2 Chronicles 6
1 Chronicles « 2 Chronicles 5 ‹ 2 Chronicles 6 › 2 Chronicles 7 » Ezra
ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ (Գ. Թագ. 8. 12-21)
1Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։
2Բայց ես քեզի տուն մը կառուցանեցի՝ բնակութեան համար, վայր մը՝ ուր յաւիտեան կենաս»։
3Ապա թագաւորը իր երեսը դարձուց եւ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումը օրհնեց, մինչ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումը ոտքի վրայ կայնած էր
4Ան ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որ իր բերանով իմ հօրս՝ Դաւիթի խօսեցաւ ու իր ձեռքով խոստումը 1իրագործեց, որովհետեւ ըսաւ.
5“Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս ի վեր՝ Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն մէջէն ո՛չ մէկ քաղաք ընտրեցի՝ տուն մը կառուցանելու համար, որպէսզի անունս հոն ըլլայ. ու մարդ մը չընտրեցի, որպէսզի իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ ըլլայ։
6Բայց Երուսաղէմը ընտրեցի՝ որպէսզի անունս հոն ըլլայ, եւ Դաւիթը ընտրեցի, որպէսզի իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ”։
7Իմ հայրս՝ Դաւիթ 2կը մտածէր՝՝ որ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունին տուն մը կառուցանէ։
8Բայց Տէրը իմ հօրս՝ Դաւիթի ըսաւ. “Քանի դուն մտածեցիր որ իմ անունիս տուն կառուցանես, լաւ ըրիր՝ այդպէս մտածելով։
9Սակայն տունը դուն պիտի չկառուցանես, հապա քու որդիդ՝ որ մէջքէդ պիտի ելլէ. անիկա՛ իմ անունիս տունը պիտի կառուցանէ”։
10Ահա՛ Տէրը իր ըսած խօսքը իրագործեց. ես իմ հօրս՝ Դաւիթի 3յաջորդեցի, Տէրոջ խոստումին համաձայն Իսրայէլի գահին վրայ բազմեցայ, եւ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունին այս տունը կառուցանեցի.
11հոն դրի տապանակը, որուն մէջ է Տէրոջ ուխտը՝ որ Իսրայէլի որդիներուն հետ կնքեց»։
ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԱՂՕԹՔԸ (Գ. Թագ. 8. 22-53)
12Ապա Տէրոջ զոհասեղանին առջեւ կայնեցաւ, Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին դիմաց, ձեռքերը տարածեց,
13(արդարեւ Սողոմոն պղինձէ բեմ մը շինելով՝ զայն նախագաւիթին մէջտեղը դրած էր. անոր երկայնքը հինգ կանգուն էր, լայնքը՝ հինգ կանգուն, ու բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն. ինք անոր վրայ կեցաւ, Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին առջեւ ծնրադրեց, ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց,)
14եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, երկինքի մէջ ու երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց ամբողջ սիրտով ընթացող ծառաներուդ հետ ուխտ ու կարեկցութիւն կը պահես։
15Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս՝ Դաւիթի խոստացածդ պահեցիր, եւ բերանովդ խօսածդ ձեռքովդ իրագործեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։
16Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, պահէ՛ քու ծառայիդ, իմ հօրս՝ Դաւիթի խոստացածդ, երբ ըսիր. “Իմ առջեւս՝ Իսրայէլի գահին վրայ բազմող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն ուշադիր ըլլան, եւ իմ Օրէնքիս մէջ ընթանան՝ ինչպէս դուն իմ առջեւս ընթացար”։
17Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, քու ծառայիդ՝ Դաւիթի ըսած խօսքդ թող հաստատուի։
18«Բայց միթէ Աստուած ի՞րապէս երկրի վրայ՝ մարդոց հետ պիտի բնակի։ Ահա՛ երկինքը, ու երկինքներուն երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. 4ո՞ւր կը մնայ՝՝ այս իմ կառուցանած տունս։
19Սակայն ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, 5ուշադրութի՛ւն դարձուր քու ծառայիդ աղօթքին եւ անոր աղաչանքին, ու լսէ՛ ծառայիդ 6պաղատանքը եւ այսօր քու առջեւդ 7մատուցանած աղօթքը։
20Այս տան վրայ ցերեկ ու գիշեր քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որուն համար ըսիր թէ քու անունդ հոն պիտի դնես, որպէսզի այս տեղը քու ծառայիդ մատուցանած աղօթքը լսես։
21Ուրեմն լսէ՛ քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի աղաչանքը, երբ այս տեղը աղօթեն։ Այո՛, լսէ՛ քու բնակութեանդ տեղէն՝ երկինքէն, լսէ՛ ու ներէ՛։
22«Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ, եւ իրեն անէծքով երդում ըպարտադրուի, ու թերդումին համար՝՝ այս տունը՝ քու զոհասեղանիդ առջեւ գայ,
23դուն երկինքէն լսէ՛, կատարէ՛ ու դատէ՛ քու ծառաներդ. ամբարիշտը դատապարտէ՛ եւ անոր ժարարքին պատիժը բե՛ր իր վրայ՝՝, իսկ արդարին իրաւունքը պաշտպանէ՛ ու անոր հատուցանէ՛ իր արդարութեան համեմատ։
24«Երբ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլ, քեզի դէմ մեղանչելուն համար՝ թշնամիէն պարտուի, եթէ քեզի վերադառնայ, քու անունդ ներբողէ, այս տան մէջ քեզի աղօթէ եւ աղաչէ,
25դուն երկինքէն լսէ՛, քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛, ու զանոնք վերադարձո՛ւր այն իերկիրը՝ որ անոնց եւ անոնց հայրերուն տուիր։
26«Երբ երկինքը գոցուի եւ չանձրեւէ՝ անոնց քեզի դէմ մեղանչելուն համար, եթէ անոնք այս տեղը քեզի աղօթեն, քու անունդ ներբողեն ու զանոնք տառապեցնելուդ համար իրենց մեղքերէն հեռանան,
27դուն երկինքէն լսէ՛, քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛,— անոնց սորվեցո՛ւր այն շիտակ ճամբան՝ որուն մէջէն ընթանալու են,— եւ անձրե՛ւ տուր այն երկրին՝ որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։
28«Երբ երկրի վրայ սով ըլլայ, կամ՝ ժանտախտ, կամ՝ խորշակահարութիւն, արմտիքի դալուկ, մարախ, գրուիճ, երբ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց լբնակած երկրին մէջ պաշարեն, երբ որեւէ ախտ կամ հիւանդութիւն ըլլայ,
29եթէ քու ամբողջ ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն ոեւէ մարդ աղօթք մը եւ աղաչանք մը ընէ, եւ իւրաքանչիւրը իր ախտն ու կոտտանքը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը խերկարէ,
30դուն երկինքէն՝ քու բնակութեանդ վայրէն լսէ՛ ու ներէ՛, եւ իւրաքանչիւրին հատուցանէ՛ իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ, քանի անոր սիրտը կը ճանչնաս,— արդարեւ միա՛յն դուն մարդոց որդիներուն սիրտը կը ճանչնաս,—
31որպէսզի քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներէդ ընթանան՝ որքան ժամանակ որ պիտի ապրին այն հողին վրայ, որ մեր հայրերուն տուիր։
32«Քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող, եւ քու մեծ անունիդ, ուժեղ ձեռքիդ ու երկարած բազուկիդ համար՝ հեռաւոր երկրէ մը եկող օտարազգին ալ եթէ գայ եւ այս տան մէջ աղօթէ,
33դուն երկինքէն՝ քու բնակութեանդ վայրէն լսէ՛, եւ օտարազգիին քեզմէ հայցած ամէն ինչ իրագործէ՛, որպէսզի երկրի բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան, քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան, ու գիտնան թէ այս կառուցանած տունս քու անունովդ կոչուած է։
34«Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի ծերթայ այն ճամբայով՝ որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք քեզի աղօթեն՝ այս ընտրած քաղաքիդ եւ քու անունիդ համար այս կառուցանած տանս կողմը նայելով,
35երկինքէն անոնց աղօթքն ու աղաչանքը լսէ,՛ եւ անոնց իրաւունքը կպաշտպանէ՛։
36«Երբ քեզի դէմ մեղանչեն,— արդարեւ չմեղանչող մարդ չկայ,— ու անոնց դէմ բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես, եւ անոնց գերեվարները զիրենք հեռաւոր կամ մօտակայ երկիր մը գերի տանին,
37եթէ իրենց գերեվարութեան երկրին մէջ հմտածեն, քեզի վերադառնան, եւ իրենց գերութեան երկրին մէջ քեզի աղաչեն՝ ըսելով. “Մեղանչեցինք, անօրէնութիւն ըրինք ու ամբարիշտ եղանք”,
38եթէ անոնք իրենց գերութեան երկրին մէջ — ուր գերի տարուած են — իրենց ամբողջ սիրտով եւ իրենց ամբողջ անձով քեզի վերադառնան, ու աղօթեն իրենց երկրին — որ իրենց հայրերուն տուիր —, եւ ընտրած քաղաքիդ ու քու անունիդ համար կառուցանած տանս կողմը նայելով,
39դուն երկինքէն՝ քու բնակութեանդ վայրէն լսէ՛ անոնց աղօթքն ու աղաչանքը, եւ անոնց իրաւունքը պաշտպանէ՛, ու քեզի դէմ մեղանչող ժողովուրդիդ ներէ՛։
40Հիմա, ո՛վ իմ Աստուածս, կ’աղերսե՛մ, քու աչքերդ այս տեղը մատուցանուած աղօթքին թող բաց ըլլան, եւ քու ականջներդ՝ ուշադիր։
41Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, կանգնէ՛ ու մտի՛ր քու հանգստութեան վայրդ, դուն եւ քու զօրութեանդ տապանակը. ո՛վ Տէր Աստուած, քու քահանաներդ թող փրկութիւն հագնին, ու քու բարեպաշտներդ բարութեամբ ուրախանան։
42Ո՛վ Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեսը մի՛ ձմերժեր, հապա քու ծառայիդ՝ Դաւիթի ցոյց տուած կարեկցութիւններդ յիշէ՛»։