Loading...

2 Chronicles 29

1 Chronicles  «  2 Chronicles 28  ‹  2 Chronicles 29  ›  2 Chronicles 30  »  Ezra


ՅՈՒԴԱՅԻ ԵԶԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 18. 1-3)

1

Եզեկիա քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանինը տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Զաքարիայի աղջիկն էր՝ Աբիա անունով։

2

Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, իր հօր՝ Դաւիթի բոլոր ըրածներուն պէս։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

3

Ան իր թագաւորութեան առաջին տարուան առաջին ամիսը՝ Տէրոջ տան դռները բացաւ, եւ զանոնք նորոգեց։

4

Քահանաներն ու Ղեւտացիները բերել տուաւ, զանոնք արեւելեան հրապարակին մէջ հաւաքեց,

5

եւ անոնց ըսաւ. «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Ղեւտացիներ. հիմա դուք ձե՛զ սրբացուցէք, Տէրոջ՝ ձեր հայրերուն Աստուծոյն տո՛ւնը սրբացուցէք, եւ կեղտը սրբարանէն դո՛ւրս հանեցէք։

6

Արդարեւ մեր հայրերը ուխտազանց եղան, ու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն առջեւ չարիք գործեցին. զայն լքեցին, իրենց երեսը Տէրոջ բնակարանէն դարձուցին եւ զայն 2արհամարհեցին՝՝.

7

ներքնագաւիթին դռներն ալ գոցեցին, ճրագները մարեցին, խունկ չծխեցին ու սրբարանին մէջ Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզ չմատուցանեցին։

8

Հետեւաբար Յուդայի ու Երուսաղէմի 3դէմ Տէրը զայրացաւ՝՝, եւ զանոնք սոսկումի, 4ապշութեան ու սուլոցի մատնեց, ինչպէս հիմա ձեր աչքերով կը տեսնէք։

9

Այս պատճառով ահա՛ մեր հայրերը սուրով ինկան, եւ մեր որդիները, աղջիկներն ու կիները գերութեան մէջ են։

10

Հիմա ես 5փափաքեցայ որ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն հետ ուխտ մը կնքեմ, որպէսզի իր բորբոքած բարկութիւնը մեզմէ հեռանայ։

11

Որդեակնե՛րս, անհոգութիւն մի՛ ընէք հիմա. արդարեւ Տէրը ձե՛զ ընտրեց, որպէսզի իր առջեւ կայնիք՝ իրեն պաշտօն կատարելու, սպասարկելու եւ խունկ ծխելու համար»։

12

Այն ատեն ոտքի ելան Ղեւտացիները.— Կահաթեաններու որդիներէն՝ Ամեսայիի որդին՝ Մահաթ, եւ Ազարիայի որդին՝ Յովէլ. Մերարիի որդիներէն՝ Աբդիի որդին՝ Կիս, ու Յալէլէլի որդին՝ Ազարիա. Գերսոնեաններէն՝ Զամմայի որդին՝ Յովաք, եւ Յովաքի որդին՝ Եդէն.

13

Եղիսափանի որդիներէն՝ Սամարի ու Յէիէլ. Ասափի որդիներէն՝ Զաքարիա եւ Մաթանիա.

14

Եմանի որդիներէն՝ Յեքիէլ ու Սեմէի. Իդիթունի որդիներէն՝ Սեմայիա եւ Ոզիէլ։

15

Իրենց եղբայրները հաւաքեցին, սրբացան, ու Տէրոջ տունը մաքրելու գացին՝ թագաւորին հրամանով եւ Տէրոջ խօսքով։

16

Քահանաները Տէրոջ տան ներսը մտան՝ մաքրելու համար, ու Տէրոջ տաճարին մէջ գտնուած ամբողջ աղտեղութիւնը դուրս հանեցին՝ Տէրոջ տան գաւիթը, ու Ղեւտացիները զայն առին, որպէսզի դուրսը՝ Կեդրոնի ձորը տանին։

17

Առաջին ամսուան առաջին օրը սկսան սրբացնել, եւ ամսուան ութերորդ օրը Տէրոջ ներքնագաւիթը եկան. Տէրոջ տունը ութ օրուան մէջ սրբացուցին, եւ առաջին ամսուան տասնվեցերորդ օրը աւարտեցին։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՎԵՐԸՆԾԱՅՈՒՄԸ

18

Յետոյ Եզեկիա թագաւորին քով գացին ու ըսին. «Տէրոջ ամբողջ տունը, ողջակէզի զոհասեղանը եւ անոր բոլոր առարկաները, 6առաջադրութեան հացի սեղանը եւ անոր բոլոր առարկաները մաքրեցինք։

19

Նաեւ 7տեղաւորեցինք ու սրբացուցինք այն բոլոր անօթները, որ Աքազ թագաւորը իր թագաւորութեան եւ իր ուխտազանցութեան ատեն վանած էր։ Ահա՛ անոնք Տէրոջ զոհասեղանին առջեւ են»։

20

Եզեկիա թագաւորը կանուխ ելաւ, ու քաղաքին իշխանաւորները հաւաքելով՝ Տէրոջ տունը բարձրացաւ։

21

Եօթը զուարակ, եօթը խոյ, եօթը գառ, եւ այծերէն եօթը քօշ բերին՝ իբր մեղքի պատարագ իր թագաւորութեան, սրբարանին ու Յուդայի համար։ Ան Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն հրամայեց, որ զանոնք Տէրոջ զոհասեղանին վրայ մատուցանեն։

22

Արջառներէն զուարակները մորթեցին, եւ քահանաները արիւնը ընդունելով զոհասեղանին վրայ սրսկեցին. խոյերն ալ մորթեցին, ու արիւնը զոհասեղանին վրայ սրսկեցին. յետոյ գառներն ալ մորթեցին, եւ արիւնը զոհասեղանին վրայ սրսկեցին։

23

Երբ մեղքի պատարագի նոխազները թագաւորին ու համախմբումին մօտեցուցին, անոնք իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ։

24

Քահանաները զանոնք մորթեցին, եւ անոնց արիւնը զոհասեղանին վրայ 8սրսկեցին՝ ամբողջ Իսրայէլի քաւութիւն ընելու համար. արդարեւ թագաւորը հրամայեր էր որ ողջակէզն ու մեղքի պատարագը ամբողջ Իսրայէլի համար մատուցանեն։

25

Ան Ղեւտացիները Տէրոջ տան մէջ 9տեղաւորեց ծնծղաներով, տաւիղներով եւ քնարներով, ինչպէս Դաւիթ, Դաւիթ թագաւորին տեսանողը՝ Գաթ, ու Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. արդարեւ Տէրը իր մարգարէներուն 10միջոցով այդպէս պատուիրեր էր։

26

Ղեւտացիներն ալ Դաւիթի նուագարաններով տեղաւորուեցան, նաեւ քահանաները՝ փողերով։

27

Եզեկիա հրամայեց որ ողջակէզը զոհասեղանին վրայ մատուցանեն, ու ողջակէզին սկսած ատենը՝ Տէրոջ երգն ալ սկսաւ, փողերով եւ Իսրայէլի թագաւորին՝ Դաւիթի նուագարաններով։

28

Մինչեւ ողջակէզին աւարտումը՝ ամբողջ համախմբումը կ’երկրպագէր, երգողները երգ կ’երգէին, ու քահանաները փողերը կը հնչեցնէին։

29

Երբ ողջակէզ մատուցանելը աւարտեցին, թագաւորը եւ բոլոր քովը գտնուողները ծռելով երկրպագեցին։

30

Եզեկիա թագաւորն ու իշխանաւորները Ղեւտացիներուն հրամայեցին, որ Տէրը գովաբանեն Դաւիթի եւ Ասափ տեսանողին խօսքերով։ Անոնք ալ ուրախութեամբ գովաբանեցին, ու խոնարհելով երկրպագեցին։

31

Եզեկիա 11ըսաւ. «Հիմա դուք ձեզ Տէրոջ նուիրեցիք. մօտեցէ՛ք, եւ Տէրոջ տունը զոհե՛ր ու շնորհակալութեան ընծանե՛ր բերէք»։ Համախմբումը զոհեր եւ շնորհակալութեան ընծաներ բերաւ, ու բոլոր յօժար սիրտ ունեցողները ողջակէզներ բերին։

32

Համախմբումին բերած ողջակէզներուն թիւը սա՛ էր.— արջառներէն եօթանասուն զուարակ, հարիւր խոյ, ու երկու հարիւր գառ. ասոնք բոլորը Տէրոջ ողջակէզ ըլլալու համար էին։

33

12Ընծայուածները վեց հարիւր արջառ ու երեք հազար ոչխար էին։

34

Բայց քահանաները փոքրաթիւ էին, ուստի չկրցան բոլոր ողջակէզներուն մորթերը հանել. իրենց Ղեւտացի եղբայրները իրենց օգնեցին՝ մինչեւ այս գործին աւարտումը, ու մինչեւ միւս քահանաներուն սրբանալը, քանի Ղեւտացիները քահանաներէն աւելի 13յօժարութեամբ սրբացան։

35

Նաեւ ողջակէզները առատ էին՝ խաղաղութեան զոհերուն ճարպով եւ ողջակէզներուն թափելիք նուէրներով միասին։ Այսպէս՝ Տէրոջ տան ծառայութիւնը դարձեալ հաստատուեցաւ։

36

Եզեկիա եւ ամբողջ ժողովուրդը ուրախացան՝ որ Աստուած ժողովուրդը լաւ 14տրամադրած էր, քանի այս բանը յանկարծ եղաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ անոր ծոծրակ դարձուցին
3 Եբր.՝ վրայ Տէրոջ զայրոյթը եղաւ
4 Կամ՝ ամայութեան
5 Եբր.՝ սիրտիս մէջ ունեցայ
6 Եբր.՝ կարգով դրուած
7 Եբր.՝ պատրաստեցինք
8 Եբր.՝ մեղքէ մաքրուելու համար մատուցանեցին
9 Եբր.՝ կայնեցուց
10 Եբր.՝ ձեռքով
11 Եբր.՝ պատասխանեց եւ ըսաւ
12 Եբր.՝ Սրբացուածները
13 Եբր.՝ ուղիղ սիրտով
14 Եբր.՝ պատրաստած