2 Chronicles 3
1 Chronicles « 2 Chronicles 2 ‹ 2 Chronicles 3 › 2 Chronicles 4 » Ezra
1
Սողոմոն սկսաւ Տէրոջ տունը կառուցանել Երուսաղէմի մէջ, Մորիա լերան վրայ, ուր Տէրը անոր հօր՝ Դաւիթի երեւցեր էր, այն տեղը՝ որ Դաւիթ Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ պատրաստեր էր։
2Իր թագաւորութեան չորրորդ տարին, երկրորդ ամսուան երկրորդ օրը սկսաւ զայն կառուցանել։
3Ահա՛ւասիկ Աստուծոյ տունը կառուցանելու համար Սողոմոնի դրած հիմը.— երկայնքը վաթսուն կանգուն էր՝ առաջուան կանգունին չափով, իսկ լայնքը՝ քսան կանգուն։
4Ճակատի ներքնագաւիթին երկայնքը քսան կանգուն էր՝ տան լայնքով, ու բարձրութիւնը՝ հարիւր քսան կանգուն. զայն ներսէն մաքուր ոսկիով պատեց։
5Մեծ տունը եղեւնափայտով ծածկեց, զայն մաքուր ոսկիով պատեց, եւ անոր վրայ արմաւենիներ ու շղթաներ 1փորագրեց։
6Շքեղութեան համար տունը պատուական քարերով զարդարեց. ոսկին՝ Փարուիմի ոսկի էր։
7Տան գերանները, սեմերը, պատերն ու դռները ոսկիով պատեց. պատերուն վրայ քերովբէներ քանդակեց։
8Սրբութիւններու սրբութեան տունը շինեց. անոր երկայնքը քսան կանգուն էր՝ տան լայնքով, ու լայնքը՝ քսան կանգուն. զայն վեց հարիւր տաղանդի չափ մաքուր ոսկիով պատեց։
9Գամերուն կշիռը յիսուն սիկղ ոսկի էր։ Վերնատունները ոսկիով պատեց։
10Սրբութիւններու սրբութեան տան մէջ երկու քանդակուած քերովբէ շինեց, ու զանոնք ոսկիով պատեց։
11Քերովբէներուն թեւերը քսան կանգուն երկայնք ունէին։ Մէկ թեւը հինգ կանգուն էր, եւ տան պատին կը դպչէր. միւս թեւն ալ հինգ կանգուն էր, ու միւս քերովբէին թեւին կը դպչէր։
12Միւս քերովբէին ալ մէկ թեւը հինգ կանգուն էր եւ տան պատին կը դպչէր, ու միւս թեւը հինգ կանգուն էր եւ միւս քերովբէին թեւին կը յարէր։
13Այս քերովբէներուն տարածուած թեւերուն երկայնքը քսան կանգուն էր։ Անոնք իրենց ոտքերուն վրայ կայնած էին, եւ անոնց երեսը դէպի 2տունը կը նայէր։
14Վարագոյրը կապուտակէ, ծիրանիէ, բոսոր կարմիրէ ու բեհեզէ շինեց, եւ անոր վրայ քերովբէներ 3գործեց։
ԵՐԿՈՒ ՊՂԻՆՁԷ ՍԻՒՆԵՐԸ (Գ. Թագ. 7. 15-22)
15Տան առջեւ երեսունհինգ կանգուն 4բարձրութեամբ երկու սիւն շինեց. անոնց գագաթը եղող խոյակը հինգ կանգուն էր։
165Դաբիրին մէջի շղթաներուն պէս շղթաներ շինեց, ու սիւներուն գագաթը դրաւ. նաեւ հարիւր նուռ շինեց ու շղթաներուն 6անցուց։
17Սիւները տաճարին առջեւ կանգնեցուց, մէկը աջ կողմէն եւ միւսը ձախ կողմէն. աջ կողմը եղողին անունը Յաքին կոչեց, ու ձախ կողմը եղողին անունը՝ Բոոզ։