2 Chronicles 24
1 Chronicles « 2 Chronicles 23 ‹ 2 Chronicles 24 › 2 Chronicles 25 » Ezra
ՅՈՎԱՍ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ (Դ. Թագ. 12. 1-16)
1Յովաս եօթը տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորոեց։ Իր մօր անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէ քաղաքէն։
2Յովաս ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ։
3Յովիադա իրեն երկու կին առնել տուաւ, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնաւ։
4Ասկէ ետք Յովաս 2փափաքեցաւ Տէրոջ տունը վերականգնել։
5Քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց, եւ անոնց ըսաւ. «Դո՛ւրս ելէք՝ Յուդայի քաղաքները, ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար՝ ամէն տարի դրա՛մ հաւաքեցէք ամբողջ Իսրայէլէն. այս գործը շտապելո՛վ կատարեցէք»։ Բայց Ղեւտացիները չշտապեցին։
6Ուստի թագաւորը կանչեց Յովիադան՝ գլխաւորը, եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ Ղեւտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէն ու Երուսաղէմէն բերեն Տէրոջ ծառային՝ Մովսէսի դրած հարկը Իսրայէլի համախմբումին վրայ, Վկայութեան վրանին համար»։
7(Արդարեւ անօրէն Գոթողիան եւ անոր որդիները Աստուծոյ տունը քանդեր էին, ու Տէրոջ տան բոլոր 3սուրբ բաները՝՝ Բահաղներուն նուիրեր էին։)
8Ուստի թագաւորը հրամայեց որ սնտուկ մը շինեն եւ զայն Տէրոջ տան դրան դուրսի կողմը դնեն։
9Ապա Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ 4ծանուցանել տուին, որ Տէրոջ բերեն Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի դրած հարկը Իսրայէլի վրայ, անապատին մէջ։
10Բոլոր իշխանաւորները եւ ամբողջ ժողովուրդը ուրախացան, ու բերին սնտուկին մէջ ձգեցին իրենց դրամը, մինչեւ որ նորոգութիւնը աւարտեցին։
11Երբ ատենը կ’ըլլար որ սնտուկը թագաւորին վերատեսուչներուն տարուէր Ղեւտացիներուն ձեռքով, որովհետեւ անոնք կը տեսնէին թէ դրամը շատցեր է, թագաւորին ատենադպիրն ու աւագ քահանային վերատեսուչը կու գային սնտուկը պարպելու. ապա զայն բերելով իր տեղը կը վերադարձնէին։ Ամէն օր այսպէս ընելով՝ առատ դրամ ժողվեցին։
12Թագաւորը եւ Յովիադա զայն Տէրոջ տան ծառայութեան գործակատարներուն կու տային. անոնք ալ քարակոփներ ու հիւսներ կը վարձէին՝ Տէրոջ տունը վերականգնելու համար, նաեւ երկաթագործներ եւ պղնձագործներ՝ Տէրոջ տունը նորոգելու համար։
13Գործաւորները կ’աշխատէին, ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կատարուեցաւ։ Այսպէս՝ Աստուծոյ տունը 5վերականգնեցին եւ զայն զօրացուցին։
14Երբ նորոգութիւնը աւարտեցին, մնացած դրամը թագաւորին ու Յովիադայի առջեւ բերին, եւ անով Տէրոջ տան համար անօթներ շինուեցան.— պաշտօնին ու ողջակէզներուն համար անօթներ, խնկամաններ, եւ ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ անօթներ։ Յովիադայի բոլոր օրերը Տէրոջ տան մէջ շարունակ ողջակէզներ կը մատուցանէին։
15Յովիադա մեռաւ, ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած. մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր։
16Զինք Դաւիթի քաղաքին մէջ՝ թագաւորներուն հետ թաղեցին, քանի որ ան Իսրայէլի մէջ բարիք ըրեր էր Աստուծոյ եւ անոր տան համար։
ՅՈՎԻԱԴԱՅԻ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ
17Յովիադայի մեռնելէն ետք՝ Յուդայի իշխանաւորները եկան ու թագաւորին երկրպագեցին. այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։
18Տէրոջ՝ իրենց հայրերուն Աստուծոյն տունը լքեցին, եւ աստարովթներն ու կուռքերը պաշտեցին. ուստի Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ զայրոյթ եղաւ իրենց այս յանցանքին համար։
19Արդարեւ անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէսզի զանոնք Տէրոջ վերադարձնեն. անոնց վկայեցին, բայց անոնք չունկնդրեցին։
20Աստուծոյ Հոգին Յովիադա քահանային 6որդիին՝ Զաքարիայի վրայ հանգչեցաւ՝՝. ան ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կայնեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Աստուած սա՛ կը յայտարարէ. “Դուք ինչո՞ւ Տէրոջ պատուիրանները կ’անտեսէք. բնա՛ւ պիտի չյաջողիք։ Քանի դուք Տէրը լքեցիք, ան ալ ձեզ պիտի լքէ”»։
21Անոնք ալ իր դէմ դաւադրեցին, ու զինք թագաւորին պատուէրով Տէրոջ տան գաւիթին մէջ 7քարկոծեցին։
22Յովաս թագաւորը չյիշեց անոր հօր՝ Յովիադայի կարեկցութեամբ վարուիլը իրեն հետ, եւ անոր որդին մեռցուց. ան ալ մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը թող տեսնէ ու 8դատէ»։
ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
23Տարուան վախճանին, Սուրիայի զօրագունդը 9Յովասի դէմ բարձրանալով՝ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ 10յարձակեցաւ. ժողովուրդին մէջէն բոլոր 11իշխանաւորները կոտորեցին, եւ անոնց ամբողջ աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին։
24Ասորիներուն զօրագունդը փոքրաթիւ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը յոյժ բազմաթիւ զօրագունդ մը անոնց ձեռքը մատնեց, քանի որ անոնք Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը լքած էին։ Այսպէս՝ Ասորիները Աստուծոյ դատավճիռը գործադրեցին Յովասի վրայ։
25Երբ անոնք իր քովէն գացին՝ մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զինք, անոր ծառաները իրեն դէմ դաւադրեցին՝ Յովիադա քահանային որդիներուն արիւնին համար. զայն իր մահիճին մէջ սպաննեցին, ու մեռաւ։ Զայն Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին. բայց թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ չթաղեցին։
26Ահա՛ւասիկ անոր դէմ դաւադրողները.— ամմոնացի կնոջ՝ Սամէթի որդին՝ Զաբադ, ու մովաբացի կնոջ՝ Սամարիթի որդին՝ Յովզաբադ։
27Անոր որդիներուն մասին, իր քով հաւաքուած հարկին շատութեան մասին եւ Աստուծոյ տան 12նորոգութեան մասին՝ ահա՛ Թագաւորներու գիրքին Յիշատակարանին մէջ գրուած է։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ամասիա թագաւոր եղաւ։