Loading...

2 Chronicles 9

1 Chronicles  «  2 Chronicles 8  ‹  2 Chronicles 9  ›  2 Chronicles 10  »  Ezra


ՍԱԲԱՅԻ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ (Գ. Թագ. 10. 1-13)

1

Սաբայի թագուհին Սողոմոնի համբաւը լսեց, ու Սողոմոնը հանելուկներով փորձարկելու համար Երուսաղէմ հասաւ յոյժ շատ 1հետեւորդներով, բուրաւէտ համեմներ եւ շատ ոսկի ու պատուական քարեր կրող ուղտերով։ Երբ Սողոմոնի քով եկաւ, անոր հետ խօսեցաւ իր սիրտին մէջ եղած ամէն ինչի մասին։

2

Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց. Սողոմոնէն թաքնուած ո՛չ մէկ խօսք կար, որ չկարենար բացատրել անոր։

3

Երբ Սաբայի թագուհին տեսաւ Սողոմոնի իմաստութիւնը, անոր կառուցանած տունը,

4

անոր սեղանին ուտելիքները, անոր ծառաներուն 2բնակարանները, անոր սպասարկուներուն կեցուածքն ու անոնց հանդերձները, անոր մատռուակները եւ անոնց հանդերձները, նաեւ 3Տէրոջ տունը բարձրանալու ելնարանը՝՝, 4խելքը գլուխէն գնաց՝՝։

5

Ուստի թագաւորին ըսաւ. «Ուրեմն քու արարքներուդ եւ իմաստութեանդ մասին իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ էին։

6

Բայց ես այդ խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ, եւ ահա՛ քու իմաստութեանդ շատութեան կէ՛սը ինծի պատմուած չէր. դուն կը գերազանցես իմ լսած համբաւս։

7

Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս ծառաներուդ, որոնք շարունակ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։

8

Օրհնեա՜լ ըլլայ քու Աստուածդ՝ Եհովան, որ քեզի հաճեցաւ ու քեզ իր գահին վրայ դրաւ, որպէսզի Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ համար թագաւորես։ Քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն եւ զայն յաւիտեան կայունացնելու համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր կարգեց, որպէսզի իրաւունքը եւ արդարութիւնը կիրարկես»։

9

Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի, յոյժ շատ բուրաւէտ համեմներ ու պատուական քարեր տուաւ։ Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած բուրաւէտ համեմներուն նմանը չկար։

10

(Քիրամի ծառաներն ու Սողոմոնի ծառաները, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, ալմուկի փայտեր եւ պատուական քարեր ալ բերին։

11

Թագաւորը ալմուկի փայտէն աստիճաններ շինեց Տէրոջ տան ու թագաւորին տան համար, նաեւ քնարներ եւ տաւիղներ՝ երգողներուն համար։ Անոնց նմանը անկէ առաջ Յուդայի երկրին մէջ տեսնուած չէր։)


ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ (Գ. Թագ. 10. 14-25)

12

Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր 5ուզածները եւ խնդրածները տուաւ, այն բաներուն հատուցումէն զատ՝ որոնք ան թագաւորին բերած էր։ Յետոյ ան դարձաւ ու իր երկիրը գնաց, ինք եւ իր ծառաները։

13

Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնի եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունվեց տաղանդ ոսկի էր,

14

առեւտրականներուն եւ վաճառականներուն բերածէն զատ։ Արաբիայի բոլոր թագաւորներն ու երկրին կուսակալները ոսկի եւ արծաթ կը բերէին Սողոմոնի։

15

Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր ասպար շինեց. ամէն մէկ ասպարի համար վեց հարիւր սիկղ կռածոյ ոսկի 6գործածուեցաւ։

16

Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր վահան ալ շինեց. ամէն մէկ վահանի երեք հարիւր սիկղ ոսկի գործածուեցաւ։ Թագաւորը զանոնք Լիբանանի անտառին տունը դրաւ։

17

Թագաւորը փղոսկրէ մեծ գահ մը շինեց, ու մաքուր ոսկիով պատեց զայն։

18

Այս գահը վեց աստիճան ու ոսկիէ պատուանդան մը ունէր, որոնք գահին կից էին։ Նստելու տեղը՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն 7յենարաններ ունէր. յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։

19

Հոն՝ վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ո՛չ մէկ թագաւորութեան մէջ նոյնպիսի բան մը շինուած էր։

20

Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի անօթները ոսկիէ էին։ Լիբանանի անտառին տան բոլոր անօթները մաքուր ոսկիէ էին. արծաթէ չկար, որովհետեւ ան Սողոմոնի օրերը ոչինչ կը սեպուէր։

21

Արդարեւ թագաւորին նաւերը Քիրամի ծառաներուն հետ Թարսիս կ’երթային. Թարսիսի նաւերը երեք տարին անգամ մը կու գային՝ ոսկի, արծաթ, փղոսկր, նաեւ կապիկներ ու սիրամարգներ փոխադրելով։

22

Սողոմոն թագաւորը երկրի բոլոր թագաւորներէն աւելի մեծ եղաւ հարստութեամբ եւ իմաստութեամբ։

23

Երկրի բոլոր թագաւորները կը 8փափաքէին Սողոմոնի երեսը տեսնել ու անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սիրտին մէջ դրած էր։

24

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ընծան կը բերէր.— արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ, հանդերձներ, զէնքեր, բուրաւէտ համեմներ, ձիեր եւ ջորիներ. ամէն տարի՝ տարեկան քանակը։

25

Սողոմոն չորս հազար ախոռ ունէր՝ ձիերու եւ կառքերու համար, ու տասներկու հազար ձիաւոր. զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմ՝ թագաւորին քով տեղաւորեց։

26

Եփրատ գետէն մինչեւ Փղշտացիներուն երկիրը եւ մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր 9թագաւորներուն վրայ կը տիրէր՝՝։

27

Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ. նաեւ մայրիի փայտը դաշտագետինի մէջ եղող ժանտաթզենիներուն չափ առատ ըրաւ։

28

Սողոմոնի համար Եգիպտոսէն ու բոլոր երկիրներէն ձիեր կ’արտածուէին։


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ (Գ. Թագ. 11. 41-43)

29

Սողոմոնի մնացեալ արարքները, առաջիններն ու վերջինները, գրուած են Նաթան մարգարէին 10Գիրքին մէջ, Սիլոնացի Աքիայի Մարգարէութեան մէջ, եւ Նաբատեան Յերոբովամի մասին Ադդով տեսանողին արձանագրած Տեսիլքներուն մէջ։

30

Սողոմոն քառասուն տարի թագաւորեց ամբողջ Իսրայէլի վրայ՝ Երուսաղէմի մէջ։

31

Ապա Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զայն իր հօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ ոյժով
2 Կամ՝ նստուածքը
3 Կամ՝ Տէրոջ տան մէջ մատուցած ողջակէզները
4 Եբր.՝ վրան ա՛լ հոգի չեղաւ
5 Եբր.՝ բաղձանքը
6 Եբր.՝ հանուեցաւ
7 Եբր.՝ ձեռքեր
8 Եբր.՝ փնտռէին
9 Եբր.՝ թագաւորները կը կառավարէր
10 Եբր.՝ Արարքներուն, կամ՝ Խօսքերուն