Loading...

Deuteronomy 3

Numbers  «  Deuteronomy 2  ‹  Deuteronomy 3  ›  Deuteronomy 4  »  Joshua


ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՈՎԳ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ (Թիւ. 21. 31-35)

1

«Յետոյ դարձանք ու Բասանի ճամբան բարձրացանք։ Բասանի Ովգ թագաւորը դուրս ելաւ՝ մեր դիմաց, ինք եւ իր ամբողջ ժողովուրդը, որպէսզի Եգրայիի մէջ պատերազմի։

2

Տէրը ինծի ըսաւ. “Անկէ մի՛ վախնար, որովհետեւ զայն եւ անոր ամբողջ ժողովուրդն ու երկիրը քու ձեռքդ կը մատնեմ. անո՛ր ալ ըրէ՝ ինչպէս ըրիր Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին, որ Եսեբոն կը բնակէր”։

3

Տէրը՝ մեր Աստուածը Բասանի Ովգ թագաւորն ալ մեր ձեռքը մատնեց, նաեւ անոր ամբողջ ժողովուրդը. մենք զարկինք զայն, մինչեւ որ ո՛չ մէկ վերապրող թողուցինք անկէ։

4

Այդ ատեն անոր բոլոր քաղաքները գրաւեցինք. բերդաքաղաք մը չկար, որ անոնցմէ առած չըլլայինք. վաթսուն քաղաք, այսինքն ամբողջ Արգովբի նահանգը, Ովգի թագաւորութիւնը՝ Բասանի մէջ։

5

Այդ բոլոր քաղաքներն ալ ամրացած էին բարձր պարիսպներով, դռներով ու նիգերով, անպարիսպ քաղաքներէն զատ, որոնք յոյժ շատ էին։

6

Զանոնք նզովեցինք, ինչպէս Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին ըրինք. ամէն քաղաքի մէջ այրերը, կիներն ու մանուկները անճիտեցինք։

7

Սակայն բոլոր անասուններն ու քաղաքներուն աւարները մեզի համար կողոպտեցինք։

8

Նաեւ այդ ատեն Ամորհացիներուն երկու թագաւորներուն ձեռքէն առինք այն երկիրը՝ որ Յորդանանի այս կողմն է, Առնոն վտակէն մինչեւ Հերմոն լեռը։

9

(Սիդոնացիները Հերմոնը Սարիոն կը կոչէին, բայց Ամորհացիները զայն Սանիր կը կոչէին։)

10

Լեռնադաշտին բոլոր քաղաքները, ամբողջ Գաղաադը եւ ամբողջ Բասանը՝ մինչեւ Սելքա ու Եդրայի, Բասանի մէջ եղած Ովգի թագաւորութեան քաղաքները գրաւեցինք։

11

Արդարեւ 1հսկաներու 2մնացորդէն միայն Բասանի Ովգ թագաւորը մնացած էր. ահա՛ անոր մահիճը — երկաթէ մահիճ մը — Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ կը գտնուի. անոր երկայնքը ինը կանգուն է, ու լայնքը՝ չորս կանգուն, 3սովորական կանգունով»։


ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԳՏՆՈՒՈՂ ՏՈՀՄԵՐԸ (Թիւ. 32. 1-42)

12

«Այս երկիրը՝ որուն տիրացանք այդ ատեն — Առնոնի ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ լերան կէսը — իր քաղաքներով Ռուբէնեաններուն եւ Գադեաններուն տուի։

13

Գաղաադի մնացած մասն ու ամբողջ Բասանը, այսինքն՝ Ովգի թագաւորութիւնը — Արգովբի ամբողջ նահանգը, ամբողջ Բասանի հետ՝ որ 4հսկաներու երկիր կը կոչուէր —, Մանասէի կէս տոհմին տուի։

14

Մանասեան Յայիր ամբողջ Արգովբի նահանգը առաւ, մինչեւ Գեսուրացիներուն եւ Մաքաթացիներուն հողամասը, ու զանոնք իր անունով մինչեւ այսօր 5Բասան-Հաւոթ-Յայիր՝՝ կոչեց։)

15

Այսպէս՝ Գաղաադը Մաքիրի տուի,

16

իսկ Գաղաադէն մինչեւ Առնոնի ձորը, (այսինքն ձորին մէջտեղը՝ որ սահմանն է,) եւ մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղող Յաբոկի ձորը՝ Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի.

17

նաեւ դաշտը եւ Յորդանանը՝ իր եզերքով, Քեներէթէն մինչեւ դաշտին ծովը, այսինքն՝ Աղի ծովը, արեւելեան կողմը եղող Ասեդովթ-Փասգայի ստորոտը։

18

Այդ ատեն ձեզի պատուիրեցի. “Տէրը՝ ձեր Աստուածը այս երկիրը ձեզի տուաւ՝ անոր տիրանալու համար։ Ուստի դո՛ւք, բոլոր 6կտրիճներդ, զինուա՛ծ անցէք Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր եղբայրներուն առջեւ

19

— բայց ձեր կիները, մանուկներն ու խաշինքը, (որովհետեւ գիտեմ թէ ձեր խաշինքը շատ է,) թող մնան ձեր քաղաքներուն մէջ՝ որ ես ձեզի տուի —,

20

մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ, եւ անոնք ալ տիրանան այն երկրին, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը Յորդանանի միւս կողմը անոնց պիտի տայ. յետոյ ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող վերադառնայ իր ստացուածքին՝ որ ես ձեզի տուի”։

21

Այդ ատեն Յեսուի պատուիրեցի. “Քու աչքերդ տեսան ինչ որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ըրաւ այս երկու թագաւորներուն. այդպէս ալ պիտի ընէ Տէրը այն բոլոր թագաւորութիւններուն, ուրկէ պիտի անցնիս։

22

Անոնցմէ մի՛ վախնաք, որովհետեւ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ի՛նք կը պատերազմի ձեզի համար”»։


ՄՈՎՍԷՍԻ Չ’ԱՐՏՕՆՈՒԻՐ ՄՏՆԵԼ ՔԱՆԱՆ

23

«Այդ ատեն Տէրոջ աղաչեցի՝ ըսելով.

24

“Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն սկսար քու ծառայիդ ցոյց տալ քու մեծութիւնդ ու քու ուժեղ ձեռքդ, որովհետեւ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՞վ է այն աստուածը, որ կարող ըլլայ քու գործերդ ընել՝ քու զօրութեանդ համեմատ։

25

Կ’աղերսե՛մ, թո՛ղ որ անցնիմ, եւ Յորդանանի միւս կողմը եղող լաւ երկիրը տեսնեմ, այն վայելչագեղ լեռն ու Լիբանանը”։

26

Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծի դէմ սրդողեցաւ եւ ինծի մտիկ չըրաւ։ Տէրը ինծի ըսաւ. “Բաւակա՛ն է. ա՛լ մի՛ խօսիր ինծի այս բանին մասին։

27

Փասգայի գագա՛թը բարձրացիր, աչքե՛րդ վերցուր դէպի արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ ու արեւելք, եւ աչքերո՛վդ դիտէ. քանի որ դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս։

28

Հապա Յեսուի պատուէր տալով՝ ուժովցո՛ւր ու քաջասի՛րտ ըրէ զայն, որովհետեւ ի՛նք պիտի անցնի այս ժողովուրդին առջեւէն, եւ ի՛նք ժառանգել պիտի տայ անոնց այն երկիրը՝ որ դուն պիտի տեսնես”։

29

Ուստի մենք հովիտին մէջ կեցանք՝ Բեթփէովրի դիմաց»։



1 Կամ՝ Ռափայիններու
2 Կամ՝ բազմութենէն
3 Եբր.՝ մարդու
4 Կամ՝ Ռափայիններու
5 Այսինքն՝ Յայիրի գիւղաքաղաքներուն Բասանը
6 Եբր.՝ կտրիճի որդիներդ