Loading...

2 Chronicles 5

1 Chronicles  «  2 Chronicles 4  ‹  2 Chronicles 5  ›  2 Chronicles 6  »  Ezra


1

Երբ Տէրոջ տան համար Սողոմոնի կատարած ամբողջ գործը աւարտեցաւ, Սողոմոն իր հօր՝ Դաւիթի 1սուրբ բաները՝՝ — արծաթը, ոսկին ու բոլոր առարկաները — տարաւ եւ Աստուծոյ տան գանձարանին մէջ դրաւ։


ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ ՏԱՃԱՐ (Գ. Թագ. 8. 1-9)

2

Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց Իսրայէլի երէցներն ու բոլոր տոհմապետները — Իսրայէլի որդիներուն 2նահապետները —, որպէսզի Տէրոջ ուխտին տապանակը բարձրացնեն Դաւիթի քաղաքէն, այսինքն՝ Սիոնէն։

3

Իսրայէլի բոլոր մարդիկը թագաւորին քով հաւաքուեցան եօթներորդ ամսուան տօնին ատենը։

4

Իսրայէլի բոլոր երէցները եկան, ու Ղեւտացիները տապանակը կրեցին։

5

Տապանակը, Հանդիպումի վրանը եւ վրանին մէջ եղած բոլոր սուրբ առարկաները բարձրացուցին. քահանաներն ու Ղեւտացիները զանոնք բարձրացուցին։

6

Սողոմոն թագաւորը եւ անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի ամբողջ համայնքը՝ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ եւ արջառներ զոհեցին, որոնք շատութենէն չէին հաշուուեր ու չէին համրուեր։

7

Քահանաները Տէրոջ ուխտին տապանակը ներս տարին՝ իր տեղը, տան դաբիրը, Սրբութիւններու սրբութիւնը, եւ քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին։

8

Քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին. քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։

9

Ձողերը երկարեցին, այնպէս որ ձողերուն ծայրերը դաբիրին առջեւ եղող տապանակէն կը տեսնուէին, բայց դուրսէն չէին տեսնուեր. անոնք մինչեւ այսօր հոն են։

10

Տապանակին մէջ ոչինչ կար, բացի այն երկու տախտակներէն՝ որ Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, երբ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ ուխտ կնքեց՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը։


ՏԷՐՈՋ ՓԱՌՔԸ

11

Երբ քահանաները սուրբ տեղէն ելան, (արդարեւ հոն գտնուող բոլոր քահանաները սրբացած էին, առանց իրենց դասերուն ուշադիր ըլլալու,)

12

բոլոր երգող Ղեւտացիները՝ Ասափի, Եմանի ու Իդիթունի, եւ անոնց որդիներուն ու եղբայրներուն հետ, բեհեզներ հագած՝ ծնծղաներով, տաւիղներով եւ քնարներով զոհասեղանին արեւելեան կողմը կայնեցան. անոնց հետ հարիւր քսան քահանաներ փող կը հնչեցնէին։

13

Փող հնչեցնողներն ու երգողները՝ միաբերան՝ մէկ ձայնով Տէրը կը գովաբանէին եւ իրմէ շնորհակալ կ’ըլլային։ Երբ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով Տէրը կը գովաբանէին՝ իրենց ձայները բարձրացնելով եւ ըսելով. «Ներբողեցէ՛ք Տէրը, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է», Տէրոջ տունը ամպով լեցուեցաւ.

14

ամպին 3պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ՝ որպէսզի իրենց պաշտօնը կատարեն, որովհետեւ Տէրոջ փառքը Աստուծոյ տունը լեցուցած էր։



1 Եբր.՝ սրբացուցածները
2 Եբր.՝ հայրերուն իշխանները
3 Եբր.՝ երեսէն