Loading...

1 Samuel 31

Ruth  «  1 Samuel 30  ‹  1 Samuel 31  ›  2 Samuel 1  »  2 Samuel


ՍԱՒՈՒՂԻ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՀԸ

1

Փղշտացիները Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։ Իսրայելացիները Փղշտացիներուն առջեւէն փախան, ու Գեղբուէ լերան վրայ խոցուած ինկան։

2

Փղշտացիները Սաւուղի եւ անոր որդիներուն ետեւէն հասան, ու Փղշտացիները Սաւուղի որդիները՝ Յովնաթանը, Աբինադաբն ու Մեղքիսաւէն զարկին։

3

Պատերազմը Սաւուղի վրայ հետզհետէ սաստկացաւ, աղեղնաւորները զայն գտան, եւ աղեղնաւորներէն 1սաստիկ վիրաւորուեցաւ՝՝։

4

Սաւուղ իր զինակիրին ըսաւ. «Սո՛ւրդ քաշէ եւ անով զի՛ս խոցէ, որ այս անթլփատները չգան, զիս չխոցեն ու զիս չանպատուեն»։ Բայց զինակիրը չուզեց, քանի որ շատ վախցաւ. ուստի Սաւուղ սուրը առաւ եւ անոր վրայ ինկաւ։

5

Անոր զինակիրը Սաւուղի մեռնիլը տեսնելով՝ ի՛նք ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու անոր հետ մեռաւ։

6

Սաւուղ, անոր երեք որդիներ, անոր զինակիրը եւ անոր բոլոր մարդիկը՝ նոյն օրը միասին մեռան։

7

Հովիտին միւս կողմը եւ Յորդանանի միւս կողմը եղող Իսրայելացիները, տեսնելով Իսրայելացիներուն փախչիլն ու Սաւուղի եւ անոր որդիներուն մեռնիլը, իրենց քաղաքները լքեցին ու փախան։ Փղշտացիներն ալ եկան եւ անոնց մէջ բնակեցան։

8

Հետեւեալ օրը Փղշտացիները եկան՝ որ սպաննուածները մերկացնեն, ու Սաւուղը եւ անոր երեք որդիները Գեղբուէ լերան վրայ ինկած գտան։

9

Ուստի անոր գլուխը կտրեցին, անոր վրայի զէնքերը 2հանեցին, ու Փղշտացիներու երկրին 3չորս կողմը՝՝ մարդ ղրկեցին՝ այս բաները աւետելու իրենց կռատուններուն մէջ եւ ժողովուրդին։

10

Անոր զէնքերը Աստարովթի տունը դրին, իսկ անոր մարմինը Բեթսանի 4պարիսպէն կախեցին՝՝։

11

Երբ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղի ըրեր էին,

12

բոլոր կտրիճ մարդիկը կանգնեցան, ամբողջ գիշերը գացին, Բեթսանի պարիսպէն առին Սաւուղի մարմինը եւ անոր որդիներուն մարմինները, ու Յաբիս հասնելով՝ զանոնք հոն այրեցին։

13

Յետոյ անոնց ոսկորները առին եւ Յաբիսի մէջ՝ 5ծառին տակ թաղեցին, ու եօթը օր ծոմ պահեցին։



1 Կամ՝ չափազանց վախցաւ
2 Եբր.՝ մերկացուցին
3 Եբր.՝ շուրջը
4 Եբր.՝ պարիսպին գամեցին
5 Կամ՝ մոշենիին