2 Chronicles 25
1 Chronicles « 2 Chronicles 24 ‹ 2 Chronicles 25 › 2 Chronicles 26 » Ezra
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄԱՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 14. 2-6)
1Ամասիա քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանինը տարի թագաւորեց։ Իր մօր անունը Յովադան էր՝ Երուսաղէմէն։
2Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, բայց ոչ կատարեալ սիրտով։
3Երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ 2հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր հայրը՝ թագաւորը 3սպաններ էին։
4Բայց անոնց որդիները չմեռցուց՝ Մովսէսի Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածին համաձայն, ուր Տէրը պատուիրեց. «Որդիներուն մեղքին համար հայրերը պիտի չմեռցուին, եւ հայրերուն մեղքին համար որդիները պիտի չմեռցուին. ամէն մարդ իր մեղքին համար պիտի մեռցուի»։
5Ամասիա Յուդան հաւաքեց, եւ ամբողջ Յուդայի ու Բենիամինի մէջ հազարապետներ եւ հարիւրապետներ 4նշանակեց՝ անոնց նահապետութիւններուն համեմատ։ Քսան տարեկանէն վեր եղողները թուարկեց, եւ զինուորութեան 5գացող ու գեղարդ եւ ասպար կրող երեք հարիւր հազար ընտիր մարդ գտաւ։
6Հարիւր տաղանդ արծաթով՝ Իսրայէլէն հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճ ալ վարձեց։
7Սակայն Աստուծոյ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ թող չերթայ, քանի որ Տէրը Իսրայէլի հետ չէ, այսինքն՝ բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ։
8Բայց եթէ երթալ կ’ուզես՝ 6գնա՛, ուժովցի՛ր պատերազմի համար. սակայն Աստուած թշնամիին առջեւ պիտի 7տապալէ քեզ, քանի օգնելու եւ տապալելու կարողութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է»։
9Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Հապա ի՞նչ պիտի 8ըլլայ այն հարիւր տաղանդը, որ ես Իսրայէլի գունդերուն տուի»։ Աստուծոյ մարդը պատասխանեց. «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»։
10Ուստի Ամասիա Եփրեմէն իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէսզի իրենց տեղը երթան. իսկ անոնց բարկութիւնը յոյժ բորբոքեցաւ Յուդայի դէմ, ու բորբոքած բարկութեամբ իրենց տեղը վերադարձան։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԷԻՐԻ ԴԷՄ (Դ. Թագ. 14. 7)
11Երբ Ամասիա ուժովցաւ, իր 9զօրքը առաջնորդեց՝՝, Աղի ձորը գնաց, եւ Սէիրի որդիներէն տասը հազար հոգի զարկաւ։
12Յուդայի որդիները ուրիշ տասը հազար ալ ողջ գերեվարեցին, ժայռին գագաթը տարին ու զանոնք ժայռին գագաթէն վար նետեցին. բոլորն ալ 10ջախջախուեցան։
13Այն 11գունդերը՝ որ Ամասիա վերադարձուց, որպէսզի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէն մինչեւ Բեթորոն, անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին, եւ շատ կողոպուտ գրաւեցին։
14Երբ Ամասիա Եդովմայեցիները զարնելէն վերադարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ ու զանոնք կանգնեցուց, որպէսզի իրեն աստուած ըլլան. անոնց առջեւ կ’երկրպագէր եւ անոնց խունկ կը ծխէր։
15Տէրոջ բարկութիւնը Ամասիայի դէմ բորբոքեցաւ, ու անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ փնտռեցիր այն ժողովուրդին աստուածները, որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել»։
16Երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր. «Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն կարգեցին. հրաժարէ՛, ինչո՞ւ քեզ զարնեն»։ Մարգարէն հրաժարեցաւ, եւ ըսաւ. «Լա՛ւ գիտեմ թէ Աստուած 12որոշեր է քեզ տապալել, որովհետեւ ասիկա ըրիր՝ խրատս մտիկ չընելով»։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ (Դ. Թագ. 14. 8-20)
17Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ հարցուց, ապա Իսրայէլի թագաւորին, Յէուի որդիին՝ Յովաքազի որդիին՝ Յովասի, մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, իրարու 13դէմ ճակատինք՝՝»։
18Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Լիբանանի 14մոշենին Լիբանանի մայրիին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. “Քու աղջիկդ իմ տղո՛ւս տուր իբր կին”։ Բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ, ու մոշենին կոխկռտեց։
19Դուն ըսիր. “Ահա՛ Եդովմը զարկի”, ու սիրտդ քեզ բարձրացնելով՝ 15հպարտացուց։ Հիմա տո՛ւնդ նստէ. ինչո՞ւ քու չարիքիդ համար մաքառիս, որ թէ՛ դուն իյնաս, թէ՛ ալ Յուդա՝ քեզի հետ»։
20Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. արդարեւ ասիկա Աստուծմէ եղաւ՝ որպէսզի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, որովհետեւ Եդովմայեցիներուն աստուածները փնտռեցին։
21Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը բարձրացաւ, եւ ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ իրարու 16դէմ ճակատեցան՝՝։
22Յուդա Իսրայէլի առջեւ պարտուեցաւ, եւ ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։
23Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Բեթսամիւսի մէջ բռնեց Յովաքազի որդիին՝ Յովասի որդին՝ Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, ու զայն Երուսաղէմ տարաւ։ Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկիւնի դուռը՝ Երուսաղէմի պարիսպէն չորս հարիւր կանգուն 17քանդեց,
24նաեւ ամբողջ ոսկին եւ արծաթը, ու Աստուծոյ տան մէջ՝ Աբդեդոմի քով գտնուող բոլոր առարկաները գրաւեց. թագաւորին տան գանձերը եւ պատանդներ ալ առաւ, ու Սամարիա վերադարձաւ։
25Յուդայի թագաւորը, Յովասի որդին՝ Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազի որդիին՝ Յովասի մեռնելէն ետք տասնհինգ տարի ապրեցաւ։
26Ամասիայի մնացեալ արարքները, առաջիններն ու վերջինները, ահա՛ Յուդայի եւ Իսրայէլի Թագաւորներու գիրքին մէջ գրուած են։
27Երբ Ամասիա Տէրոջ հետեւելէն հեռացաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ 18դաւադրեցին։ Ան Լաքիս փախաւ, բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին, ու զայն հոն մեռցուցին.
28ապա ձիերով փոխադրեցին, եւ զայն իր հայրերուն հետ թաղեցին՝ 19Յուդայի քաղաքին մէջ։