2 Chronicles 28
1 Chronicles « 2 Chronicles 27 ‹ 2 Chronicles 28 › 2 Chronicles 29 » Ezra
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 16. 1-4)
1Աքազ քսան տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնվեց տարի թագաւորեց։ Ան չըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, ինչպէս իր հայրը՝ Դաւիթ ըրաւ.
2հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն ընթացաւ, ու Բահաղներուն 2ձուլածոյ կուռքեր՝՝ շինեց։
3Ան Ենովմի որդիին ձորին մէջ խունկ կը ծխէր, եւ իր որդիները կրակով այրեց՝ այն ազգերուն գարշութիւններուն համաձայն, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վտարեց։
4Բարձր տեղերու եւ բլուրներու վրայ, ու ամէն կանաչազարդ ծառի տակ զոհ կը մատուցանէր եւ խունկ կը ծխէր։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍՈՒՐԻԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ (Դ. Թագ. 16. 5)
5Հետեւաբար Տէրը՝ իր Աստուածը զինք Սուրիայի թագաւորին ձեռքը մատնեց. զինք 3պարտութեան մատնեցին՝՝, իրմէ շատեր գերեվարեցին, ու զանոնք Դամասկոս տարին։ Նաեւ Իսրայէլի թագաւորին ձեռքը մատնուեցաւ, որ զինք մեծ պարտութեան մատնեց։
6Ռովմելայի որդին՝ Փակէէ մէկ օրուան մէջ Յուդայէն հարիւր քսան հազար հոգի մեռցուց, որոնք բոլորն ալ 4կտրիճ մարդիկ՝՝ էին. քանի որ Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը լքած էին։
7Եփրեմէն Զեքրի անունով զօրաւոր մարդ մը թագաւորին որդին՝ Մաասիան, 5արքունապետը՝ Եզրիկամը, ու թագաւորին 6փոխանորդը՝ Եղկանան սպաննեց։
8Իսրայէլի որդիները իրենց եղբայրներէն երկու հարիւր հազար հոգի գերեվարեցին՝ կիներ, որդիներ եւ աղջիկներ. նաեւ շատ աւար կողոպտեցին անոնցմէ, եւ աւարը Սամարիա տարին։
ՈՎԴԵԴ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
9Հոն Տէրոջ մարգարէ մը կար՝ Ովդեդ անունով։ Ան դուրս ելաւ՝ Սամարիա հասնող զօրքին առջեւ, եւ անոնց ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը՝ ձեր հայրերուն Աստուածը, Յուդայի դէմ ունեցած ցասումին համար՝ զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց. իսկ դուք զանոնք մեռցուցիք այնպիսի բարկութեամբ՝ որ մինչեւ երկինք հասաւ։
10Հիմա ալ 7կը մտածէք՝՝ Յուդայի ու Երուսաղէմի որդիները նուաճել իբր ձեր ստրուկները եւ ստրկուհիները. միթէ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ դուք — միայն դուք — յանցաւոր չէ՞ք ըլլար։
11Ուրեմն ինծի՛ մտիկ ըրէք. վերադարձուցէ՛ք այն գերիները՝ որ ձեր եղբայրներէն գերեվարեցիք, որովհետեւ Տէրոջ բորբոքած բարկութիւնը ձեր վրայ է»։
12Եփրեմի որդիներուն գլխաւորներէն 8ոմանք — Յոհանանի որդին՝ Ազարիա, Մեսեղամոթի որդին՝ Բարաքիա, Սեղղումի որդին՝ Եզեկիա, եւ Ադղիայի որդին՝ Ամեսայի —, պատերազմէն եկողներուն դէմ կանգնեցան
13ու անոնց ըսին. «Գերիները հոս մի՛ բերէք. արդարեւ մենք արդէն Տէրոջ առջեւ յանցաւոր ենք, եւ դուք ասիկա ալ 9կ’ուզէք աւելցնել մեր մեղքերուն ու մեր յանցանքներուն վրայ։ Արդարեւ մեր յանցանքը շատ է, եւ Իսրայէլի վրայ բորբոքած բարկութիւն կայ»։
14Ուստի զինեալները գերիներն ու կողոպուտը թողուցին իշխանաւորներուն եւ ամբողջ համախմբումին առջեւ։
15Յետոյ իրենց անուններով որոշուած մարդիկը կանգնեցան, գերիները առին, ու անոնց մէջէն բոլոր մերկ եղողները աւարէն հագուեցուցին։ Անոնց հանդերձներ եւ կօշիկներ հագցուցին, զանոնք կերցուցին ու խմցուցին, ապա զանոնք հոտաւէտ իւղով օծեցին, եւ բոլոր 10տկարները էշերու վրայ հեծցնելով՝ Երիքով տարին, Արմաւենիներու քաղաքը, անոնց եղբայրներուն քով. յետոյ իրենք Սամարիա վերադարձան։
ԱՔԱԶ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ (Դ. Թագ. 16. 7-9)
16Այդ ատեն Աքազ թագաւորը Ասորեստանի թագաւորներուն պատգամաւորներ ղրկեց, որպէսզի իրեն օգնեն։
17Արդարեւ Եդովմայեցիները անգամ մըն ալ եկեր էին, ու Յուդան զարնելով գերիներ տարեր էին։
18Փղշտացիներն ալ՝ դաշտագետինի մէջ ու Յուդայի հարաւային կողմը եղող քաղաքներուն վրայ յարձակելով՝ Բեթսամիւսը, Այեղոնը, Գադերոթը, Սոքովն ու անոր գիւղերը, նաեւ Թամնան ու անոր գիւղերը, եւ Գամզովն ու անոր գիւղերը գրաւեր եւ հոն բնակեր էին։
19Արդարեւ Տէրը Յուդան ընկճեց Իսրայէլի Աքազ թագաւորին պատճառով, որովհետեւ ան Յուդան 11թողուց որ անառակութիւն ընէ՝՝, ու Տէրոջ հանդէպ ուխտազանց եղաւ։
20Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը անոր եկաւ ու զայն 12տագնապեցուց, բայց 13անոր թիկունք չեղաւ՝՝։
21Արդարեւ Աքազ Տէրոջ տունէն, ու թագաւորին եւ իշխանաւորներուն տուներէն 14բաժիններ առաւ ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ, բայց ան իրեն չօգնեց։
ԱՔԱԶԻ ՄԵՂՔԵՐԸ
22Իր 15տագնապին ատեն՝ այս Աքազ թագաւորը ա՛լ աւելի ուխտազանց եղաւ Տէրոջ հանդէպ։
23Ան զոհեր մատուցանեց Դամասկոսի աստուածներուն՝ որոնք զինք 16պարտութեան մատներ՝՝ էին, որովհետեւ ըսաւ. «Քանի Սուրիայի թագաւորներուն աստուածները անոնց օգնեցին, իրենց զոհ պիտի մատուցանեմ՝ որպէսզի ինծի ալ օգնեն»։ Բայց անոնք իր եւ ամբողջ Իսրայէլի 17կործանումին պատճառ եղան։
24Աքազ Աստուծոյ տան առարկաները հաւաքեց ու 18զանոնք կոտրտեց. Տէրոջ տան դռները գոցեց եւ Երուսաղէմի բոլոր անկիւնները իրեն բագիններ շինեց։
25Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ բարձր տեղեր շինեց, որպէսզի ուրիշ աստուածներու խունկ ծխէ։ Այսպէս Տէրը՝ իր հայրերուն Աստուածը գրգռեց։
26Անոր մնացեալ արարքները եւ ամբողջ 19ընթացքը, առաջիններն ու վերջինները, ահա՛ Յուդայի եւ Իսրայէլի Թագաւորներու գիրքին մէջ գրուած են։
27Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զայն Երուսաղէմ քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց Իսրայէլի թագաւորներուն գերեզմաններուն մէջ չմտցուցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Եզեկիա թագաւոր եղաւ։