Loading...

2 Chronicles 26

1 Chronicles  «  2 Chronicles 25  ‹  2 Chronicles 26  ›  2 Chronicles 27  »  Ezra


ՅՈՒԴԱՅԻ ՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 14. 21-22։ 15. 1-7)

1

Յուդայի ամբողջ ժողովուրդը Ոզիան առաւ, որ տասնվեց տարեկան էր, ու զայն իր հօր՝ Ամասիայի տեղ թագաւոր հռչակեցին։

2

Ի՛նք կառուցանեց Ելաթը, ու զայն Յուդայի վերադարձուց՝ թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետք։

3

Ոզիա տասնվեց տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսուներկու տարի թագաւորեց։ Իր մօր անունը Յեքելիա էր՝ Երուսաղէմէն։

4

Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, իր հօր՝ Ամասիայի բոլոր ըրածներուն պէս։

5

Աստուծոյ տեսիլքներն ըմբռնող Զաքարիայի օրերը՝ Աստուած փնտռեց։ Որքան ժամանակ որ Տէրը կը փնտռէր, Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար։

6

Ան Փղշտացիներուն դէմ պատերազմելու 2գնաց, եւ Գէթի պարիսպը, Յաբնէի պարիսպն ու Ազովտոսի պարիսպը 3քանդեց. յետոյ Ազովտոսի շրջանին մէջ եւ Փղշտացիներու միւս գաւառներուն մէջ քաղաքներ կառուցանեց։

7

Աստուած անոր օգնեց Փղշտացիներուն դէմ, Գուր-Բահաղ բնակող Արաբներուն դէմ ու Մաոնացիներուն դէմ։

8

Իսկ Ամմոնացիները Ոզիայի 4հարկ տուին, եւ անոր համբաւը մինչեւ Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանի որ չափազանց ուժովցաւ։

9

Ոզիա Երուսաղէմի մէջ աշտարակներ կառուցանեց Անկիւնի դրան վրայ, Ձորի դրան վրայ ու պարիսպին դարձուածքին վրայ, եւ զանոնք ամրացուց։

10

Անապատին մէջ ալ աշտարակներ կառուցանեց ու շատ ջրհորներ փորեց. արդարեւ ան դաշտագետինին մէջ եւ լեռնադաշտին մէջ շատ անասուններ ունէր, իսկ լեռնակողմը նաեւ Կարմեղոս լեռը՝ երկրագործներ ու այգեգործներ, որովհետեւ 5հողամշակութիւնը կը սիրէր։

11

Ոզիա պատերազմ 6մղող զօրագունդեր ունէր. զինուորութեան 7գացող գունդերուն թիւը Յէիէլ ատենադպիրին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով թուարկուած էր, թագաւորին իշխանաւորներէն Անանիայի 8հրամանին տակ։

12

Զօրաւոր կտրիճներու նահապետներուն ամբողջական թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։

13

Անոնց ձեռքին տակ զօրագունդ մը կար — երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր մարդ —, որ 9մեծ ոյժով կը պատերազմէր՝ թագաւորին օգնելու համար թշնամիին դէմ։

14

Ոզիա անոնց — ամբողջ զօրքին — համար վահաններ, գեղարդներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ, ու քար նետելու պարսատիկներ պատրաստեց։

15

Նաեւ հնարագիտութեամբ մտածուած պատերազմական մեքենաներ շինեց Երուսաղէմի մէջ, որպէսզի աշտարակներուն վրայ եւ անկիւններուն վրայ դրուին եւ նետեր ու մեծ քարեր արձակեն։ Անոր համբաւը հեռաւոր տեղեր տարածուեցաւ, որովհետեւ ան սքանչելիօրէն օգնութիւն ստացաւ՝ մինչեւ որ ուժովցաւ։


ՈԶԻԱ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

16

Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը խրոխտացաւ՝ իր կործանումին համար. արդարեւ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն հանդէպ ուխտազանց եղաւ, ու Տէրոջ տաճարը մտաւ՝ որպէսզի խունկի զոհասեղանին վրայ խունկ ծխէ։

17

Իր ետեւէն Ազարիա քահանան մտաւ, եւ անոր հետ Տէրոջ ութսուն քահանաները՝ որոնք 10կտրիճ մարդիկ՝՝ էին։

18

Անոնք Ոզիա թագաւորին 11ընդդիմացան՝ անոր ըսելով. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի արտօնուած չէ Տէրոջ խունկ ծխել, հապա՝ Ահարոնեան քահանաներուն, որոնք խունկ ծխելու համար սրբացած են. սրբարանէն դո՛ւրս ելիր, որովհետեւ ուխտազանց եղար, եւ ասոր համար Տէր Աստուծմէ պիտի չպատուուիս»։

19

Ոզիա բարկացաւ, մինչ իր ձեռքը բուրվառ մը կար՝ խունկ ծխելու համար։ Երբ քահանաներուն դէմ բարկացաւ, իր ճակատին վրայ բորոտութիւն երեւցաւ՝ քահանաներուն առջեւ, Տէրոջ տան մէջ, խունկի զոհասեղանին քով։

20

Ազարիա աւագ քահանան ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան, եւ ահա՛ իր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար։ Ուստի զինք շուտով անկէ հանեցին. ինք ալ շտապելով դուրս ելաւ, որովհետեւ Տէրը զինք զարկած էր։

21

Ոզիա թագաւորը մինչեւ իր մահուան օրը բորոտ եղաւ. զատ տուն մը կը բնակէր՝ իբր բորոտ, որովհետեւ Տէրոջ տունէն խզուեցաւ։ 12Արքունապետը անոր որդին՝ Յովաթամն էր. ա՛ն կը դատէր երկրին ժողովուրդը։

22

Ոզիայի մնացեալ արարքները, առաջիններն ու վերջինները, Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն գրեց։

23

Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ զայն իր հայրերուն հետ՝ թագաւորներու գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին, որովհետեւ ըսին. «Անիկա բորոտ է»։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովաթամ թագաւորեց։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ դուրս ելաւ
3 Եբր.՝ պատռեց
4 Եբր.՝ ընծաներ
5 Եբր.՝ հողը
6 Եբր.՝ ընող
7 Եբր.՝ դուրս ելլող
8 Եբր.՝ ձեռքին
9 Եբր.՝ ուժեղ
10 Եբր.՝ կտրիճի որդիներ
11 Եբր.՝ դէմ կեցան
12 Եբր.՝ Թագաւորին տան վրայ եղողը