Loading...

2 Chronicles 10

1 Chronicles  «  2 Chronicles 9  ‹  2 Chronicles 10  ›  2 Chronicles 11  »  Ezra


ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՏՈՀՄԵՐԸ Կ’ԱՊՍՏԱՄԲԻՆ (Գ. Թագ. 12. 1-20)

1

Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, քանի ամբողջ Իսրայէլը զինք թագաւոր հռչակելու համար Սիւքէմ գացեր էր։

2

Նաբատեան Յերոբովամ Եգիպտոս էր, ուր Սողոմոն թագաւորին 1ներկայութենէն փախած էր. երբ այս լուրը լսեց, Եգիպտոսէն վերադարձաւ։

3

Մարդ ղրկելով զինք կանչեցին, ու Յերոբովամ եւ ամբողջ Իսրայէլը եկան, Ռոբովամի հետ խօսեցան ու ըսին.

4

«Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց։ Հիմա հօրդ տաժանելի ծառայութիւնը եւ մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցո՛ւր, ու քեզի ծառայենք»։

5

Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Երեք օր ետք ինծի՛ վերադարձէք»։ Ժողովուրդը գնաց։

6

Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն երէցներուն, որոնք իր հօր՝ Սողոմոնի 2թելադրիչներն էին՝՝, երբ ան ողջ էր, եւ ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխանեմ»։

7

Անոր ըսին. «Եթէ այս ժողովուրդին հետ 3քաղցրութեամբ վարուիս՝՝, անոնց հաճելի ըլլաս եւ անոնց 4նպաստաւոր խօսքեր ըսես, անոնք 5ընդմիշտ քու ծառաներդ կ’ըլլան»։

8

Բայց ան երէցներուն իրեն տուած խրատը 6անտեսեց, ու իր թելադրիչ եւ իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց։

9

Անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխանենք, քանի որ անոնք ինծի խօսեցան՝ ըսելով. “Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցո՛ւր”»։

10

Անոր հետ մեծցած երիտասարդները իրեն պատասխանեցին. «Սա՛պէս խօսէ այս ժողովուրդին՝ որ քեզի ըսաւ. “Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցո՛ւր”. անոնց սա՛ ըսէ՛. “Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։

11

Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ բեռցուցեր է, բայց ես հիմա ձեր լուծը 7աւելի պիտի ծանրացնեմ՝՝։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով պատժեր է, բայց ես ձեզ 8կարիճներո՛վ պիտի պատժեմ”»։

12

Յերոբովամ եւ ամբողջ ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամի եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր. «Երրորդ օրը ինծի՛ վերադարձէք»։

13

Թագաւորը անոնց խստութեամբ պատասխանեց. Ռոբովամ թագաւորը երէցներուն խրատը անտեսելով՝

14

անոնց հետ խօսեցաւ երիտասարդներուն խորհուրդին համաձայն՝ ըսելով. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր է, բայց ես զայն աւելի՛ պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով պատժեր է, բայց ես ձեզ կարիճներո՛վ պիտի պատժեմ»։

15

Թագաւորը ժողովուրդին խօսքը մտիկ չըրաւ, որովհետեւ այս բանը Աստուծմէ եղաւ, որպէսզի Տէրը Սիլոնացի Աքիայի 9միջոցով Նաբատեան Յերոբովամի ըսած խօսքը իրագործէ։

16

Երբ ամբողջ Իսրայէլը տեսաւ թէ թագաւորը իրեն մտիկ չըրաւ, ժողովուրդը թագաւորին պատասխանեց. «Մենք Դաւիթի քով ի՞նչ բաժին ունինք. Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, իւրաքանչիւրը 10իր վրանը՝՝ թող վերադառնայ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դո՛ւն տունդ 11հոգա»։ Հետեւաբար ամբողջ Իսրայէլը իր վրանները գնաց.

17

բայց Յուդայի քաղաքները բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովա՛մ թագաւորեց։

18

Երբ Ռոբովամ թագաւորը հարկերուն վրայ նշանակուած Ադորամը ղրկեց, Իսրայէլի որդիները զայն 12քարկոծեցին, ու մեռաւ։ Ուստի Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէսզի Երուսաղէմ փախչի։

19

Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթի տան դէմ ապստամբեցաւ մինչեւ այսօր։



1 Եբր.՝ երեսէն
2 Եբր.՝ առջեւ կը կայնէին
3 Եբր.՝ բարի ըլլաս
4 Եբր.՝ լաւ
5 Եբր.՝ բոլոր օրերը
6 Եբր.՝ թողուց
7 Եբր.՝ պիտի աւելցնեմ
8 Այսինքն՝ գամերով օժտուած մտրակներո՛վ
9 Եբր.՝ ձեռքով
10 Եբր.՝ ձեր վրանները
11 Եբր.՝ տես
12 Եբր.՝ քարերով քարկոծեցին