2 Samuel 1
1 Samuel « 1 Samuel 31 ‹ 2 Samuel 1 › 2 Samuel 2 » 1 Kings
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ԼՍԷ ՍԱՒՈՒՂԻ ՄԵՌՆԻԼԸ
1Սաւուղի մեռնելէն ետք, երբ Դաւիթ Ամաղեկացիները զարնելէն վերադարձաւ, երկու օր Սիկելակ մնաց։
2Երրորդ օրը ահա՛ բանակէն՝ Սաւուղի քովէն՝ մէկը եկաւ, որուն հագուստները պատռուած էին, եւ գլուխին վրայ հող կար։ Ան Դաւիթի քով գալով՝ գետինը ինկաւ ու երկրպագեց։
3Դաւիթ անոր ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ես Իսրայէլի բանակէն խոյս տուի»։
4Դաւիթ անոր ըսաւ. «1Ի՞նչ պատահեցաւ՝՝. կ’աղերսե՛մ, պատմէ՛ ինծի»։ Ան պատասխանեց. «Ժողովուրդը պատերազմէն փախաւ. ժողովուրդէն շատեր ալ ինկան ու մեռան. նաեւ Սաւուղ եւ անոր որդին՝ Յովնաթան մեռան»։
5Դաւիթ իրեն պատմող երիտասարդին ըսաւ. «Ի՞նչպէս գիտես թէ Սաւուղ ու անոր որդին՝ Յովնաթան մեռան»։
6Իրեն պատմող երիտասարդը ըսաւ. «Դիպուածով Գեղբուէ լերան 2վրայ գտնուեցայ՝՝, եւ ահա՛ Սաւուղ իր նիզակին վրայ կռթնած էր, ու կառքերը եւ ձիաւորները անոր ետեւէն կը հասնէին։
7Այն ատեն ետեւը դառնալով՝ զիս տեսաւ ու զիս կանչեց։ Ես ալ պատասխանեցի. “Ահա՛ հոս եմ”։
8Ան ինծի ըսաւ. “Դուն ո՞վ ես”։ Ես ալ անոր պատասխանեցի. “Ամաղեկացի եմ”։
9Ան ինծի ըսաւ. “Կ’աղերսե՛մ, վրա՛ս ելիր եւ մեռցո՛ւր զիս. արդարեւ վրաս թմրութիւն մը եկաւ, բայց տակաւին շունչս 3վրաս է”։
10Ուստի անոր վրայ ելայ ու զայն մեռցուցի. որովհետեւ հասկցայ թէ ան իյնալէն ետք պիտի չապրի։ Անոր գլուխին վրայի 4թագը եւ անոր բազուկին վրայի 5ապարանջանը առի, ու զանոնք հոս՝ իմ տիրոջս բերի»։
11Այն ատեն Դաւիթ իր հագուստները բռնեց ու զանոնք պատռեց, նոյնպէս ալ իրեն հետ եղող բոլոր մարդիկը։
12Անոնք Սաւուղի համար, անոր որդիին՝ Յովնաթանի համար, 6Տէրոջ ժողովուրդին համար եւ Իսրայէլի տան համար հեծեծեցին, լացին ու մինչեւ իրիկուն ծոմ պահեցին, քանի որ սուրով ինկած էին։
13Դաւիթ իրեն պատմող երիտասարդին ըսաւ. «Դուն ուրկէ՞ ես»։ Ան պատասխանեց. «Ես գաղթականի մը՝ Ամաղեկացիի մը որդին եմ»։
14Դաւիթ անոր ըսաւ. «Ի՞նչպէս չվախցար ձեռքդ երկարելու եւ Տէրոջ օծեալը 7մեռցնելու»։
15Դաւիթ երիտասարդներէն մէկը կանչեց ու ըսաւ. «Մօտեցի՛ր եւ անոր վրայ յարձակէ՛»։ Ուստի զայն զարկաւ, ու մեռաւ։
16Դաւիթ անոր ըսաւ. «Քու արիւնդ գլո՛ւխդ ըլլայ, քանի որ բերանդ քեզի դէմ վկայեց՝ ըսելով. “Տէրոջ օծեալը մեռցուցի”»։
ԴԱՒԻԹԻ ՈՂԲԸ ՍԱՒՈՒՂԻ ԵՒ ՅՈՎՆԱԹԱՆԻ ՎՐԱՅ
17Դաւիթ Սաւուղի եւ Յովնաթանի վրայ սա՛ ողբը ըսաւ.
18(նաեւ հրամայեց որ 8Աղեղը Յուդայի որդիներուն սորվեցնեն. ահա՛ ան Ուղիղին գիրքին մէջ գրուած է.)
19«Ո՛վ Իսրայէլի պարծանքը, Քու բարձր տեղերուդ վրայ 9սպաննուած ինկար. Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան։
20Գէթի մէջ մի՛ պատմէք, Ասկաղոնի փողոցներուն մէջ մի՛ աւետէք. Որ Փղշտացիներուն աղջիկները չուրախանան, Որ անթլփատներուն աղջիկները չհրճուին։
21Ո՛վ Գեղբուէի լեռներ, Ձեր վրայ ո՛չ ցօղ գայ, ո՛չ ալ անձրեւ, Ու բարձրացնելիք ընծաներու արտեր չգտնուին. Քանի որ զօրաւորներուն վահանը հոն 10ձգուեցաւ, Սաւուղի վահանը՝ կարծես թէ իւղով չէր օծուած։
22Սպաննուածներուն արիւնէն ու զօրաւորներուն ճարպէն՝ Յովնաթանի աղեղը ետ չքաշուեցաւ, Ու Սաւուղի սուրը պարապ չվերադարձաւ։
23Սաւուղ եւ Յովնաթան Իրենց կեանքին մէջ շատ սիրելի ու հաճելի ըլլալով՝ Իրենց մահուան մէջ ալ իրարմէ չզատուեցան։ Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ Եւ առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։
24Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղի վրայ, Որ ձեզի 11վայելուչ 12կարմիրներ կը հագցնէր Ու ձեր հանդերձներուն վրայ ոսկիէ զարդեր կը դնէր։
25Պատերազմին մէջ զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան. Ո՛վ Յովնաթան, քու բարձր տեղերուդ վրայ սպաննուեցար։
26Քեզի համար կը տագնապիմ, Իմ եղբա՛յրս՝ Յովնաթա՛ն։ Դուն յոյժ 13սիրելի էիր ինծի. Քու սէրդ սքանչելի էր ինծի հանդէպ, Կիներուն սէրէն գերազանց էր։
27Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան, Ու պատերազմական զէնքերը կորսուեցան»։