Loading...

2 Chronicles 2

1 Chronicles  «  2 Chronicles 1  ‹  2 Chronicles 2  ›  2 Chronicles 3  »  Ezra


ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ (Գ. Թագ. 5. 1-18)

1

Սողոմոն հրամայեց Տէրոջ անունին տուն մը կառուցանել, նաեւ տուն մը՝ իր թագաւորութեան համար։

2

Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը քար տաշող ութսուն հազար մարդ 1ընտրեց, եւ անոնց վրայ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու նշանակեց։

3

Սողոմոն Տիւրոսի Քիրամ թագաւորին մարդ ղրկեց, ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ հօրս՝ Դաւիթի մայրիի փայտեր ղրկեցիր, որպէսզի իրեն տուն մը կառուցանէ՝ մէջը բնակելու համար, նոյնպէս ղրկէ ինծի։

4

Ահա՛ ես Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս անունին տուն մը կը կառուցանեմ, որպէսզի անոր 2ընծայուի, եւ անոր առջեւ անուշաբոյր խունկ ծխուի, 3առաջադրութեան մշտատեւ հացը դրուի, ու ողջակէզներ մատուցանուին առտու եւ իրիկուն, Շաբաթ օրերը, 4ամսագլուխները, ու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն հանդիսաւոր տօներուն. ասիկա Իսրայէլի մէջ յաւիտենական կանոն է։

5

Այն տունը որ ես կը կառուցանեմ՝ մեծ ըլլալու է, որովհետեւ մեր Աստուածը բոլոր աստուածներէն մեծ է։

6

Ո՞վ կարող է անոր տուն կառուցանել, քանի երկինքը, նոյնիսկ երկինքներուն երկինքը զայն չեն կրնար պարունակել։ Ուրեմն ես ո՞վ եմ, որ անոր տուն կառուցանեմ. միայն անոր առջեւ խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ։

7

Ուստի հիմա ինծի 5վարպետ մարդ մը ղրկէ, որ գիտնայ ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, 6ծիրանի, 7կապուտակ, բեհեզ եւ 8բոսոր կարմիր՝՝ գործածել, ու ճարտար 9փորագրիչ ըլլայ, որպէսզի իմ քովս՝ Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող վարպետներուն հետ գործէ, որոնք իմ հայրս՝ Դաւիթ պատրաստած է։

8

Ինծի Լիբանանէն մայրիի՛ փայտեր, եղեւնափայտեր՛, եւ ալմուկի՛ փայտեր ղրկէ. արդարեւ գիտեմ թէ քու ծառաներդ ճարտար ծառ կտրող են Լիբանանի մէջ։ Ահա՛ իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ պիտի ըլլան,

9

որպէսզի ինծի առատ փայտ պատրաստեն. որովհետեւ իմ կառուցանած տունս մեծ եւ սքանչելի ըլլալու է։

10

Ահա՛ ես քու ծառաներուդ՝ ծառերը կտրող փայտահատներուն՝ քսան հազար քոռ ծեծուած ցորեն, քսան հազար քոռ գարի, քսան հազար մար գինի, ու քսան հազար մար իւղ պիտի տամ»։

11

Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը սա՛ պատասխանը գրեց Սողոմոնի, եւ զայն ղրկեց. «Տէրը իր ժողովուրդը սիրելուն համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր կարգեց»։

12

Նաեւ Քիրամ ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ երկինքն ու երկիրը 10ստեղծող Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որ Դաւիթ թագաւորին ուշիմութիւն եւ խելք 11ունեցող իմաստուն որդի մը տուաւ, որպէսզի Տէրոջ տուն մը կառուցանէ, նաեւ տուն մը՝ իր թագաւորութեան համար։

13

Հիմա իմ 12վարպետս՝ Քիրամը կը ղրկեմ, իմաստուն մարդ մը, խելք ունեցող։

14

Ան Դանի աղջիկներէն եղող կնոջ մը որդին է, եւ իր հայրը Տիւրացի է։ Ան գիտէ ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, ծիրանի, կապուտակ, բեհեզ եւ բոսոր կարմիր գործածել. նաեւ գիտէ ամէն տեսակ 13փորագրութիւն կատարել՝՝, եւ իրեն 14առաջարկուած ամէն ծրագիր գործադրել՝՝ քու վարպետներուդ հետ, ու հօրդ՝ Դաւիթի — իմ տիրոջս — վարպետներուն հետ։

15

Ուստի հիմա իմ տէրս իր ծառաներուն թող ղրկէ ցորենը, գարին, իւղն ու գինին, որոնց մասին խօսեցաւ։

16

Մենք ալ Լիբանանի մէջ ծառեր պիտի կտրենք՝ այնչափ որ քեզի հարկաւոր ըլլայ, եւ լաստեր շինելով՝ զանոնք ծովէն քեզի պիտի բերենք՝ Յոպպէ. իսկ դուն զանոնք Երուսաղէ՛մ բարձրացուր»։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ (Գ. Թագ. 6. 1-38)

17

Սողոմոն Իսրայէլի երկրին մէջ եղող բոլոր գաղթականները հաշուեց, իր հօր՝ Դաւիթի 15մարդահամարէն ետք. անոնցմէ հարիւր յիսուներեք հազար վեց հարիւր անձ գտնուեցաւ։

18

Իրենցմէ եօթանասուն հազարը բեռնակիր ըրաւ, ութսուն հազարը՝ լեռը քար տաշող, եւ այս ժողովուրդը աշխատցնելու համար՝ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու նշանակեց։



1 Եբր.՝ հաշուեց
2 Եբր.՝ սրբացուի
3 Եբր.՝ կարգով դրուած
4 Եբր.՝ նոր լուսինները
5 Եբր.՝ իմաստուն
6 Այսինքն՝ ծիրանիով ներկուած կերպաս
7 Այսինքն՝ կապուտակով ներկուած կերպաս
8 Այսինքն՝ բոսոր կարմիրով ներկուած կերպաս
9 Կամ՝ քանդակագործ
10 Եբր.՝ ընող
11 Եբր.՝ գիտցող
12 Եբր.՝ հայրս
13 Կամ՝ քանդակ քանդակել
14 Եբր.՝ տրուած ամէն հնարք հնարել
15 Եբր.՝ հաշուած հաշիւէն