2 Chronicles 34
1 Chronicles « 2 Chronicles 33 ‹ 2 Chronicles 34 › 2 Chronicles 35 » Ezra
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 22. 1-2)
1Յովսիա ութ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեսունմէկ տարի թագաւորեց։
2Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է. իր հօր՝ Դաւիթի ճամբաներէն ընթացաւ, եւ անոնցմէ դէպի աջ կամ ձախ չշեղեցաւ։
ՅՈՎՍԻԱ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ (Դ. Թագ. 23. 4-20)
3Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք պատանի էր, սկսաւ իր հօր՝ Դաւիթի Աստուածը փնտռել, եւ տասներկրորդ տարին՝ սկսաւ Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրել բարձր տեղերէն, աստարովթներէն, եւ քանդակուած ու 2ձուլածոյ կուռքերէն՝՝։
4Բահաղներու բագինները անոր առջեւ փլցուցին, եւ ինք արեւի սիւնարձանները կոտրտեց, որոնք բարձրը՝ անոնց վրայ էին։ Աստարովթներն ու քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքերը կոտրտեց ու մանրեց, եւ անոնց զոհ մատուցանողներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց։
5Քուրմերուն ոսկորները անոնց բագիններուն վրայ այրեց, եւ Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրեց։
6Մանասէի, Եփրեմի եւ Շմաւոնի քաղաքներուն մէջ, մինչեւ Նեփթաղիմ եւ անոնց շրջակայ 3աւերակներուն մէջ՝՝,
7բագիններն ու աստարովթները փլցուց, 4քանդակուած կուռքերը՝՝ մանրեց ու փշրեց, եւ Իսրայէլի ամբողջ երկրին մէջ եղող բոլոր արեւի սիւնարձանները կոտրտեց. ապա Երուսաղէմ վերադարձաւ։
ՕՐԷՆՔԻՆ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ (Դ. Թագ. 22. 3-20)
8Իր թագաւորութեան տասնութերորդ տարին, երբ երկիրն ու իր տունը մաքրեց, Եսելիայի որդին՝ Սափանը, քաղաքապետը՝ Մաասիան, եւ Յովաքազի որդին՝ Յովաքը — 5դիւանադպիրը — ղրկեց, որպէսզի Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն տունը նորոգեն։
9Անոնք Քեղկիա քահանայապետին եկան, Աստուծոյ տունը բերուած դրամը 6առին,— որ Ղեւտացիները՝ 7դրան պահապանները՝ Մանասէի ու Եփրեմի ձեռքէն, Իսրայէլի ամբողջ մնացորդէն, ամբողջ Յուդայէն եւ Բենիամինէն, ու Երուսաղէմի բնակիչներէն ժողվեր էին,—
10եւ գործակատարներուն — Տէրոջ տան վերատեսուչներուն — ձեռքը յանձնեցին. անոնք ալ Տէրոջ տան մէջ աշխատող գործաւորներուն տուին զայն՝ տունը վերաշինելու եւ նորոգելու համար։
11Այսինքն հիւսներուն ու կառուցանողներուն տուին, որպէսզի կոփուած քարեր եւ փայտեր գնեն՝ ագոյցներու համար ու Յուդայի թագաւորներուն քանդած տուները 8կերտելու համար։
12Այդ մարդիկը գործը հաւատարմութեամբ կը կատարէին։ Անոնց վերատեսչութեան համար՝ իբր վերակացու նշանակուած էին Մերարիի որդիներէն՝ Ղեւտացի Յեթ եւ Աբդիա, Կահաթեաններու որդիներէն՝ Զաքարիա ու Մեսուղամ, նաեւ Ղեւտացիներէն բոլոր անոնք՝ որ 9վարպետ նուագող՝՝ էին։
13Բեռնակիրներուն եւ ամէն տեսակ 10գործ կատարողներուն վերակացուներն էին. նաեւ ատենադպիրները, ոստիկաններն ու դռնապանները Ղեւտացիներէն էին։
14Երբ Տէրոջ տունը բերուած դրամը դուրս կը հանէին, Քեղկիա քահանան Մովսէսի 11միջոցով տրուած Տէրոջ Օրէնքին գիրքը գտաւ։
15Քեղկիա Սափան ատենադպիրին 12ըսաւ. «Տէրոջ տան մէջ Օրէնքին գիրքը գտայ»։ Քեղկիա այդ գիրքը Սափանի տուաւ։
16Սափան գիրքը թագաւորին տարաւ, ու 13թագաւորը տեղեկացնելով՝՝ ըսաւ. «Քու ծառաներդ իրենց յանձնուած ամբողջ գործը կը կատարեն։
17Տէրոջ տան մէջ գտնուած դրամը 14հաւաքեցին, ու զայն վերատեսուչներուն ձեռքը եւ գործակատարներուն ձեռքը յանձնեցին»։
18Յետոյ Սափան ատենադպիրը թագաւորին 15ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ», եւ Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց։
19Երբ թագաւորը Օրէնքին խօսքերը լսեց, իր հագուստները պատռեց։
20Յետոյ թագաւորը Քեղկիայի, Սափանի որդիին՝ Աքիկամի, Միքայի որդիին՝ Աբդոնի, Սափան ատենադպիրին ու թագաւորին ծառային՝ Ասայիայի պատուիրեց.
21«Գացէ՛ք, ինծի համար, եւ Իսրայէլի ու Յուդայի ճողոպրածներուն համար Տէրոջ խորհո՛ւրդ հարցուցէք՝ այս գտնուած գիրքին խօսքերուն մասին։ Արդարեւ մեծ է Տէրոջ ցասումը՝ որ մեր վրայ թափուած է, որովհետեւ մեր հայրերը Տէրոջ խօսքը չպահեցին, եւ այս գիրքին մէջ բոլոր գրուածները չկատարեցին»։
22Քեղկիա եւ թագաւորին մարդիկը գացին Ասրայի որդիին՝ Թեկուայի որդիին՝ Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին։ Ան Երուսաղէմ կը բնակէր, 16Մասենայի մէջ։ Անոր հետ այս մասին խօսեցան։
23Ան իրենց պատասխանեց. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն ըսէ՛ք.
24"Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես այս տեղին եւ անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն՝ այն բոլոր անէծքները, որոնք Յուդայի թագաւորին առջեւ կարդացուած գիրքին մէջ գրուած են։
25Որովհետեւ զիս լքեցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէսզի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերով զիս գրգռեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ ցասումս պիտի թափի ու պիտի չմարի»"։
26Բայց Տէրոջ խորհուրդ հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին սա՛ ըսէք. "Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ լսած խօսքերուդ մասին.
27«Քանի քու սիրտդ 17կակուղցաւ, եւ Աստուծոյ առջեւ խոնարհեցար, երբ այս տեղին դէմ ու անոր բնակիչներուն դէմ իր ըսած խօսքերը լսեցիր, եւ իմ առջեւս խոնարհեցար, հագուստներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ե՛ս ալ լսեցի»,— կը պատգամէ Տէրը"։
28Ահա՛ ես քեզ հայրերուդ քով պիտի ամփոփեմ, ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ իմ բերելիք բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն”»։ Անոնք ալ թագաւորին տեղեկացուցին։
ՅՈՎՍԻԱ Կ’ՈՒԽՏԷ ՏԷՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ (Դ. Թագ. 23. 1-3)
29Թագաւորը մարդ ղրկեց, եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր երէցները հաւաքեց։
30Թագաւորը Տէրոջ տունը բարձրացաւ, նաեւ Յուդայի բոլոր մարդիկն ու Երուսաղէմի բնակիչները.— քահանաները, Ղեւտացիները, եւ ամբողջ ժողովուրդը՝ մեծէն մինչեւ պզտիկը. անոնց 18առջեւ կարդաց Տէրոջ տան մէջ գտնուած Ուխտի գիրքին բոլոր խօսքերը։
31Թագաւորը իր 19տեղը կայնեցաւ ու Տէրոջ առջեւ ուխտ 20ըրաւ, որ Տէրոջ հետեւի՝ անոր պատուիրանները, վկայութիւններն ու կանոնները ամբողջ սիրտով եւ ամբողջ անձով պահելով, որպէսզի այդ գիրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը գործադրէ։
32Բոլոր Երուսաղէմ ու Բենիամինի մէջ 21գտնուողներուն հաւանիլ տուաւ՝՝. ուստի Երուսաղէմի բնակիչները Աստուծոյ — իրենց հայրերուն Աստուծոյն — ուխտին համաձայն վարուեցան։
33Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երկիրներէն հանեց բոլոր գարշութիւնները, ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողները 22ստիպեց որ Տէրը՝ իրենց Աստուածը պաշտեն։ Անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջմէն՝ իրենց հայրերուն Աստուծմէն չհեռացան։