Loading...

1 Samuel 29

Ruth  «  1 Samuel 28  ‹  1 Samuel 29  ›  1 Samuel 30  »  2 Samuel


ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐԷՆ

1

Փղշտացիները իրենց բոլոր բանակները Ափէկի մէջ հաւաքեցին, իսկ Իսրայելացիները Յեզրայէլի մէջ եղող ակին քով բանակեցան։

2

Փղշտացիներուն նախարարները իրենց հարիւրաւորներով ու հազարաւորներով անցան. Դաւիթ եւ իր մարդիկն ալ անոնց ետեւէն՝ Անքուսի հետ անցան։

3

Փղշտացիներուն իշխանաւորները ըսին. «Այս Եբրայեցիները ի՞նչ կ’ընեն հոս»։ Անքուս Փղշտացիներու իշխանաւորներուն ըսաւ. «Ասիկա Դաւիթը չէ՞, Իսրայէլի թագաւորին՝ Սաւուղի ծառան, որ այսչափ օրերէ կամ մանաւանդ այսչափ տարիներէ ի վեր իմ քովս է. ինծի 1եկած օրէն մինչեւ այսօր՝ անոր վրայ 2ոչինչ գտայ»։

4

Փղշտացիներուն իշխանաւորները անոր դէմ զայրացան։ Փղշտացիներուն իշխանաւորները անոր ըսին. «Այդ մարդը 3վանէ՛, որպէսզի վերադառնայ իր տեղը՝ ուր զայն նշանակեցիր։ Մեզի հետ թող 4չգայ՝ պատերազմելու համար, որ պատերազմին մէջ մեզի 5թշնամի չըլլայ. արդարեւ ի՞նչպէս հաճելի պիտի ըլլայ իր տիրոջ հետ, եթէ ոչ այս մարդոց գլուխներով։

5

Ասիկա այն Դաւիթը չէ՞, որուն մասին պարողները 6խմբերգելով կ’ըսէին. “Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Եւ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները”»։

6

Անքուս Դաւիթը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. դուն ուղիղ մարդ մըն ես, եւ 7ինծի հաճելի կը թուի՝՝ որ բանակին մէջ մտնես ու ելլես ինծի հետ, որովհետեւ ինծի եկած օրէդ մինչեւ այսօր՝ քու վրադ չարութիւն մը չգտայ։ Բայց դուն նախարարներուն 8հաճելի չես.

7

ուստի հիմա վերադարձի՛ր եւ խաղաղութեա՛մբ գնա, որպէսզի Փղշտացիներու նախարարներուն 9անհաճոյ ոչինչ ընես»։

8

Դաւիթ Անքուսի ըսաւ. «Բայց ես ի՞նչ ըրի. ծառայիդ վրայ ի՞նչ յանցանք գտար քու առջեւդ 10կայնած օրէս մինչեւ այսօր, որ չերթամ եւ իմ տիրոջս՝ թագաւորին թշնամիներուն դէմ չպատերազմիմ»։

9

Անքուս Դաւիթի պատասխանեց. «Գիտեմ, դուն 11ինծի հաճելի՝՝ ես՝ Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս. բայց Փղշտացիներուն իշխանաւորները ըսին. “Անիկա մեզի հետ թող չբարձրանայ՝ պատերազմելու համար”։

10

Ուրեմն հիմա՝ կանո՛ւխ ելիր առտուն, նաեւ տիրոջդ ծառաները՝ որոնք քեզի հետ եկան. առտուն՝ կանո՛ւխ ելէք, ու երբ լուսնայ՝ գացէ՛ք»։

11

Դաւիթ եւ իր մարդիկը կանուխ ելան՝ առտուն երթալու համար, որպէսզի Փղշտացիներուն երկիրը վերադառնան. իսկ Փղշտացիները Յեզրայէլ բարձրացան։



1 Եբր.՝ ինկած
2 Այսինքն՝ ո՛չ մէկ յանցանք
3 Եբր.՝ վերադարձո՛ւր
4 Եբր.՝ չիջնէ
5 Եբր.՝ ընդդիմադիր
6 Եբր.՝ պատասխանելով կ’երգէին ու
7 Եբր.՝ իմ աչքերուս լաւ է
8 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
9 Եբր.՝ աչքերուն գէշ
10 Եբր.՝ եղած
11 Եբր.՝ իմ աչքերուս լաւ