Loading...

2 Chronicles 7

1 Chronicles  «  2 Chronicles 6  ‹  2 Chronicles 7  ›  2 Chronicles 8  »  Ezra


ՏԱՃԱՐԻՆ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԸ (Գ. Թագ. 8. 62-66)

1

Երբ Սողոմոն իր աղօթքը աւարտեց, երկինքէն կրակ իջաւ եւ ողջակէզներն ու զոհերը սպառեց, եւ Տէրոջ փառքը տունը լեցուց։

2

Քահանաները չէին կրնար Տէրոջ տունը մտնել, որովհետեւ Տէրոջ փառքը Տէրոջ տունը լեցուցած էր։

3

Երբ Իսրայէլի բոլոր որդիները կրակին իջնելը եւ տան վրայ Տէրոջ փառքին հանգչիլը տեսան, իրենց դէմքը մինչեւ գետին ծռելով՝ սալայատակին վրայ երկրպագեցին, ու Տէրը ներբողեցին՝ ըսելով. «Որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է»։

4

Թագաւորը եւ ամբողջ ժողովուրդը Տէրոջ առջեւ զոհեր մատուցանեցին.

5

Սողոմոն թագաւորը քսաներկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար մատուցանեց իբր զոհ. այսպէս՝ թագաւորը եւ ամբողջ ժողովուրդը Աստուծոյ տան նաւակատիքը կատարեցին։

6

Քահանաները իրենց 1պաշտօնը կը կատարէին՝՝, Ղեւտացիներն ալ՝ Տէրոջ նուագարաններով. Դաւիթ թագաւորը շիներ էր զանոնք՝ Տէրը ներբողելու համար, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է. Դաւիթ անոնց 2միջոցով Տէրը կը գովաբանէր։ Քահանաները անոնց դիմաց փողեր կը հնչեցնէին, եւ ամբողջ Իսրայէլը ոտքի վրայ կայնած էր։

7

Սողոմոն Տէրոջ տան առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբացուց. արդարեւ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց, որովհետեւ Սողոմոնի շինած պղինձէ զոհասեղանը՝ ողջակէզները, հացի ընծաներն ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել։

8

Այն ատեն Սողոմոն եւ անոր հետ ամբողջ Իսրայէլը — շատ մեծ համախմբում մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի վտակը — եօթը օր տօն կատարեցին։

9

Ութերորդ օրը տօնախմբութիւն եղաւ, քանի որ եօթը օր զոհասեղանին նաւակատիքը կատարեցին, եօթը օր ալ՝ տօնը։

10

Եօթներորդ ամսուան քսաներեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց. անոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սիրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որ Տէրը Դաւիթի, Սողոմոնի, եւ իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի ըրեր էր։


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՐԿԻՆ Կ’ԵՐԵՒԻ ՍՈՂՈՄՈՆԻ (Գ. Թագ. 9. 1-9)

11

Այսպէս Սողոմոն Տէրոջ տունը եւ թագաւորին տունը աւարտեց. ամէն ինչ որ Սողոմոնի սիրտը 3ծրագրած էր շինել Տէրոջ տան մէջ ու իր տան մէջ, յաջողութեամբ գործադրեց։

12

Ապա Տէրը գիշերը Սողոմոնի երեւցաւ ու անոր ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի, եւ այս տեղը ընտրեցի՝ որ ինծի զոհի տուն ըլլայ։

13

Եթէ երկինքը գոցեմ՝ որպէսզի չանձրեւէ, ու եթէ մարախին պատուիրեմ՝ որ երկիրը ուտէ, կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ,

14

եւ իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս խոնարհի, աղօթէ, իմ երեսս խնդրէ ու իր չար ճամբաներէն հեռանայ, ես ալ երկինքէն պիտի լսեմ, անոնց մեղքը պիտի ներեմ, եւ անոնց երկիրը պիտի բուժեմ։

15

Հիմա իմ աչքերս այս տեղը մատուցանուած աղօթքին բաց պիտի ըլլան, եւ ականջներս՝ ուշադիր.

16

որովհետեւ հիմա այս տունը ընտրեցի ու սրբացուցի, որպէսզի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ. իմ աչքերս եւ սիրտս 4ընդմիշտ հոն պիտի ըլլան։

17

Իսկ դուն, եթէ իմ առջեւս ընթանաս ինչպէս քու հայրդ՝ Դաւիթ ընթացաւ, բոլոր քեզի պատուիրածներս գործադրես, եւ իմ կանոններս ու 5դատավճիռներս պահես,

18

քու թագաւորութեանդ գահը պիտի հաստատեմ, ինչպէս հօրդ՝ Դաւիթի հետ ուխտ կնքելով ըսի. “Իսրայէլը կառավարող մարդ պակաս պիտի չըլլայ քեզմէ”։

19

Բայց եթէ հեռանաք, ձեր առջեւ դրած կանոններս ու պատուիրաններս լքէք, հապա երթաք ուրիշ աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագէք,

20

6ձեզ պիտի խլեմ այն հողին վրայէն՝ որ 7ձեզի տուի. եւ այս տունը՝ որ իմ անունիս համար սրբացուցի՝ երեսէս պիտի 8ձգեմ, եւ զայն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի ընեմ։

21

Այս բարձր տան համար՝ անոր քովէն անցնողը պիտի ապշի ու պիտի ըսէ. “Տէրը ինչո՞ւ այս երկրին եւ այս տան այսպէս ըրաւ”։

22

Անոր պիտի պատասխանեն. “Որովհետեւ անոնք լքեցին Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր, եւ ուրիշ աստուածներու 9յարեցան, անոնց երկրպագեցին ու զանոնք պաշտեցին. այս պատճառով անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ”»։



1 Եբր.՝ պաշտօնին վրայ կայնած էին
2 Եբր.՝ ձեռքով
3 Եբր.՝ մտած
4 Եբր.՝ բոլոր օրերը
5 Կամ՝ սովորութիւններս
6 Եբր.՝ զանոնք
7 Եբր.՝ անոնց
8 Եբր.՝ վտարեմ
9 Եբր.՝ կառչեցան