2 Chronicles 30
1 Chronicles « 2 Chronicles 29 ‹ 2 Chronicles 30 › 2 Chronicles 31 » Ezra
ԶԱՏԻԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
1Եզեկիա ամբողջ Իսրայէլի եւ Յուդայի մարդ ղրկեց, Եփրեմի ու Մանասէի ալ նամակներ գրեց, որպէսզի Երուսաղէմ՝ Տէրոջ տունը գան, եւ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն Զատիկը կատարեն։
2Թագաւորը, անոր իշխանաւորներն ու ամբողջ համախմբումը Երուսաղէմի մէջ խորհրդակցեցան որ Զատիկը երկրորդ ամսուան մէջ կատարեն.
3արդարեւ սահմանուած 1ատենին՝՝ չէին կրնար զայն կատարել, քանի բաւական քահանաներ սրբացած չէին ու ժողովուրդը Երուսաղէմ հաւաքուած չէր։
4Այս կերպը թագաւորին եւ ամբողջ համախմբումին 2հաճելի եղաւ։
5Ուստի 3որոշեցին ամբողջ Իսրայէլի մէջ 4ծանուցանել, Բերսաբէէն մինչեւ Դան, որպէսզի գան ու Երուսաղէմի մէջ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն Զատիկը կատարեն. արդարեւ շատ ատենէ ի վեր զայն կատարած չէին՝ գրուածին համաձայն։
6Սուրհանդակները թագաւորին եւ իշխանաւորներուն նամակներով ամբողջ Իսրայէլ ու Յուդա գացին, եւ թագաւորին պատուէրին համաձայն ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Տէրո՛ջ վերադարձէք, Աբրահամի, Իսահակի ու Իսրայէլի Աստուծո՛յն, եւ ան ալ պիտի վերադառնայ ձեր մնացորդին՝ որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատած է։
7Ձեր հայրերուն ու ձեր եղբայրներուն պէս մի՛ ըլլաք, որոնք Տէրոջ՝ իրենց հայրերուն Աստուծոյն հանդէպ ուխտազանց եղան. ան ալ զանոնք աւերի մատնեց, ինչպէս կը տեսնէք։
8Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. 5հնազանդեցէ՛ք Տէրոջ ու եկէ՛ք անոր սրբարանը՝ որ յաւիտեան սրբացուցած է, եւ պաշտեցէ՛ք Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որպէսզի անոր բարկութեան բորբոքումը ձեզմէ հեռանայ։
9Արդարեւ եթէ դուք Տէրոջ վերադառնաք, ձեր եղբայրներն ու ձեր որդիները իրենց գերեվարներուն առջեւ գթութիւն պիտի գտնեն, եւ այս երկիրը պիտի վերադառնան. արդարեւ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ողորմած ու գթած է, եւ եթէ անոր վերադառնաք, ձեզմէ երես պիտի 6չդարձնէ»։
10Սուրհանդակները քաղաքէ քաղաք շրջագայեցան Եփրեմի ու Մանասէի երկիրը՝ մինչեւ Զաբուղոն. բայց անոնց վրայ կը ծիծաղէին եւ զանոնք կը ծաղրէին։
11Սակայն Ասերէն, Մանասէէն եւ Զաբուղոնէն ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ եկան։
12Աստուծոյ ձեռքը Յուդայի վրայ ալ էր, որպէսզի անոնց մէկ սիրտ տայ՝ թագաւորին եւ իշխանաւորներուն պատուէրը կատարելու Տէրոջ խօսքին համաձայն։
ԶԱՏԻԿԸ ԿԸ ՏՕՆՈՒԻ
13Երուսաղէմի մէջ շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ երկրորդ ամսուան մէջ՝ Բաղարջակերքի տօնը կատարելու համար — յոյժ մեծ համախմբում մը։
14Անոնք կանգնեցան ու Երուսաղէմի մէջ եղող զոհասեղանները հանեցին. բոլոր խունկի զոհասեղանները հանեցին եւ Կեդրոնի ձորը նետեցին։
15Երկրորդ ամսուան տասնչորրորդ օրը զատիկը մորթեցին. քահանաներն ու Ղեւտացիները խպնելով սրբացան եւ Տէրոջ տունը ողջակէզներ բերին։
16Իրենց 7տեղը կայնեցան՝ իրենց կանոնին համաձայն — Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի Օրէնքին համաձայն. քահանաները Ղեւտացիներուն ձեռքէն արիւնը կը ստանային ու կը սրսկէին։
17Քանի համախմբումին մէջ շատեր սրբացած չէին, Ղեւտացինե՛րը կը մորթէին զատիկի գառը՝ բոլոր մաքուր չեղողներուն համար, որպէսզի զայն Տէրոջ սրբացնեն։
18Արդարեւ ժողովուրդէն շատերը, այսինքն՝ Եփրեմէն, Մանասէէն, Իսաքարէն ու Զաբուղոնէն եկողներէն շատերը, մաքրուած չէին. թէպէտ զատիկը կերան, գրուածին համաձայն չէր. իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթեց՝ ըսելով. «Բարի Տէրը թող քաւութիւն ընէ այն բոլոր մարդոց,
19որոնք իրենց սիրտը 8տրամադրեցին փնտռելու Աստուած՝ Եհովան, իրենց հայրերուն Աստուածը, թէեւ սրբարանին մաքրութեան համաձայն մաքրուած չէին»։
20Տէրը Եզեկիայի աղօթքը լսեց, եւ 9ժողովուրդին ներեց՝՝։
21Երուսաղէմ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր Բաղարջակերքի տօնը կատարեցին. Ղեւտացիներն ու քահանաները ամէն օր Տէրը կը գովաբանէին՝ հնչեղ նուագարաններով Տէրոջ երգելով։
22Եզեկիա 10քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջ բարի 11գիտութեամբ իմաստուն՝՝ եղող բոլոր Ղեւտացիներուն։ Հանդիսաւոր տօնին եօթը օրը կերան՝ խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով, եւ Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը ներբողելով։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
23Ամբողջ համախմբումը խորհրդակցեցաւ որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն կատարեն. ուստի եօթը օր ալ մեծ ուրախութեամբ տօն կատարեցին։
24Արդարեւ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը համախմբումին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար 12պարգեւեց։ Իշխանաւորներն ալ համախմբումին հազար զուարակ եւ տասը հազար ոչխար պարգեւեցին. բազմաթիւ քահանաներ ալ սրբացան։
25Յուդայի ամբողջ համախմբումը, քահանաներն ու Ղեւտացիները ուրախացան, նաեւ Իսրայէլէն եկողներուն ամբողջ համախմբումը, եւ Իսրայէլի երկրէն եկող ու Յուդայի մէջ բնակող գաղթականները։
26Այսպէս՝ Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ. արդարեւ Իսրայէլի թագաւորին՝ Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ նոյնպիսի ուրախութիւն եղած չէր։
27Յետոյ Ղեւտացի քահանաները կանգնեցան ու ժողովուրդը օրհնեցին. անոնց ձայնը լսուեցաւ, եւ անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը՝ երկինք հասաւ։