Loading...

2 Chronicles 32

1 Chronicles  «  2 Chronicles 31  ‹  2 Chronicles 32  ›  2 Chronicles 33  »  Ezra


ԱՍՈՐԵՍՏԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ (Դ. Թագ. 18. 13-37։ 19. 14-19, 35-37։ Ես. 36. 1-22։ 37. 8-38)

1

Այս արարքներէն ու հաւատարմութենէն ետք՝ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ, եւ Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ, 1մտադրելով զանոնք 2գրաւել։

2

Երբ Եզեկիա տեսաւ թէ Սենեքերիմ եկած է ու 3կ’ուզէ Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ,

3

իր իշխանաւորներուն եւ զօրաւոր մարդոց հետ խորհրդակցեցաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող ակերուն ջուրերը 4կեցնէ. անոնք ալ իրեն օգնեցին։

4

Շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ, ու բոլոր աղբիւրներն ու երկրին մէջէն անցնող վտակը խցեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ Ասորեստանի թագաւորները գան եւ առատ ջուր գտնեն»։

5

Եզեկիա ուժովցաւ. բոլոր փլած պարիսպները կառուցանեց ու մինչեւ աշտարակները բարձրացուց. դուրսէն ուրիշ պարիսպ մըն ալ կառուցանեց, եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող 5Մելոնը նորոգեց. նաեւ բազմաթիւ 6նիզակներ ու վահաններ շինեց։

6

Ժողովուրդին վրայ պատերազմի պետեր կարգեց, զանոնք իր քով հաւաքեց՝ քաղաքին դրան հրապարակին մէջ, եւ անոնց 7քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով.

7

«Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք. Ասորեստանի թագաւորէն եւ անոր հետ եղող ամբողջ բազմութենէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. արդարեւ մեզի հետ եղողները աւելի շատ են անոր հետ եղողներէն։

8

Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը՝ 8Տէրն է, մեր Աստուածը, որ մեզի պիտի օգնէ ու մեր 9պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ՝՝»։ Ուստի ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին 10խօսքերէն քաջալերուեցաւ՝՝։

9

Ասկէ ետք՝ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք եւ իր բոլոր ղեկավարները Լաքիսի դիմաց էին, իր ծառաները Երուսաղէմ ղրկեց՝ Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող ամբողջ Յուդայի, ըսելով.

10

«Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը սա՛ կը յայտարարէ. “Դուք որո՞ւ վստահելով 11Երուսաղէմի մէջ պաշարուած՝՝ կը կենաք.

11

Եզեկիա ձեզ չի՞ համոզեր, որ անօթութեամբ եւ ծարաւով մեռնելու մատնէ ձեզ՝ ըսելով. "Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ"։

12

Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերն ու զոհասեղանները հանեց, եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն հրամայեց. "Միայն մէ՛կ զոհասեղանի առջեւ երկրպագեցէք, եւ անո՛ր վրայ խունկ ծխեցէք"։

13

Չէ՞ք գիտեր թէ ուրիշ երկիրներու բոլոր ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրինք՝ ես ու իմ հայրերս. միթէ այդ երկիրներու ազգերուն աստուածները կրցա՞ն իրենց երկիրները իմ ձեռքէս ազատել։

14

Իմ հայրերուս անճիտած ազգերուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը կրցաւ իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատել, որ ձեր Աստուածը կարենայ ձեզ իմ ձեռքէս ազատել։

15

Ուստի հիմա Եզեկիա ձեզ թող չհրապուրէ եւ այդպէս ձեզ թող չհամոզէ. անոր մի՛ հաւատաք, քանի ո՛չ մէկ ազգի կամ թագաւորութեան ոեւէ մէկ աստուածը կրցաւ իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու հայրերուս ձեռքէն ազատել. ա՛լ ի՞նչպէս ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ”»։

16

Անոր ծառաները 12Տէր Աստուծոյ դէմ, եւ անոր ծառային՝ Եզեկիայի դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։

17

Սենեքերիմ նաեւ 13նամակ գրեց, Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը նախատելու եւ անոր դէմ խօսելու համար, ըսելով. «Ինչպէս ուրիշ երկիրներու ազգերուն աստուածները չկրցան իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս ազատել, նոյնպէս Եզեկիայի Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չազատէ»։

18

Յետոյ Սենեքերիմի ծառաները բարձր ձայնով 14եբրայերէն պոռացին՝ պարիսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին, զայն վախցնելու եւ շփոթեցնելու համար, որպէսզի քաղաքը գրաւեն։

19

Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ ինչպէս երկրի ժողովուրդներու աստուածներուն դէմ կը խօսէին, որոնք մարդու ձեռքերու գործ են։

20

Եզեկիա թագաւորը եւ Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն այս մասին աղօթեցին, դէպի երկինք աղաղակելով։

21

Տէրն ալ հրեշտակ մը ղրկեց, ու Ասորեստանի թագաւորին բանակավայրին մէջ անհետացուց բոլոր զօրաւոր կտրիճները, առաջնորդներն ու պետերը։ Ան 15ամօթահար իր երկիրը վերադարձաւ. երբ իր աստուծոյն տունը կը մտնէր, իր ընդերքէն ելած որդիները զինք հոն սուրով 16զարկին։

22

Այսպէս՝ Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն եւ բոլորին ձեռքէն ազատեց, ու զանոնք ամէն կողմէ պաշտպանեց։

23

Շատերը Տէրոջ ընծաներ բերին՝ Երուսաղէմ, եւ Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ՝ թանկագին պարգեւներ։ Անկէ ետք՝ ան բոլոր ազգերուն 17առջեւ բարձրացաւ։


ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ (Դ. Թագ. 20. 1-3, 12-19։ Ես. 28. 1-3։ 39. 1-8)

24

Այդ օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ, ու Տէրոջ աղօթեց։ Տէրը խօսեցաւ անոր եւ 18նշան մը տուաւ անոր։

25

Բայց Եզեկիա իր ընդունած երախտիքին փոխարէնը չհատուցանեց, որովհետեւ անոր սիրտը խրոխտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ զայրոյթ եղաւ։

26

Բայց Եզեկիա իր սիրտին խրոխտութեան համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ Երուսաղէմի բնակիչները. հետեւաբար Տէրոջ զայրոյթը անոնց վրայ չեկաւ Եզեկիայի օրերը։


ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՓԱՌՔԸ

27

Եզեկիա յոյժ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։ Ան արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, բուրաւէտ համեմներու, վահաններու եւ ամէն տեսակ ցանկալի իրերու համար գանձարաններ շինեց իրեն.

28

նաեւ ցորենի, քաղցուի ու իւղի բերքերուն համար՝ շտեմարաններ, եւ ամէն տեսակ անասուններու համար՝ ախոռներ, ու հօտերու համար՝ փարախներ։

29

Քաղաքներ ալ շինեց իրեն, եւ բազմաթիւ 19ոչխարներ ու 20արջառներ ունեցաւ, որովհետեւ Աստուած յոյժ շատ ինչք տուաւ անոր։

30

Այս Եզեկիան էր որ Գեհոնի վերի ջուրերուն ակը խցեց, եւ զայն դէպի վար՝ Դաւիթի քաղաքին արեւմտեան կողմը ուղղեց։ Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողեցաւ։

31

Բայց երբ Բաբելոնի իշխանաւորներուն 21պատգամաւորները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին 22տեղեկանալու համար, Աստուած զայն լքեց՝ որպէսզի զինք փորձարկէ եւ իր սիրտին մէջ եղած ամէն ինչ գիտնայ։


(Դ. Թագ. 20. 20-21)

32

Բայց երբ Բաբելոնի իշխանաւորներուն 21պատգամաւորները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին 22տեղեկանալու համար, Աստուած զայն լքեց՝ որպէսզի զինք փորձարկէ եւ իր սիրտին մէջ եղած ամէն ինչ գիտնայ։


ԵԶԵԿԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ

32

Եզեկիայի մնացեալ արարքները եւ անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա՛ Ամովսի որդիին՝ Եսայի մարգարէին 23Մարգարէութեան մէջ, ու Յուդայի եւ Իսրայէլի Թագաւորներու գիրքին մէջ գրուած են։

33

Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զայն Դաւիթի որդիներուն 24բարձրագոյն գերեզմաններուն մէջ՝՝ թաղեցին։ Ամբողջ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները անոր պատիւ 25ցոյց տուին՝՝ իր մահուան ատենը, եւ անոր տեղ իր որդին՝ Մանասէ թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ ըսելով
2 Եբր.՝ իրեն համար ճեղքել
3 Եբր.՝ իր երեսն է
4 Եբր.՝ խցէ
5 Այսինքն՝ միջնաբերդը
6 Կամ՝ թուրեր
7 Եբր.՝ սիրտին
8 Եբր.՝ Եհովան
9 Եբր.՝ պատերազմները պիտի պատերազմի
10 Եբր.՝ խօսքերուն յենեցաւ
11 Կամ՝ Երուսաղէմ՝ ամրոցին մէջ
12 Եբր.՝ Եհովա
13 Եբր.՝ գրութիւն
14 Եբր.՝ հրէերէն
15 Եբր.՝ երեսի ամօթով
16 Եբր.՝ տապալեցին
17 Եբր.՝ աչքերուն
18 Եբր.՝ հրաշք
19 Եբր.՝ ոչխարի խաշինք
20 Եբր.՝ արջառի խաշինք
21 Եբր.՝ թարգմանները
22 Եբր.՝ փնտռելու
23 Եբր.՝ Տեսիլքին
24 Կամ՝ գերեզմաններուն զառիվերին մօտ
25 Եբր.՝ ըրին