Loading...

Deuteronomy 1

Numbers  «  Numbers 36  ‹  Deuteronomy 1  ›  Deuteronomy 2  »  Joshua


ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

1

Ահա՛ւասիկ այն խօսքերը՝ որ Մովսէս ամբողջ Իսրայէլի հաղորդեց Յորդանանի այս կողմը, անապատին մէջ, Սուփի դիմաց՝ դաշտին մէջ, Փառանի, Տոփէլի, Ղոբանի, Ասերովթի ու Տիզահապի մէջտեղ։

2

(Քորեբէն մինչեւ Կադէս-Բառնեայ տասնմէկ օր է՝ Սէիրի լերան ճամբայով։)

3

Քառասուներորդ տարին, տասնմէկերորդ ամիսը, ամսուան առաջին օրը՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ ինչ որ 1Տէրը իրեն պատուիրեր էր անոնց համար։

4

Եսեբոն բնակող Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորը եւ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորը զարնելէն ետք՝

5

Յորդանանի այս կողմը, Մովաբի երկրին մէջ, Մովսէս սկսաւ սա՛ Օրէնքը բացայայտել՝ ըսելով.

6

«Տէրը՝ մեր Աստուածը Քորեբի մէջ մեզի խօսեցաւ՝ ըսելով. “Այս լեռը բաւական կեցաք։

7

Դարձէ՛ք, մեկնեցէ՛ք ու գացէ՛ք Ամորհացիներուն լեռը եւ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը, դաշտը, լեռնակողմն ու դաշտագետինը, եւ հարաւային կողմն ու ծովեզերքը, Քանանացիներուն երկիրը եւ Լիբանան, մինչեւ Մեծ գետը՝ Եփրատ գետը։

8

Ահա՛ այդ երկիրը ձեր առջեւ դրի։ Մտէ՛ք ու տիրացէ՛ք այն երկրին, որուն համար Տէրը ձեր հայրերուն՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի երդում ըրաւ որ անոնց տայ, ու անոնցմէ ետք՝ անոնց զարմին”»։


ՄՈՎՍԷՍ ԿԸ ԿԱՐԳԷ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ (Ելք. 18. 13-27)

9

«Այդ ատեն ձեզի խօսեցայ եւ ըսի. “Ես առանձին չեմ կրնար ձեզ կրել.

10

Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզ բազմացուց, ու ահա՛ դուք այսօր երկինքի աստղերուն չափ շատ էք։

11

Տէրը՝ ձեր հայրերուն Աստուածը, ձեզ հազարապատիկ աւելցնէ՝ քան ինչ որ էք, եւ ձեզ օրհնէ՝ ինչպէս ձեզի խոստացաւ։

12

Ես առանձին ի՞նչպէս կարենամ ձեր ծանրութիւնը, ձեր բեռն ու ձեր վէճերը կրել։

13

Ձեր տոհմերէն իմաստուն, խելացի եւ ճանչցուած մարդի՛կ տուէք, ու ես զանոնք ձեր վրայ գլխաւոր կարգեմ”։

14

Իսկ դուք ինծի պատասխանեցիք. “Լաւ է ընել ինչ որ ըսիր”։

15

Ուստի ձեր տոհմապետները — իմաստուն եւ ճանչցուած մարդիկ — առի ու զանոնք ձեր վրայ գլխաւոր կարգեցի, այսինքն՝ ձեր տոհմերուն մէջ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ, տասնապետներ եւ ոստիկաններ։

16

Այդ ատեն ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի. “Ձեր եղբայրներուն միջեւ եղած խնդիրները մտի՛կ ըրէք, ու ամէն մարդու խնդիրը՝ թէ՛ իր եղբօր հետ եւ թէ իր քով եղող գաղթականին հետ՝ արդարութեա՛մբ դատեցէք։

17

Դատաստանի մէջ 2աչառութիւն մի՛ ընէք՝՝. թէ՛ պզտիկին մտիկ ըրէք, թէ՛ ալ մեծին. բնա՛ւ 3մարդէ մը՝՝ մի՛ վախնաք, քանի որ դատաստանը Աստուծոյ է. իսկ ձեզի դժուար երեւցած խնդիրը ինծի՛ ներկայացուցէք, որ զայն մտիկ ընեմ”։

18

Այդ ատեն ձեր բոլոր ընելիք բաները ձեզի պատուիրեցի»։


ԼՐՏԵՍՆԵՐ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻՆ ԿԱԴԷՍ-ԲԱՌՆԵԱՅԷՆ (Թիւ. 13. 1-33)

19

«Յետոյ Քորեբէն մեկնեցանք, ձեր տեսած այդ մեծ եւ ահաւոր անապատէն ամբողջովին անցանք՝ Ամորհացիներու լերան ճամբայով, ինչպէս Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզի պատուիրեր էր, ու Կադէս-Բառնեայ հասանք։

20

Ձեզի ըսի. “Դուք Ամորհացիներուն լեռը հասաք, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզի կու տայ։

21

Նայէ՛, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այդ երկիրը առջեւդ դրաւ. ուրեմն բարձրացի՛ր, տիրացի՛ր անոր, ինչպէս Տէրը՝ քու հայրերուդ Աստուածը քեզի ըսաւ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր”։

22

Դուք բոլորդ ինծի մօտեցաք եւ ըսիք. “Մեզմէ առաջ մարդի՛կ ղրկենք, որպէսզի երկիրը խուզարկեն մեզի համար, ու մեզի լուր բերեն թէ ի՛նչ ճամբայով պիտի բարձրանանք եւ ո՛ր քաղաքները պիտի հասնինք”։

23

Այս խօսքը 4ինծի հաճելի՝՝ ըլլալով՝ ձեզմէ տասներկու մարդ առի, ամէն մէկ տոհմէն մէկ մարդ։

24

Անոնք դարձան, լեռը բարձրացան ու Եսքողի ձորը հասնելով՝ այն երկիրը լրտեսեցին։

25

Այն երկրին պտուղէն իրենց ձեռքերուն մէջ առնելով մեզի իջեցուցին, եւ մեզի լուր բերին՝ ըսելով. “Լաւ է այն երկիրը, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզի կու տայ”։

26

Բայց դուք չուզեցիք բարձրանալ, ու Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն 5հրամանին դէմ ընդվզեցաք։

27

Ձեր վրաններուն մէջ տրտնջելով ըսիք. “Տէրը մեզ ատելուն համար Եգիպտոսի երկրէն մեզ դուրս հանեց, որպէսզի մեզ Ամորհացիներուն ձեռքը մատնէ եւ մեզ բնաջնջէ։

28

Ո՞ւր պիտի բարձրանանք. մեր եղբայրները մեր սիրտերը 6թուլցուցին, որովհետեւ ըսին. "Այն ժողովուրդը մեզմէ մեծ ու բարձրահասակ է, քաղաքները մեծ եւ պարսպապատ են՝ մինչեւ երկինք. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք"”։

29

Բայց ես ձեզի ըսի. “Մի՛ ահաբեկիք եւ անոնցմէ մի՛ վախնաք.

30

Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ որ ձեր առջեւէն կ’երթայ, ի՛նք ձեզի համար պիտի պատերազմի, Եգիպտոսի մէջ ձեր աչքերուն առջեւ ձեզի ըրած ամէն ինչին համեմատ։

31

Անապատին մէջ ալ տեսար թէ ինչպէս մարդ մը իր որդին կը կրէ, Տէրը՝ քու Աստուածդ ալ քեզ կրեց ձեր քալած բոլոր ճամբաներուն մէջ, մինչեւ որ այս տեղը հասաք”։

32

Սակայն այս բանին մէջ չհաւատացիք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն,

33

որ ձեզի բանակելու տեղ հետախուզելու համար՝ ճամբան ձեր առջեւէն կ’երթար, գիշերը՝ կրակի մէջ, ձեր երթալիք ճամբան ձեզի ցուցնելու համար, իսկ ցերեկը՝ ամպի մէջ»։


ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ (Թիւ. 14. 20-45)

34

«Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսելով զայրացաւ, ու երդում ըրաւ՝ ըսելով.

35

“Այս մարդոցմէն, այս չար սերունդէն, բնա՛ւ մէկը պիտի չտեսնէ այն լաւ երկիրը, որուն համար երդում ըրի՝ ձեր հայրերուն տալու։

36

Բայց միայն Յեփոնէի որդին՝ Քաղէբ պիտի տեսնէ զայն, եւ անոր կոխած երկիրը՝ իրեն ու իր որդիներուն պիտի տամ, որովհետեւ ան լման հետեւեցաւ Տէրոջ”։

37

Ձեզի համար Տէրը ինծի դէմ ալ բարկացաւ եւ ըսաւ. “Դո՛ւն ալ պիտի չմտնես հոն.

38

այլ քու 7սպասարկուդ, Նաւէի որդին՝ Յեսու, ի՛նք պիտի մտնէ հոն։ 8Քաջալերէ՛ զայն, որովհետեւ ա՛ն Իսրայէլի ժառանգել պիտի տայ այն երկիրը։

39

Ձեր մանուկները, որոնց համար կ’ըսէիք թէ պիտի կողոպտուին, եւ ձեր որդիները, որ այսօր բարին ու չարը չեն գիտեր, անո՛նք պիտի մտնեն հոն. անո՛նց պիտի տամ այն երկիրը, եւ անո՛նք պիտի տիրանան անոր։

40

Իսկ դուք՝ դարձէ՛ք, ու դէպի անապա՛տը մեկնեցէք՝ Կարմիր ծովուն ճամբայով”։

41

Դուք ալ պատասխանեցիք եւ ինծի ըսիք. “Մենք Տէրոջ դէմ մեղանչեցինք. պիտի բարձրանանք ու պատերազմինք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն բոլոր մեզի պատուիրածներուն համաձայն”։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր պատերազմական զէնքը մէջքը կապեց, եւ 9թեթեւամտութեամբ պատրաստուեցաք՝՝ լեռը բարձրանալ։

42

Ուստի Տէրը ինծի ըսաւ. “Անոնց ըսէ՛. "Մի՛ բարձրանաք ու մի՛ պատերազմիք, քանի որ ես ձեր մէջ չեմ. որպէսզի ձեր թշնամիներէն չպարտուիք"”։

43

Ես ալ ձեզի խօսեցայ, բայց դուք մտիկ չըրիք. հապա Տէրոջ հրամանին դէմ ընդվզեցաք եւ յանդգնութեամբ լեռը բարձրացաք։

44

Այդ լերան վրայ բնակող Ամորհացիներն ալ դուրս ելան՝ ձեր դիմաց, մեղուներու պէս հալածեցին ձեզ ու Սէիրի մէջ ջախջախեցին ձեզ՝ մինչեւ Հորմա։

45

Երբ վերադարձաք՝ Տէրոջ առջեւ լացիք, սակայն Տէրը ձեր ձայնը մտիկ չըրաւ եւ ձեզի չունկնդրեց։

46

Ապա երկար ժամանակ Կադէսի մէջ կեցաք, ձեր հոն բնակած օրերուն համեմատ»։



1 Եբր.՝ Եհովան
2 Եբր.՝ երես մի՛ ճանչնաք
3 Եբր.՝ մարդու մը երեսէն
4 Եբր.՝ աչքերուս լաւ
5 Եբր.՝ բերանին
6 Եբր.՝ հալեցուցին
7 Եբր.՝ առջեւդ կայնողը
8 Եբր.՝ Ուժովցո՛ւր
9 Կամ՝ հաւաքուեցաք