Loading...

2 Chronicles 27

1 Chronicles  «  2 Chronicles 26  ‹  2 Chronicles 27  ›  2 Chronicles 28  »  Ezra


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԹԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 15. 32-38)

1

Յովաթամ քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնվեց տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Սադովկի աղջիկն էր՝ Յերուսա անունով։

2

Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ առջեւ 1ուղիղ է, իր հօր՝ Ոզիայի բոլոր ըրածներուն պէս. բայց Տէրոջ տաճարը չմտաւ. իսկ ժողովուրդը տակաւին ապականած էր։

3

Ի՛նք կառուցանեց Տէրոջ տան 2բարձրագոյն դուռը. Ոփաղի պարիսպին վրայ ալ շատ բաներ կառուցանեց։

4

Յուդայի լեռնակողմը քաղաքներ կառուցանեց. նաեւ բերդեր եւ աշտարակներ կառուցանեց՝ անտառներուն մէջ։

5

Ամմոնի որդիներուն թագաւորին դէմ պատերազմեցաւ, եւ անոնց յաղթեց. նոյն տարին Ամմոնի որդիները հարիւր տաղանդ արծաթ, տասը հազար քոռ ցորեն ու տասը հազար քոռ գարի տուին անոր։ Ամմոնի որդիները նոյնչափ բերին երկրորդ եւ երրորդ տարին։

6

Յովաթամ ուժովցաւ, որովհետեւ իր ճամբաները հաստատեց Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն առջեւ։

7

Յովաթամի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր պատերազմներն ու 3ընթացքը՝ ահա՛ Իսրայէլի եւ Յուդայի Թագաւորներու գիրքին մէջ գրուած են։

8

Ան քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնվեց տարի թագաւորեց։

9

Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ զայն Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Աքազ թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Կամ՝ վերի
3 Եբր.՝ ճամբաները