Loading...

2 Chronicles 8

1 Chronicles  «  2 Chronicles 7  ‹  2 Chronicles 8  ›  2 Chronicles 9  »  Ezra


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (Գ. Թագ. 9. 10-28)

1

Սողոմոն քսան տարուան մէջ կառուցանեց Տէրոջ տունը եւ իր տունը։

2

Յետոյ Սողոմոն կառուցանեց այն քաղաքները՝ որ Քիրամ Սողոմոնի տուեր էր, ու հոն Իսրայէլի որդիները բնակեցուց։

3

Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց, եւ զայն գրաւեց։

4

Անապատին մէջ Թադմորը կառուցանեց, ու բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ որ Եմաթի երկրին մէջ կառուցանեց։

5

Վերին Բեթորոնը եւ Ստորին Բեթորոնը կառուցանեց — պարիսպներով, դռներով ու նիգերով 1ամրացած քաղաքներ.

6

նաեւ Բահաղէթը, Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքները, բոլոր կառքերուն քաղաքները, ձիաւորներուն քաղաքները, եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որ Սողոմոն 2ուզեց կառուցանել Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի մէջ, ու իր տէրութեան ամբողջ երկրին մէջ։

7

Այն բոլոր ժողովուրդները, որ Քետացիներէն, Ամորհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացած էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,

8

այսինքն անոնց զաւակները՝ որ անոնցմէ ետք այդ երկրին մէջ մնացած էին ու Իսրայէլի որդիները զանոնք 3բնաջնջած չէին, Սողոմոն զանոնք հարկատու ըրաւ մինչեւ այսօր։

9

Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիները իրեն ստրուկ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմիկները, իր զօրավարներուն վերահսկիչները, եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերահսկիչներն էին։

10

Սողոմոն թագաւորին վերակացուները երկու հարիւր յիսուն պետեր ունէին, որոնք ժողովուրդին վրայ կը տիրապետէին։

11

Սողոմոն Փարաւոնի աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն բարձրացուց անոր համար կառուցանած տունը, եւ ըսաւ. «Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին՝ Դաւիթի տունը պիտի չնստի, որովհետեւ Տէրոջ տապանակին մտած տեղերը սուրբ են»։

12

Այն ատեն Սողոմոն ներքնագաւիթին առջեւ կառուցանած Տէրոջ զոհասեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց Տէրոջ։

13

Մովսէսի պատուէրին համաձայն՝ օրական քանակը կը մատուցանէր Շաբաթ օրերը, ամսագլուխները, եւ հանդիսաւոր տօներուն՝ տարին երեք անգամ, այսինքն՝ Բաղարջակերքի տօնին, Շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարներու տօնին։

14

Իր հօր՝ Դաւիթի կանոնին համաձայն քահանաներուն դասերը 4նշանակեց իրենց պաշտօններուն վրայ, Ղեւտացիներն ալ՝ իրենց պահպանութիւններուն վրայ — քահանաներուն առջեւ գովաբանելու եւ պաշտօն կատարելու համար՝ ամէն օրուան հրամայուածին համեմատ —, նաեւ դռնապանները՝ իրենց դասերով, իւրաքանչիւր դուռի քով. արդարեւ ա՛յս էր Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթի պատուէրը։

15

Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար տրուած թագաւորին պատուէրէն չհեռացան՝ ո՛չ մէկ խնդիրով, կամ գանձարաններուն համար։

16

Սողոմոնի բոլոր գործերը 5կազմակերպուած էին, Տէրոջ տան հիմը դրուած օրէն մինչեւ անոր աւարտումը։ Այսպէս ամբողջացաւ Տէրոջ տունը։

17

Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոն-Գաբեր ու Ելաթ գնաց։

18

Քիրամ իր ծառաներուն 6միջոցով նաւեր եւ ծովու ճամբորդութեան 7հմուտ ծառաներ ղրկեց անոր, որոնք Սողոմոնի ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին, ու Սողոմոն թագաւորին բերին։



1 Եբր.՝ պատնէշով
2 Եբր.՝ հաւնեցաւ
3 Եբր.՝ սպառած
4 Եբր.՝ կայնեցուց
5 Եբր.՝ պատրաստուած
6 Եբր.՝ ձեռքով
7 Եբր.՝ գիտցող