Loading...

2 Chronicles 1

1 Chronicles  «  1 Chronicles 29  ‹  2 Chronicles 1  ›  2 Chronicles 2  »  Ezra


ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ (Գ. Թագ. 3. 1-15)

1

Դաւիթի որդին՝ Սողոմոն իր թագաւորութեան մէջ ուժովցաւ. 1Տէրը՝ իր Աստուածը իրեն հետ էր, ու զինք չափազանց մեծցուց։

2

Սողոմոն խօսեցաւ ամբողջ Իսրայէլի.— հազարապետներուն, հարիւրապետներուն, դատաւորներուն, եւ ամբողջ Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն, այսինքն՝ 2նահապետներուն։

3

Ապա Սողոմոն ամբողջ համախմբումին հետ Գաբաւոնի բարձր տեղը գնաց, որովհետեւ հոն էր Աստուծոյ Հանդիպումի վրանը, որ Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս անապատին մէջ շիներ էր։

4

(Սակայն Դաւիթ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն իր պատրաստած տեղը բարձրացուցեր էր, քանի որ Երուսաղէմի մէջ վրան մը լարած էր անոր համար։)

5

Իսկ Ովրեան Ուրիի որդիին՝ Բեսելիէլի շինած պղինձէ զոհասեղանը հոն էր, Տէրոջ խորանին առջեւ. Սողոմոն ու համախմբումը 3զայն փնտռեցին՝՝։

6

Սողոմոն հոն՝ Տէրոջ առջեւ՝ Հանդիպումի վրանին պղինձէ զոհասեղանին 4քով բարձրացաւ՝՝, եւ անոր վրայ հազար ողջակէզ զոհեց։

7

Այդ գիշերը Աստուած Սողոմոնի երեւցաւ ու ըսաւ. «5Բա՛ն մը խնդրէ՝ որ քեզի տամ՝՝»։

8

Սողոմոն Աստուծոյ ըսաւ. «Դուն իմ հօրս՝ Դաւիթի հետ մեծ կարեկցութեամբ վարուեցար, եւ զիս անոր տեղ թագաւոր նշանակեցիր։

9

Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, իմ հօրս՝ Դաւիթի ըրած խոստումդ թող հաստատուի, քանի դուն զիս երկրի 6հողին չափ շատ ժողովուրդի վրայ թագաւոր նշանակեցիր։

10

Հիմա ինծի իմաստութի՛ւն ու գիտութի՛ւն տուր, որպէսզի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ եւ մտնեմ. արդարեւ այս մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։

11

Աստուած ալ Սողոմոնի ըսաւ. «Քանի ասիկա 7փափաքեցար, ու հարստութիւն, գոյք, փառք, եւ 8ոսոխներուդ կեանքը չխնդրեցիր, ու երկար օրեր ալ չխնդրեցիր, հապա քեզի համար իմաստութիւն եւ գիտութիւն խնդրեցիր, որպէսզի դատես իմ ժողովուրդս՝ որուն վրայ քեզ թագաւոր նշանակեցի,

12

քեզի իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի տրուին. հարստութիւն, գոյք եւ փառք ալ պիտի տամ քեզի, այնպէս որ քեզմէ առաջ եղած թագաւորներէն ո՛չ մէկը նմանը ունեցած է, ու քեզմէ ետք եկողներն ալ նմանը պիտի չունենան»։

13

Սողոմոն Գաբաւոնի բարձր տեղէն՝ Հանդիպումի վրանին առջեւէն Երուսաղէմ վերադարձաւ, եւ Իսրայէլի վրայ թագաւորեց։


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ (Գ. Թագ. 10. 26-29)

14

Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց. ան հազար չորս հարիւր կառք եւ տասներկու հազար ձիաւոր ունէր։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմ՝ թագաւորին քով տեղաւորեց։

15

Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը եւ ոսկին քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ, ու մայրիի փայտը դաշտագետինի մէջ եղող ժանտաթզենիներուն չափ առատ ըրաւ։

16

Սողոմոնի ձիերը Եգիպտոսէն կու գային. թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշ գինով մը ձիերու երամակներ կը գնէր։

17

Եգիպտոսէն կառք մը 9կ’արտածուէր վեց հարիւր սիկղ արծաթի, իսկ ձի մը՝ հարիւր յիսուն սիկղ արծաթի. Քետացիներու բոլոր թագաւորներուն համար, եւ Սուրիայի թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով այդպէս կ’արտածուէին։



1 Եբր.՝ Եհովան
2 Այսինքն՝ հայրերու գլխաւորներուն
3 Կամ՝ անոր խորհուրդ հարցուցին
4 Կամ՝ վրայ մատուցանեց
5 Եբր.՝ Խնդրէ՛ ինչ որ քեզի պիտի տամ
6 Կամ՝ փոշին
7 Եբր.՝ սիրտիդ մէջ եղաւ
8 Եբր.՝ քեզ ատողներուն
9 Եբր.՝ կը բարձրանար եւ դուրս կ՛ելլէր