Loading...

2 Chronicles 4

1 Chronicles  «  2 Chronicles 3  ‹  2 Chronicles 4  ›  2 Chronicles 5  »  Ezra


ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ (Գ. Թագ. 7. 23-51)

1

Պղինձէ զոհասեղան մըն ալ շինեց. երկայնքը քսան կանգուն էր, լայնքը՝ քսան կանգուն, ու բարձրութիւնը՝ տասը կանգուն։

2

Ձուլածոյ ծովը շինեց, որուն մէկ 1եզերքէն մինչեւ միւս եզերքը տասը կանգուն էր, ու բոլորովին կլոր էր։ Անոր բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր, եւ 2շրջագիծը՝ երեսուն կանգուն՝՝։

3

Անոր տակ՝ բոլորաձեւ շարուած՝ եզներու նմանութիւններ կային որ զայն կը շրջապատէին, տասը եզ՝ մէկ կանգունի մէջ. ծովը բոլորաձեւ կը շրջապատէին։ Եզները երկու կարգի վրայ ձուլուեր էին, ծովին ձուլուած ատենը։

4

Ան տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը դէպի հիւսիս կը նայէին, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ, ու երեքը՝ դէպի արեւելք։ Ծովը անոնց վրայ դրուած էր, եւ բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր։

5

Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր, ու եզերքը բաժակի եզերքին պէս շինուած էր՝ շուշանի ծաղիկներով։ Ան երեք հազար մար 3կը պարունակէր՝՝։

6

Տասը աւազան շինեց. հինգը աջ կողմը դրաւ, հինգն ալ՝ ձախ կողմը, լուացումի համար։ 4Ողջակէզները անոնց մէջ կը լուային, իսկ ծովը քահանաներուն համար էր, որպէսզի հոն լուացուին։

7

Տասը ոսկիէ աշտանակներ շինեց՝ իրենց կանոնին համաձայն, ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ, հինգը՝ աջ կողմը, եւ հինգը՝ ձախ կողմը։

8

Տասը սեղան ալ շինեց, ու զանոնք տաճարին մէջ տեղաւորեց, հինգը՝ աջ կողմը, եւ հինգը՝ ձախ կողմը։ Նաեւ հարիւր ոսկիէ կոնք շինեց։

9

Քահանաներուն գաւիթը շինեց, նաեւ մեծ նախագաւիթն ու նախագաւիթին դռները, եւ անոնց փեղկերը պղինձով պատեց։

10

Ծովը աջ կողմը դրաւ, դէպի հարաւ-արեւելք։

11

Քիրամ կաթսաները, թիակներն ու կոնքերը շինեց։ Այսպէս՝ Քիրամ աւարտեց այն գործը, որ Աստուծոյ տան համար Սողոմոն թագաւորին կը կատարէր.

12

այսինքն՝ երկու սիւները, 5գունտերը, երկու սիւներուն գագաթը եղող խոյակները, սիւներուն գագաթը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկող երկու ցանցակերպ զարդերը,

13

ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռերը — երկու կարգ նուռ մէկ ցանցակերպ զարդի վրայ — սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար։

14

Նաեւ մեքենովթները շինեց. մեքենովթներուն վրայ աւազաններն ալ շինեց։

15

Միակ ծովը եւ անոր տակի տասներկու եզները,

16

կաթսաները, թիակներն ու 6մսահանները եւ անոնց՝՝ բոլոր առարկաները՝ փայլուն պղինձէ շինեց Քիրամ վարպետը Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջ տան համար։

17

Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ՝ 7թանձր հողի մը վրայ՝՝ ձուլել տուաւ, Սոկքովթի ու 8Սարեդայի մէջտեղ։

18

Սողոմոն այս բոլոր առարկաները յոյժ առատութեամբ շինեց, այնպէս որ պղինձին կշիռը 9չփնտռուեցաւ։

19

Սողոմոն շինեց նաեւ Աստուծոյ տան բոլոր առարկաները.— խունկին ոսկի զոհասեղանը եւ այն սեղանները՝ որոնց վրայ առաջադրութեան հացը կը դրուէր.

20

մաքուր ոսկիէ աշտանակներն ու անոնց ճրագները, դաբիրին առջեւ վառելու համար՝ կանոնին համաձայն.

21

ոսկիէ —10զուտ ոսկիէ — ծաղիկները, ճրագները եւ ունելիները.

22

մաքուր ոսկիէ բազմակալները, կոնքերը, խնկամաններն ու բուրվառներ։ Տան դռներն ալ — անոր ներքին դրան փեղկերը՝ Սրբութիւններու սրբութիւնը մտնելու համար, եւ տան դրան փեղկերը՝ տաճարը մտնելու համար — ոսկիէ շինեց։



1 Եբր.՝ շրթունքէն
2 Եբր.՝ երեսուն կանգուն երկար լար մը զայն կը շրջապատէր
3 Եբր.՝ կ’առնէր եւ կը պարունակէր
4 Եբր.՝ Ողջակէզի մատուցանուածները
5 Այսինքն՝ խոյօղերը
6 Կամ՝ մսահանները, այս
7 Կամ՝ հողին թանձրութեան մէջ
8 Կամ՝ Սարթանի
9 Եբր.՝ չհետազօտուեցաւ
10 Եբր.՝ կատարեալ