաւուղ ալ ամբողջ Իսրայէլը հաւաքեց, ու Գեղբուէի մէջ բանակեցան։

5

Սաւուղ Փղշտացիներուն բանակը տեսնելով՝ սարսռաց, եւ սիրտը չափազանց դողաց։

6

Սաւուղ Տէրոջ հարցուց, բայց Տէրը թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ մարգարէներով անոր չպատասխանեց։

7

Այն ատեն Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ինծի վհո՛ւկ կին մը փնտռեցէք, որպէսզի երթամ անոր խորհուրդ հարցնեմ»։ Ծառաները անոր ըսին. «Ահա՛ Ենդովրի մէջ վհուկ կին մը կայ»։

8

Սաւուղ ծպտուեցաւ՝ ուրիշ հանդերձներ հագնելով, գնաց՝ իրեն հետ երկու մարդ առնելով, եւ այդ կնոջ քով հասան՝ գիշերը։ Սաւուղ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի համար ոգիո՛վ մը դիւթէ, եւ ինծի 3կանչէ՛ ա՛ն՝ որ քեզի պիտի ըսեմ»։

9

Կինը անոր ըսաւ. «Ահա՛ դուն Սաւուղի ըրածը գիտես, թէ ի՛նչպէս ան վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն բնաջնջեց. ուրեմն ինչո՞ւ զիս մեռցնելու համար իմ անձիս որոգայթ կը լարես»։

10

Սաւուղ Տէրոջմով երդում ըրաւ անոր եւ ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. այս բանին համար 4անօրէնութեան պատիժ պիտի չկրես՝՝»։

11

Այն ատեն կինը ըսաւ. «Ո՞վ 5կանչեմ քեզի»։ Ան ալ ըսաւ. «Սամուէ՛լը 6կանչէ ինծի»։

12

Կինը Սամուէլը տեսնելով՝ բարձր ձայնով մը աղաղակեց։ Կինը Սաւուղի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս խաբեցիր. արդարեւ դուն Սաւո՛ւղն ես»։

13

Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար. բայց ի՞նչ տեսար»։ Կինը Սաւուղի ըսաւ. «Գետինէն բարձրացող աստուած մը տեսայ»։

14

Սաւուղ անոր ըսաւ. «Անոր 7կերպարանքը ի՞նչպէս է»։ Կինը ըսաւ. «Ահա՛ ծեր մարդ մը կը բարձրանայ. պարեգօտ մը հագած է»։ Սաւուղ հասկցաւ թէ անիկա Սամուէլն է, ուստի դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցուց եւ անոր երկրպագեց։

15

Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս վրդովեցիր ու զիս բարձրացուցիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Ես մեծ տագնապի մէջ եմ, որովհետեւ Փղշտացիները ինծի դէմ կը պատերազմին, եւ Աստուած ինձմէ հեռացաւ. ինծի թէ՛ մարգարէներու 8միջոցով, թէ՛ երազներով պատասխան չտուաւ։ Ուստի քեզ կանչեցի, որ ինծի գիտցնես թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ»։

16

Սամուէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, քանի Տէրը քեզմէ հեռացաւ ու քեզի թշնամի եղաւ։

17

Տէրը իմ 9բերանովս ըսածին համաձայն 10ըրաւ. Տէրը քու ձեռքէդ թագաւորութիւնը պատռեց ու զայն քու ընկերիդ՝ Դաւիթի տուաւ։

18

Քանի դուն Տէրոջ խօսքը մտիկ չըրիր եւ Ամաղէկի վրայ անոր բորբոքած բարկութիւնը չգործադրեցիր, Տէրն ալ այսօր քեզի այս բանը ըրաւ։

19

Տէրը քեզի հետ Իսրայէլն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ, ու վաղը դուն եւ քու որդիներդ իմ քովս պիտի ըլլաք։ Տէրը Իսրայէլի բանակն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ»։

20

Սաւուղ անմիջապէս գետին ինկաւ ամբողջ հասակով, եւ Սամուէլի խօսքերէն չափազանց վախցաւ։ Ա՛լ վրան ոյժ չկար, քանի որ ամբողջ օրն ու ամբողջ գիշերը հաց կերած չէր։

21

Կինը Սաւուղի քով գնաց, եւ անոր մեծ շփոթը տեսնելով՝ անոր ըսաւ. «Ահա՛ քու ստրկուհիդ խօսքդ մտիկ ըրաւ. իմ 11կեանքս վտանգելով՝՝ ինծի 12տուած հրամանիդ՝՝ հնազանդեցայ։

22

Ուստի կ’աղերսե՛մ, հիմա դո՛ւն ալ քու ստրկուհիիդ խօսքը մտիկ ըրէ. քու առջեւդ պատառ մը հաց դնեմ, ու կե՛ր, որպէսզի ոյժ ունենաս երբ ճամբադ երթաս»։

23

Բայց ան մերժեց եւ ըսաւ. «Չեմ ուտեր»։ Սակայն իր ծառաները ու կինն ալ զինք բռնադատեցին. ուստի անոնց խօսքը մտիկ ըրաւ, եւ գետինէն ելլելով մահիճին վրայ նստաւ։

24

Կինը իր տան մէջ պարարտ հորթ մը ունէր. շտապելով զայն մորթեց, ալիւր առնելով՝ շաղեց եւ անով բաղարջ եփեց,

25

ու Սաւուղի եւ անոր ծառաներուն մատուցանեց։ Անոնք ալ կերան. յետոյ կանգնեցան ու նոյն գիշերը գացին։



1 Եբր.՝ բոլոր օրերը
2 Եբր.՝ գլուխիս պահապանը
3 Եբր.՝ բարձրացո՛ւր
4 Եբր.՝ քեզի անօրէնութեան պատիժ պիտի չպատահի
5 Եբր.՝ բարձրացնեմ
6 Եբր.՝ բարձրացուր
7 Եբր.՝ կազմը
8 Եբր.՝ ձեռքով
9 Եբր.՝ ձեռքովս
10 Եբր.՝ ըրաւ իրեն համար
11 Եբր.՝ շունչս ափիս մէջ դնելով
12 Եբր.՝ ըսած խօսքերուդ