2 Chronicles 35
1 Chronicles « 2 Chronicles 34 ‹ 2 Chronicles 35 › 2 Chronicles 36 » Ezra
ՅՈՎՍԻԱ ԿԸ ՏՕՆԷ ԶԱՏԻԿԸ (Դ. Թագ. 23. 21-23)
1Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջ Զատիկը կատարեց. զատիկը առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրը մորթեցին։
2Քահանաները իրենց պաշտօնին վրայ 1նշանակեց, ու զանոնք 2քաջալերեց որ Տէրոջ տան ծառայութիւնը կատարեն։
3Ամբողջ Իսրայէլի սորվեցնող ու Տէրոջ սրբացած Ղեւտացիներուն ըսաւ. «Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի կառուցանած տո՛ւնը դրէք, որ ձեր ուսերուն վրայ բեռ չըլլայ. ու հիմա ծառայեցէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն եւ անոր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի։
4Պատրաստուեցէ՛ք ձեր նահապետութիւններով՝ ձեր դասերուն համեմատ, Իսրայէլի թագաւորին՝ Դաւիթի գրածին համաձայն, եւ անոր որդիին՝ Սողոմոնի գրածին համաձայն։
5Սրբարանի՛ն մէջ 3տեղաւորուեցէք, ձեր եղբայրներուն — ժողովուրդին որդիներուն — նահապետութիւններուն ազգատոհմերուն համեմատ, ու Ղեւտացիներուն նահապետութիւններուն դասաւորումին համեմատ։
6Զատիկը մորթեցէ՛ք, դուք ձեզ սրբացուցէ՛ք, եւ զայն պատրաստեցէ՛ք ձեր եղբայրներուն համար, որպէսզի Տէրոջ Մովսէսի 4միջոցով ըսած խօսքին համաձայն կատարուի»։
7Յովսիա ժողովուրդին որդիներուն — բոլոր հոն գտնուողներուն — հօտերէն գառ եւ այծի ձագ 5պարգեւեց՝ թիւով երեսուն հազար, բոլորն ալ զատիկի համար, նաեւ արջառներէն երեք հազար զուարակ. ասոնք թագաւորին ինչքէն էին։
8Իր իշխանաւորներն ալ յօժարութեամբ պարգեւեցին ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն։ Աստուծոյ տան առաջնորդները՝ Քեղկիա, Զաքարիա եւ Յեքիէլ, զատիկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ տուին քահանաներուն։
9Քոնոնիա եւ անոր եղբայրները՝ Սեմայիա ու Նաթանայէլ, նաեւ Ղեւտացիներուն պետերը՝ Ասաբիա, Յէիէլ եւ Յովզաբադ, զատիկի համար հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգեւեցին Ղեւտացիներուն։
10Այսպէս՝ պաշտամունքը 6կազմակերպուեցաւ. թագաւորին պատուէրին համաձայն՝ քահանաները իրենց 7տեղը կայնեցան, եւ Ղեւտացիները՝ իրենց դասերուն համեմատ։
11Զատիկը կը մորթէին, ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին, իսկ Ղեւտացիները մորթը կը հանէին։
12Ողջակէզ ըլլալու մասերը կը 8զատէին, եւ զանոնք ժողովուրդին որդիներուն կու տային՝ նահապետութիւններուն ազգատոհմերուն համեմատ, որպէսզի Տէրոջ մատուցանեն՝ Մովսէսի գիրքին մէջ գրուածին համաձայն. արջառներն ալ նոյնպէս ըրին։
13Զատիկը կրակով եփեցին՝ կանոնին համաձայն. բայց միւս սուրբ բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին, եւ 9աճապարանքով բաժնեցին ժողովուրդին բոլոր որդիներուն։
14Յետոյ իրենց ու քահանաներուն համար պատրաստեցին. արդարեւ Ահարոնի որդիները՝ քահանաները մինչեւ գիշեր ողջակէզներն ու ճարպերը մատուցանելով զբաղած էին. ուստի Ղեւտացիները իրենց համար եւ Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն համար պատրաստեցին։
15Երգողները՝ Ասափի որդիները իրենց կայանը կեցած էին,— Դաւիթի, Ասափի, Եմանի, ու թագաւորին տեսանողին՝ Իդիթունի պատուէրին համաձայն,— իսկ դռնապանները իւրաքանչիւր դրան առջեւ էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն հեռանան, որովհետեւ անոնց համար իրենց եղբայրները՝ Ղեւտացիները կը պատրաստէին։
16Այսպէս՝ Յովսիա թագաւորին պատուէրին համաձայն՝ այդ օրը Տէրոջ ամբողջ պաշտամունքը կազմակերպուեցաւ, Զատիկը կատարելու եւ ողջակէզները Տէրոջ զոհասեղանին վրայ մատուցանելու համար։
17Այդ ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները Զատիկն ու Բաղարջակերքի տօնը եօթը օր կատարեցին։
18Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր՝ Իսրայէլի մէջ ասոր պէս Զատիկ մը կատարուած չէր. Յովսիայի, քահանաներուն, Ղեւտացիներուն, հոն գտնուող ամբողջ Յուդայի եւ Իսրայէլի, ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կատարած Զատիկին պէս՝ Իսրայէլի բոլոր թագաւորները կատարած չէին։
19Այս Զատիկը Յովսիայի թագաւորութեան տասնութերորդ տարին կատարուեցաւ։
ՅՈՎՍԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Դ. Թագ. 23. 28-30)
20Այս բոլորէն ետք, երբ Յովսիա 10տաճարը կազմակերպած էր, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը բարձրացաւ՝ Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու, եւ Յովսիա անոր հանդիպելու 11գնաց։
21Ան պատգամաւորներ ղրկեց իրեն, ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. ես այսօր քեզի դէմ եկած չեմ, հապա այն տան դէմ՝ որ կը պատերազմի ինծի դէմ։ Աստուած ինծի հրամայեց որ արտորամ. ինծի հետ եղող Աստուծոյ ընդդիմանալէ հրաժարէ՛, որ քեզ չբնաջնջէ»։
22Բայց Յովսիա 12չվերադարձաւ, հապա անոր դէմ պատերազմելու համար ծպտուեցաւ։ Մտիկ չըրաւ Նեքաւովի խօսքը՝ որ Աստուծոյ բերանէն էր, ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։
2313Աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Զիս 14հեռացուցէ՛ք ասկէ, որովհետեւ ծանրօրէն վիրաւորուեցայ»։
24Ուստի իր ծառաները զինք կառքէն հանեցին, եւ իր ունեցած երկրորդ կառքը նստեցնելով Երուսաղէմ տարին։ Ան մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ. ամբողջ Յուդան եւ Երուսաղէմը Յովսիայի համար սգացին։
25Երեմիա Յովսիայի վրայ ողբաց։ Բոլոր երգիչներն ու երգչուհիները՝ մինչեւ այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիայի մասին կը խօսին։ Զանոնք երգելու 15սովորութիւնը մտցուցին՝՝ Իսրայէլի մէջ. անոնք ահա՛ Ողբերուն մէջ գրուած են։
26Յովսիայի մնացեալ արարքները, եւ անոր բարեպաշտութիւնը՝ Տէրոջ Օրէնքին մէջ գրուածին համաձայն,
27անոր արարքները, առաջիններն ու վերջինները, ահա՛ Իսրայէլի եւ Յուդայի Թագաւորներու գիրքին մէջ գրուած են։