Loading...

2 Chronicles 31

1 Chronicles  «  2 Chronicles 30  ‹  2 Chronicles 31  ›  2 Chronicles 32  »  Ezra


ԵԶԵԿԻԱ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱԶՄԷ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

1

Երբ այս բոլորը աւարտեցաւ, հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիները Յուդայի քաղաքները 1գացին, եւ ամբողջ Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կոտրտեցին, աստարովթները կտրեցին եւ բարձր տեղերն ու բագինները փլցուցին, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին սպառեցին։ Յետոյ Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքները վերադարձան, իւրաքանչիւրը՝ իր կալուածը։

2

Եզեկիա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը 2հաստատեց՝ իրենց բաժանմունքներուն համեմատ,— թէ՛ քահանաներէն եւ թէ Ղեւտացիներէն իւրաքանչիւրը՝ իր պաշտօնին համեմատ,— ողջակէզներու եւ խաղաղութեան զոհերու համար, ու Տէրոջ 3գաւիթներուն դռներուն մէջ պաշտօն կատարելու, շնորհակալ ըլլալու եւ գովաբանելու համար։

3

Նաեւ իր ինչքէն առնուելիք թագաւորին բաժինը որոշեց՝ ողջակէզներուն համար, այսինքն՝ առտուան եւ իրիկուան ողջակէզներուն համար, ու Շաբաթ օրերու, ամսագլուխներու եւ հանդիսաւոր տօներու ողջակէզներուն համար, ինչպէս գրուած է Տէրոջ Օրէնքի գիրքին մէջ։

4

Երուսաղէմ բնակող ժողովուրդին հրամայեց որ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժինը տան, որպէսզի անոնք Տէրոջ Օրէնքը կատարելու 4նուիրուին։

5

Երբ այս հրամանը 5հրապարակուեցաւ, Իսրայէլի որդիները ցորենին, քաղցուիին, իւղին, մեղրին, եւ արտերու բոլոր բերքերուն 6երախայրիքը առատութեամբ բերին. բոլորին տասանորդը առատապէս բերին։

6

Յուդայի քաղաքները բնակող Իսրայէլի ու Յուդայի որդիները՝ իրենք ալ բերին եւ դիզեցին արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդները, եւ Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն 7ընծայուած սուրբ բաներուն տասանորդները։

7

Անոնք երրորդ ամսուան մէջ սկսան 8դիզել, ու եօթներորդ ամսուան մէջ աւարտեցին։

8

Երբ Եզեկիա եւ իշխանաւորները եկան ու տեսան այդ դէզերը, Տէրը եւ անոր ժողովուրդը՝ Իսրայէլը օրհնեցին։

9

Եզեկիա այդ դէզերուն մասին հարցուց քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն։

10

Սադովկի տունէն եղող աւագ քահանան՝ Ազարիա անոր պատասխանեց. «Երբ սկսան բարձրացնելիք ընծաները Տէրոջ տունը բերել, կերանք, կշտացանք, ու շատ աւելցաւ, որովհետեւ Տէրը իր ժողովուրդը օրհնեց. աւելցածը այս մթերքն է»։

11

Եզեկիա հրամայեց որ Տէրոջ տան մէջ 9մթերանոցներ պատրաստեն. ուստի զանոնք պատրաստեցին,

12

եւ բարձրացնելիք ընծաները, տասանորդներն ու 10սուրբ բաները՝՝ հաւատարմութեամբ ներս տարին։ Անոնց 11վերակացուն Ղեւտացի Քոնոնիա էր, եւ անոր եղբայրը՝ Սեմէի իր 12փոխանորդն էր։

13

Յեքիէլ, Ազազիա, Նահաթ, Ասայէլ, Յերիմովթ, Յովզաբադ, Եղիէլ, Յեսմաքիա, Մահաթ ու Բանեա վերատեսուչներ էին՝ Քոնոնիայի եւ անոր եղբօր՝ Սեմէիի ձեռքին տակ, Եզեկիա թագաւորին ու Տէրոջ տան առաջնորդին՝ Ազարիայի հրամանով։

14

Արեւելեան կողմին դռնապանը, Ղեւտացի Յեմնայի որդին՝ Կովրէ, Աստուծոյ բերուած յօժարակամ ընծաներուն վրայ նշանակուած էր՝ Տէրոջ բարձրացնելիք ընծաներն ու ամենասուրբ բաները 13բաժնելու համար։

15

Քահանաներու քաղաքներուն մէջ՝ իր հրամանին տակ ունէր Եդենը, Մինիամինը, Յեսուն, Սեմայիան, Ամարիան եւ Սեքենիան, որպէսզի իրենց եղբայրներուն՝ մեծին ու պզտիկին՝ հաւատարմութեամբ բաժնեն ընծաները, իրենց դասերուն համեմատ.—

16

ազգահամարին մէջ արձանագրուած երեք տարեկանէն վեր եղող բոլոր արուներուն, որոնք ամէն 14օր Տէրոջ տունը կը մտնէին՝ իրենց պաշտօններուն եւ դասերուն համեմատ իրենց ծառայութիւնը կատարելու.

17

նաեւ ազգահամարին մէջ արձանագրուած քահանաներուն՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, եւ քսան տարեկանէն վեր եղող Ղեւտացիներուն՝ իրենց պաշտօններուն ու դասերուն համեմատ.

18

նաեւ ազգահամարին մէջ արձանագրուած անոնց բոլոր մանուկներուն, կիներուն, որդիներուն եւ աղջիկներուն, այսինքն՝ անոնց ամբողջ համախմբումին, քանի հաւատարմութեամբ կը 15սրբանային։

19

Իսկ անոնց քաղաքներուն արուարձաններուն արտերուն մէջ եղող Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն համար, ամէն քաղաքի մէջ՝ իրենց անուններով որոշուած մարդիկ կային, որոնք քահանաներուն բոլոր արուներուն ու Ղեւտացիներու ազգահամարին մէջ բոլոր արձանագրուածներուն բաժիններ կու տային։

20

Եզեկիա այսպէս վարուեցաւ ամբողջ Յուդայի մէջ, եւ ըրաւ ինչ որ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն առջեւ լաւ, ուղիղ ու ճշմարիտ է։

21

Իր 16ձեռնարկած բոլոր գործերը — թէ՛ Աստուծոյ տան ծառայութեան համար, եւ թէ Օրէնքին ու պատուիրաններուն համար — կատարեց իր ամբողջ սիրտով իր Աստուածը փնտռելով, ու յաջողեցաւ։



1 Եբր.՝ դուրս ելան
2 Եբր.՝ կայնեցուց
3 Եբր.՝ բանակավայրերուն
4 Եբր.՝ մէջ ուժովնան
5 Եբր.՝ պատռուեցաւ
6 Եբր.՝ առաջինները
7 Եբր.՝ սրբացուած
8 Եբր.՝ դէզերուն հիմերը դնել
9 Կամ՝ սենեակներ
10 Եբր.՝ սրբացուածները
11 Եբր.՝ առաջնորդը
12 Եբր.՝ երկրորդն
13 Եբր.՝ տալու
14 Եբր.՝ օրուան գործին համար
15 Եբր.՝ սրբանային՝ սրբութեամբ
16 Եբր.՝ սկսած