Loading...

2 Chronicles 36

1 Chronicles  «  2 Chronicles 35  ‹  2 Chronicles 36  ›  Ezra 1  »  Ezra


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 23. 30-35)

1

Երկրին ժողովուրդը Յովսիայի որդին՝ Յովաքազը առաւ, ու զայն Երուսաղէմի մէջ թագաւոր հռչակեց՝ իր հօր տեղ։

2

Յովաքազ քսաներեք տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, եւ Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորեց։

3

Եգիպտոսի թագաւորը զայն Երուսաղէմի մէջ գահէն 1վար առաւ՝՝, ու երկրին վրայ տուգանք դրաւ՝ հարիւր տաղանդ արծաթ եւ մէկ տաղանդ ոսկի։

4

Եգիպտոսի թագաւորը անոր եղբայրը՝ Եղիակիմը Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ թագաւոր նշանակեց, եւ անոր անունը Յովակիմի փոխեց. իսկ Նեքաւով անոր եղբայրը՝ Յովաքազը բռնեց ու Եգիպտոս տարաւ։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԿԻՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 23. 36-24. 7)

5

Յովակիմ քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, եւ Երուսաղէմի մէջ տասնմէկ տարի թագաւորեց։ Ան Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն 2առջեւ չարիք գործեց։

6

Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր դէմ 3արշաւեց, ու զայն Բաբելոն տանելու համար պղինձէ շղթաներով կապեց։

7

Նաբուգոդոնոսոր Տէրոջ տան անօթներէն Բաբելոն տարաւ եւ զանոնք Բաբելոն՝ իր մեհեանին մէջ դրաւ։

8

Յովակիմի մնացեալ արարքները, անոր գործած գարշութիւններն ու անոր պատահածը ահա՛ Իսրայէլի եւ Յուդայի Թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած են։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովաքին թագաւոր եղաւ։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 24. 8-17)

9

Յովաքին տասնութ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս եւ տասը օր թագաւորեց։ Ան Տէրոջ 4առջեւ չարիք գործեց։

10

Հետեւեալ տարին՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զօրք ղրկեց, զայն Բաբելոն բերել տուաւ՝ Տէրոջ 5տաճարին ցանկալի իրերուն հետ, եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր հօր եղբայրը՝ Սեդեկիան թագաւոր նշանակեց։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՍԵԴԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 24. 18-20։ Երեմ. 52. 1-3ա)

11

Սեդեկիա քսանմէկ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնմէկ տարի թագաւորեց։

12

Ան Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն 6առջեւ չարիք գործեց, ու Տէրոջ բերանէն խօսող Երեմիա մարգարէին առջեւ չխոնարհեցաւ։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ (Դ. Թագ. 25. 1-21։ Երեմ. 52. 3բ-11)

13

Նաեւ ըմբոստացաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին դէմ, որ անոր երդում ընել տուեր էր Աստուծոյ անունով։ Իր պարանոցը խստացուց եւ իր սիրտը կարծրացուց, որպէսզի Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն չվերադառնայ։

14

Քահանաներուն բոլոր պետերն ու ժողովուրդն ալ յոյժ շատ ուխտազանց եղան՝ 7հեթանոսներուն բոլոր գարշութիւններուն համաձայն, եւ Տէրոջ Երուսաղէմի մէջ սրբացուցած տունը պղծեցին։

15

Տէրը՝ անոնց հայրերուն Աստուածը՝ իր պատգամաւորներուն 8միջոցով՝ 9կանուխէն ազդարարութիւններ՝՝ կը ղրկէր անոնց, որովհետեւ իր ժողովուրդին եւ իր բնակարանին կը խնայէր։

16

Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’այպանէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները կը քամահրէին, մինչեւ որ Տէրոջ ցասումը իր ժողովուրդին դէմ 10բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ դարման չմնաց։

17

Անոնց դէմ Քաղդէացիներուն թագաւորը 11արշաւել տուաւ՝՝. ան ալ անոնց երիտասարդները իրենց 12սրբարանին մէջ սուրով մեռցուց, ու երիտասարդին, կոյսին, ծերին եւ տարեցին չխնայեց. Տէրը բոլորն ալ անոր ձեռքը մատնեց։

18

Աստուծոյ տան բոլոր մեծ ու պզտիկ առարկաները, Տէրոջ տան գանձերն ու թագաւորին եւ անոր իշխանաւորներուն գանձերը՝ բոլորն ալ Բաբելոն տարաւ։

19

Աստուծոյ տունը այրեցին, Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին, անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին, ու բոլոր ցանկալի իրերը փճացուցին։

20

Սուրէն ազատած մնացորդները Բաբելոն տարագրեցին. հոն մինչեւ Պարսկաստանի թագաւորութեան 13տիրապետելը, անոր եւ անոր որդիներուն հպատակ եղան,

21

որպէսզի Երեմիայի բերանով ըսուած Տէրոջ խօսքը 14իրագործուի, մինչեւ որ երկիրը իր Շաբաթները վայելէ։ Որքան ժամանակ որ ամայացած էր՝ հանգստացաւ, մինչեւ եօթանասուն տարին լրացաւ։


ԿԻՒՐՈՍ Կ’ԱՐՏՕՆԷ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ (Եզր. 1. 1-4)

22

Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, որպէսզի Երեմիայի բերանով ըսուած Տէրոջ խօսքը 15իրագործուի, Տէրը Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց, եւ ան իր ամբողջ թագաւորութեան մէջ 16ծանուցանել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.

23

«Սա՛ կը յայտարարէ Կիւրոս՝ Պարսկաստանի թագաւորը. “Երկինքի Աստուածը՝ Եհովան երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ, եւ ի՛նք ինծի հրահանգեց որ Յուդայի Երուսաղէմին մէջ իրեն տուն մը կառուցանեմ։ Ձեզմէ ո՛վ որ անոր ամբողջ ժողովուրդէն է, իր Աստուածը՝ Եհովան իրեն հետ թող ըլլայ, ու թող բարձրանայ”»։



1 Եբր.՝ հեռացուց
2 Եբր.՝ աչքերուն
3 Եբր.՝ բարձրացաւ
4 Եբր.՝ աչքերուն
5 Եբր.՝ տան
6 Եբր.՝ աչքերուն
7 Եբր.՝ ազգերուն
8 Եբր.՝ ձեռքով
9 Եբր.՝ կանուխ ելլելով ու ղրկելով
10 Եբր.՝ բարձրացաւ
11 Եբր.՝ բարձրացուց
12 Եբր.՝ սրբարանին տան
13 Եբր.՝ թագաւորելը
14 Եբր.՝ լրանայ
15 Եբր.՝ աւարտի
16 Եբր.՝ ձայն անցընել