Loading...

Deuteronomy 2

Numbers  «  Deuteronomy 1  ‹  Deuteronomy 2  ›  Deuteronomy 3  »  Joshua


ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

1

«Յետոյ դարձանք ու դէպի անապատը մեկնեցանք՝ Կարմիր ծովուն ճամբայով, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր, ու երկար ժամանակ Սէիրի լերան շուրջը դարձանք։

2

Ապա Տէրը ինծի ըսաւ.

3

“Այս լերան շուրջը բաւական դարձաք. հիւսիսային կո՛ղմը դարձէք։

4

Ժողովուրդին ալ պատուիրէ՛. "Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն հողամասէն պիտի անցնիք։ Անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք շա՛տ զգուշացէք.

5

անոնց դէմ մի՛ մաքառիք, քանի որ ես անոնց երկրէն ոտնատեղ մըն ալ պիտի չտամ ձեզի, որովհետեւ Սէիրի լեռը Եսաւի տուած եմ իբր ստացուածք։

6

Կերակուրը դրամո՛վ գնեցէք անոնցմէ ու կերէ՛ք. ջո՛ւրն ալ դրամով գնեցէք անոնցմէ եւ խմեցէ՛ք։

7

Արդարեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. ան գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը քալես. Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այս քառասուն տարիները քեզի հետ էր, ու ոչինչ պակսեցաւ քեզի"”։

8

Ուստի մենք մեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն քովէն — որոնք Սէիր կը բնակէին —, դաշտի ճամբայէն, Ելաթէն եւ Գասիոն-Գաբերէն անցանք, ու անկէ դառնալով՝ Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք։

9

Տէրը ինծի ըսաւ. “Մովաբացիներուն մի՛ թշնամանար եւ անոնց դէմ մի՛ մաքառիր. արդարեւ անոնց երկրէն քեզի ստացուածք պիտի չտամ, որովհետեւ Արը Ղովտի որդիներո՛ւն տուի իբր ստացուածք”։

10

(Առաջ հոն Էմիմները կը բնակէին, որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ, բազմաթիւ ու բարձրահասակ ժողովուրդ մըն էին։

11

Անո՛նք ալ Ենակիմներուն պէս 1հսկաներ կը սեպուէին. սակայն Մովաբացիները զանոնք Էմիմ կը կոչէին։

12

Առաջ՝ Սէիրի մէջ Քոռեցիները կը բնակէին. բայց Եսաւի որդիները զանոնք վտարելով եւ իրենց առջեւէն զանոնք բնաջնջելով՝ անոնց տեղը բնակեցան, ինչպէս Իսրայելացիները ըրին իրենց ստացուածքի երկրին՝ որ Տէրը անոնց տուաւ։)

13

“Հիմա կանգնեցէ՛ք, Զարեդ 2վտակէն անցէ՛ք”։ Ու մենք Զարեդ վտակէն անցանք։

14

Մեր քալած ժամանակը, Կադէս-Բառնեայէն ելլելէն մինչեւ Զարեդ վտակէն անցնիլը, երեսունութ տարի եղաւ. մինչեւ որ բանակին մէջէն պատերազմիկներուն ամբողջ սերունդը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր։

15

Զանոնք բանակին մէջէն բնաջնջելու համար՝ Տէրոջ ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչեւ որ անոնք սպառեցան։

16

Երբ բոլոր պատերազմիկները մեռնելով ժողովուրդին մէջէն սպառեցան,

17

Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով.

18

“Այսօր անցի՛ր Մովաբի հողամասը եղող Արէն

19

եւ մօտեցի՛ր Ամմոնի որդիներուն 3սահմանին։ Անոնց մի՛ թշնամանար ու իրենց դէմ մի՛ մաքառիր. արդարեւ Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ստացուածք պիտի չտամ, որովհետեւ զայն Ղովտի որդիներո՛ւն տուի իբր ստացուածք”։

20

(Այդ ալ 4հսկաներու երկիր կը սեպուէր։ Առաջ հոն հսկաներ կը բնակէին եւ Ամմոնացիները զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին։

21

Անոնք Ենակիմներուն պէս մեծ, բազմաթիւ ու բարձրահասակ ժողովուրդ մըն էին, բայց Տէրը զանոնք բնաջնջեց իրենց առջեւէն, եւ զանոնք վտարեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։

22

Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւի որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջնջեց անոնց առջեւէն, ու զանոնք վտարեցին եւ իրենց տեղը բնակեցան մինչեւ այսօր։

23

Իսկ Աւացիները, որ 5գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին՝ մինչեւ Գազա, զանոնք ալ Կափթորէն ելլող Կափթորացիները բնաջնջեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։)

24

“Կանգնեցէ՛ք, մեկնեցէ՛ք, եւ անցէ՛ք Առնոն վտակէն։ Ահա՛ Եսեբոնի թագաւորը՝ Ամորհացի Սեհոնը, ու անոր երկիրը, քու ձեռքդ տուի. սկսէ՛ տիրանալ, եւ մաքառէ՛ անոր դէմ։

25

Այսօր քու անունիդ երկիւղն ու վախը պիտի սկսիմ դնել երկինքի տակ եղող բոլոր ժողովուրդներուն վրայ. համբաւդ լսողները՝ քու 6պատճառովդ պիտի սասանին եւ սարսափին”»։


ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՍԵՀՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ (Թիւ. 21. 21-30)

26

«Ուստի Կադեմոթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցի՝ խաղաղութեան խօսքերով, ըսելով.

27

“Անցնի՛մ քու երկրէդ. 7պողոտայէ՛ն պիտի երթամ. աջ կողմ կամ ձախ կողմ պիտի չշեղիմ։

28

Կերակուրը ինծի դրամո՛վ ծախէ՝ որ ուտեմ. ջո՛ւրն ալ դրամով տուր՝ որ խմեմ. միայն ոտքերովս պիտի անցնիմ,

29

(ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւի որդիներն ու Ար բնակող Մովաբացիները ինծի ըրին,) մինչեւ որ Յորդանանէն անցնիմ դէպի այն երկիրը, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզի կու տայ”։

30

Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց որ մենք անկէ անցնինք. որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ անոր հոգին խստացուցեր էր եւ սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէսզի զայն ձեռքդ մատնէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։

31

Տէրը ինծի ըսաւ. “Ահա՛ Սեհոնն ու անոր երկիրը սկսայ ձեռքդ մատնել. սկսէ՛ տիրանալ, որպէսզի անոր 8երկիրը ժառանգես՝՝”։

32

Ուստի Սեհոն դուրս ելաւ՝ մեր դիմաց, ինք եւ իր ամբողջ ժողովուրդը, որպէսզի Յասսայի մէջ մեզի դէմ պատերազմի։

33

Տէրը՝ մեր Աստուածը զայն մեր ձեռքը մատնեց, ու մենք զայն, անոր որդիները եւ ամբողջ ժողովուրդը զարկինք։

34

Այդ ատեն անոր բոլոր քաղաքները գրաւեցինք, ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այրերը, կիներն ու մանուկները անճիտեցինք. ո՛չ մէկ վերապրող թողուցինք։

35

Միայն անասունները մեզի համար կողոպտեցինք, նաեւ մեր գրաւած քաղաքներուն աւարները։

36

Առնոն վտակին եզերքը եղող Արոէրէն ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն մինչեւ Գաղաադ՝ ո՛չ մէկ բերդաքաղաք մեզի 9դիմադրեց. Տէրը՝ մեր Աստուածը բոլորն ալ մեր ձեռքը մատնեց։

37

Միայն Ամմոնի որդիներուն երկրին, Յաբոկ վտակին որեւէ ափին, լեռնային քաղաքներուն եւ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն բոլոր մեզի 10արգիլած տեղերուն չմօտեցար»։



1 Կամ՝ Ռափայիններ
2 Կամ՝ ձորէն
3 Եբր.՝ դիմաց
4 Կամ՝ Ռափայիններու
5 Կամ՝ Ասերիմի
6 Եբր.՝ երեսէդ
7 Եբր.՝ ճամբային ճամբայէն
8 Եբր.՝երկրին տիրանաս
9 Եբր.՝ բարձր եղաւ
10 Եբր.՝ պատուիրած