2 Chronicles 33
1 Chronicles « 2 Chronicles 32 ‹ 2 Chronicles 33 › 2 Chronicles 34 » Ezra
ՅՈՒԴԱՅԻ ՄԱՆԱՍԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 21. 1-9)
1Մանասէ տասներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսունհինգ տարի թագաւորեց։
2Ան Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն Տէրոջ վտարած ազգերուն գարշութիւններուն համաձայն։
3Իր հօր՝ Եզեկիայի կործանած բարձր տեղերը վերակառուցանեց, Բահաղներու բագիններ կանգնեցուց, եւ աստարովթներ շինեց։ Երկինքի բոլոր զօրքերուն երկրպագեց ու զանոնք պաշտեց։
4Նաեւ բագիններ կառուցանեց Տէրոջ տան մէջ, որուն մասին Տէրը ըսեր էր. «Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ»։
5Տէրոջ տան երկու գաւիթներուն մէջ՝ երկինքի բոլոր զօրքերուն բագիններ կառուցանեց։
6Ենովմի որդիին ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց. կը գուշակէր, կը հմայէր, վհուկներ ու նշանագէտներ 2ունէր, եւ Տէրոջ առջեւ շատ չարիք գործեց ու զայն գրգռեց։
7Իր շինած 3քանդակուած կուռքը՝՝ Աստուծոյ տունը դրաւ, որուն մասին Աստուած Դաւիթի եւ անոր որդիին՝ Սողոմոնի ըսեր էր. «Ա՛յս տան մէջ, ու Երուսաղէմի՛ մէջ — որ Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն ընտրեցի — պիտի դնեմ իմ անունս յաւիտեան։
8Իսրայէլի ոտքը անգա՛մ մըն ալ պիտի 4չշարժեմ այն 5երկրէն, որուն մէջ ձեր հայրերը 6հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ գործադրեն ամէն ինչ որ Մովսէսի 7միջոցով իրենց պատուիրեցի, ամբողջ Օրէնքին, կանոններուն ու 8դատավճիռներուն համաձայն»։
9Բայց Մանասէ այնպէս մոլորեցուց Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները, որ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն Տէրոջ բնաջնջած ազգերէն աւելի չարիք գործեցին։
10Տէրը Մանասէի եւ անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք ուշադիր չեղան։
ՄԱՆԱՍԷ ԿԸ ԶՂՋԱՅ
11Ուստի Տէրը անոնց դէմ Ասորեստանի թագաւորին սպարապետները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին, զայն պղինձէ շղթաներով կապեցին, ու Բաբելոն տարին։
12Երբ տագնապի մէջ էր, Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն 9պաղատեցաւ, եւ հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ.
13անոր աղօթեց, Տէրն ալ իր թախանձանքը ընդունեց, աղաչանքը լսեց, ու զինք Երուսաղէմ՝ իր թագաւորութեան վերադարձուց։ Այն ատեն Մանասէ գիտցաւ թէ Եհովա՛ն է միակ Աստուածը։
14Անկէ ետք՝ Դաւիթի քաղաքին դուրսը պարիսպ մը կառուցանեց, Գեհոնի արեւմտեան կողմը՝ ձորին մէջ ու մինչեւ Ձուկերու դրան մուտքը, Ոփաղն ալ շրջապատելով. զայն շատ բարձրացուց, եւ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրապետներ դրաւ։
15Օտար աստուածներն ու կուռքը Տէրոջ տունէն հանեց. Տէրոջ տան լերան վրայ եւ Երուսաղէմի մէջ իր կառուցանած բոլոր բագինները հանեց ու քաղաքէն դուրս նետեց։
16Տէրոջ զոհասեղանը կառուցանեց, անոր վրայ խաղաղութեան եւ շնորհակալութեան զոհեր մատուցանեց, ու Յուդայի հրամայեց որ Տէ՛րը՝ Իսրայէլի Աստուածը պաշտէ։
17Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր, բայց միայն Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն։
ՄԱՆԱՍԷԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Դ. Թագ. 21. 17-18)
18Մանասէի մնացեալ արարքները, իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը, եւ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունով անոր խօսող տեսանողներուն խօսքերը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն 10Գիրքին մէջ գրուած են։
19Անոր աղօթքը, թախանձանքին ընդունուիլը, ամբողջ մեղքը եւ ուխտազանցութիւնը, նաեւ այն տեղերը՝ ուր իր խոնարհելէն առաջ բարձր տեղեր կառուցանեց եւ աստարովթներ ու 11քանդակուած կուռքեր՝՝ կանգնեցուց, ահա՛ 12Հոզայի 13Գիրքին մէջ գրուած են։
20Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ զայն իր տան մէջ թաղեցին. անոր տեղ իր որդին՝ Ամոն թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 21. 19-26)
21Ամոն քսաներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորեց։
22Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, ինչպէս իր հայրը՝ Մանասէ ըրեր էր։ Ամոն իր հօր՝ Մանասէի շինած բոլոր քանդակուած կուռքերուն զոհ մատուցանեց եւ զանոնք պաշտեց.
23բայց Տէրոջ առջեւ չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը՝ Մանասէ խոնարհեր էր. հապա ինք՝ Ամոն շատցուց իր յանցանքները։
24Անոր ծառաները իրեն դէմ դաւադրեցին, ու թագաւորը իր տան մէջ մեռցուցին։
25Իսկ երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւադրողները 14մեռցուց։ Ապա երկրին ժողովուրդը անոր որդին՝ Յովսիան իր տեղ թագաւոր հռչակեց