Loading...

1 Samuel 30

Ruth  «  1 Samuel 29  ‹  1 Samuel 30  ›  1 Samuel 31  »  2 Samuel


ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

1

Երբ Դաւիթ եւ իր մարդիկը երրորդ օրը Սիկելակ հասան, Ամաղեկացիները հարաւային երկրին ու Սիկելակի վրայ յարձակեր էին. Սիկելակը զարնելով՝ զայն կրակով այրեր էին,

2

եւ հոն եղած կիները գերեվարեր էին։ Ո՛չ մէկը մեռցուցեր էին, պզտիկ կամ մեծ, հապա զանոնք տանելով՝ իրենց ճամբան գացեր էին։

3

Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը քաղաքը հասան, ահա՛ ան կրակով այրուած էր, եւ իրենց կիները, որդիներն ու աղջիկները գերեվարուած էին։

4

Ուստի Դաւիթ եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդը իրենց ձայները բարձրացուցին ու լացին, մինչեւ որ իրենց վրայ ոյժ չմնաց լալու։

5

Դաւիթի երկու կիներն ալ — Յեզրայելացի Աքինոամ եւ Կարմելացի Նաբաղի կինը՝ Աբիգեա — գերեվարուած էին։

6

Դաւիթ չափազանց տագնապած էր. արդարեւ ժողովուրդը զինք քարկոծելու մասին կը խօսէր, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդին 1սիրտը դառնացած էր, իւրաքանչիւրը իր որդիներուն եւ աղջիկներուն համար։ Բայց Դաւիթ Տէրոջմով՝ իր Աստուծմով ուժովցաւ։

7

Դաւիթ Աքիմելէքի որդիին՝ Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, եփո՛ւտը մօտեցուր ինծի»։ Աբիաթար եփուտը Դաւիթի մօտեցուց։

8

Դաւիթ Տէրոջ հարցուց. «Այս գունդը հետապնդե՞մ. անոնց պիտի հասնի՞մ»։ Տէրը անոր պատասխանեց. «Հետապնդէ՛, քանի որ անշո՛ւշտ պիտի հասնիս եւ ամէն ինչ պիտի ազատագրես»։

9

Դաւիթ գնաց, ինք ու իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդիկը, եւ Բոսոր վտակը հասան. ետեւ մնացողները հոն կեցան։

10

Դաւիթ շարունակեց հետապնդել՝ չորս հարիւր մարդոց հետ. երկու հարիւր մարդիկ հոն կեցան, քանի որ շատ թուլցած էին՝ Բոսոր վտակը անցնելու համար։

11

Դաշտին մէջ Եգիպտացիի մը հանդիպեցան, ու զայն Դաւիթի բերին։ Անոր հաց տուին եւ կերաւ, նաեւ անոր ջուր խմցուցին։

12

Անոր շարոց մը չոր թուզ ու երկու ողկոյզ չամիչ տուին. երբ կերաւ՝ ոգին իրեն վերադարձաւ, քանի որ երեք օր եւ երեք գիշեր հաց չէր կերած ու ջուր չէր խմած։

13

Դաւիթ անոր ըսաւ. «Դուն որո՞ւնն ես, եւ ուրկէ՞ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Ես եգիպտացի պատանի մըն եմ, ու Ամաղեկացիի մը ստրուկը։ Այսօր երեք օր է որ իմ տէրս զիս լքած է, քանի որ հիւանդ էի։

14

Մենք Քերեթի հարաւային կողմը՝ Յուդայի կողմերը ու Քաղէբի հարաւային կողմերը յարձակեցանք, եւ Սիկելակը կրակով այրեցինք»։

15

Դաւիթ անոր ըսաւ. «Զիս այն գունդին կրնա՞ս իջեցնել»։ Ան ալ ըսաւ. «Ինծի Աստուծմով երդո՛ւմ ըրէ թէ զիս պիտի չմեռցնես ու զիս իմ տիրոջս ձեռքը պիտի չմատնես, ես ալ քեզ այն գունդին կ’իջեցնեմ»։

16

Երբ զինք հոն իջեցուց, ահա՛ անոնք ամբողջ գետինին վրայ տարածուած էին. կ’ուտէին, կը խմէին, եւ 2ուրախութիւն կ’ընէին՝՝ Փղշտացիներու երկրէն ու Յուդայի երկրէն իրենց գրաւած այդ ամբողջ մեծ աւարին համար։

17

Դաւիթ 3այգաբացէն մինչեւ հետեւեալ օրուան իրիկունը՝՝ զանոնք զարկաւ. անոնցմէ ո՛չ մէկը ճողոպրեցաւ, բայց միայն չորս հարիւր երիտասարդներ, որոնք ուղտերու վրայ հեծան ու փախան։

18

Դաւիթ ազատագրեց ամէն ինչ որ Ամաղեկացիները գրաւեր էին. Դաւիթ իր երկու կիներն ալ ազատագրեց։

19

Իրենց ոչինչ կը պակսէր, պզտիկ կամ մեծ. ո՛չ որդիներ, ո՛չ աղջիկներ, ո՛չ աւար, ո՛չ ալ որեւէ բան՝ որ անոնք գրաւեր էին. Դաւիթ ամէն ինչ վերադարձուց։

20

Դաւիթ բոլոր ոչխարներն ու արջառները գրաւեց. զանոնք իրենց խաշինքին առջեւէն կը վարէին եւ կ’ըսէին. «Ահա՛ւասիկ Դաւիթի աւարը»։

21

Դաւիթ այն երկու հարիւր մարդոց քով հասաւ, որոնք շատ թուլցած էին՝ Դաւիթի հետեւելու համար, ու զանոնք Բոսոր վտակը կեցուցած էին։ Անոնք դուրս ելան Դաւիթն ու անոր հետ եղող ժողովուրդը դիմաւորելու։ Երբ Դաւիթ ժողովուրդին մօտեցաւ, անոնց 4որպիսութիւնը հարցուց։

22

Դաւիթի հետ գացող մարդոցմէն բոլոր չար եւ 5անօրէն մարդիկը ըսին. «Քանի ասոնք մեզի հետ չեկան, մենք ալ անոնց մեր ազատագրած աւարէն չենք տար. ամէն մարդ միայն իր կինն ու որդիները թող 6առնէ եւ երթայ»։

23

Բայց Դաւիթ անոնց ըսաւ. «Այդպէս պիտի 7չվարուիք, եղբայրնե՛րս, Տէրոջ մեզի տուածին հետ. ի՛նք մեզ պահպանեց ու մեր վրայ հասնող գունդը մեր ձեռքը մատնեց։

24

Այս խնդիրին մէջ ո՞վ ձեզի մտիկ պիտի ընէ։ Գոյքերուն քով կեցողին բաժինը՝ պատերազմի 8գացողին բաժինին հետ հաւասար պիտի ըլլայ. հաւասարապէս պիտի բաժնեն»։

25

Այդ օրէն ի վեր ասիկա Իսրայէլի մէջ իբր կանոն եւ 9դատավճիռ դրաւ, ու կը կենայ մինչեւ այսօր։

26

Դաւիթ Սիկելակ հասաւ, եւ այդ աւարէն ղրկեց Յուդայի երէցներուն՝ իր բարեկամներուն, ըսելով. «Ահա՛ ձեզի 10ընծայ մը կը ղրկեմ Տէրոջ թշնամիներուն աւարէն»։

27

Այսինքն ղրկեց Բեթէլի մէջ եղողներուն, հարաւային Ռամովթի մէջ եղողներուն, Յաթիրի մէջ եղողներուն,

28

Արոէրի մէջ եղողներուն, Սեփամովթի մէջ եղողներուն, Եսթեմովի մէջ եղողներուն,

29

Րաքալի մէջ եղողներուն, Յերամելացիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Կենեցիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն,

30

Հորմայի մէջ եղողներուն, Քովրասանի մէջ եղողներուն, Աթաքի մէջ եղողներուն,

31

Քեբրոնի մէջ եղողներուն, եւ այն բոլոր տեղերը՝ ուր 11Դաւիթ շրջեր էր՝՝, ինք եւ իր մարդիկը։



1 Եբր.՝ անձը
2 Եբր.՝ տօն կը կատարէին
3 Կամ՝ հետեւեալ օրուան այգաբացէն մինչեւ իրիկունը
4 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
5 Եբր.՝ Բելիարի
6 Եբր.՝ տանի
7 Եբր.՝ չընէք
8 Եբր.՝ իջնողին
9 Կամ՝ սովորութիւն
10 Եբր.՝ օրհնութիւն
11 Եբր.՝ Դաւիթի ոտքերը քալեր էին