Loading...

Deuteronomy 4

Numbers  «  Deuteronomy 3  ‹  Deuteronomy 4  ›  Deuteronomy 5  »  Joshua


ՄՈՎՍԷՍ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ

1

«Ուստի հիմա մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ, այն կանոններն ու 1դատավճիռները՝ որ քեզի կը սորվեցնեմ, որպէսզի զանոնք գործադրելով ապրիս, մտնես այն երկիրը, որ Տէրը՝ ձեր հայրերուն Աստուածը՝ ձեզի կու տայ, եւ տիրանաս անոր։

2

Ձեզի պատուիրած խօսքիս վրայ բան մը մի՛ աւելցնէք ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք, այլ պահեցէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պատուիրանները՝ որ ձեզի կը հրամայեմ։

3

Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բահաղ-Փէովրի ըրաւ. որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ Բահաղ-Փէովրի հետեւող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն բնաջնջեց։

4

Բայց դուք, որ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն յարեցաք, բոլորդ այսօր ողջ էք։

5

Ահա՛ ձեզի կանոններ ու դատավճիռներ սորվեցուցի, ինչպէս Տէրը՝ իմ Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէսզի զանոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք՝ անոր տիրանալու համար։

6

Ուստի զանոնք պահեցէ՛ք եւ գործադրեցէ՛ք. որովհետեւ ձեր իմաստութիւնն ու խելացութիւնը ասիկա պիտի ըլլայ ժողովուրդներուն 2առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. “Ի՛րապէս այս մեծ ազգը իմաստուն եւ խելացի ժողովուրդ մըն է”։

7

Արդարեւ ո՞ր մեծ ազգին աստուածները իրեն այնքան մօտ են, որքան մեր Աստուածը՝ Եհովան մեզի մօտ է, երբ ամէն բանի համար զինք կը կանչենք.

8

եւ ո՞ր մեծ ազգը արդար կանոններ ու դատավճիռներ ունի այս ամբողջ Օրէնքին նման, որ այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ։

9

Միայն թէ զգուշացի՛ր դուն քեզի. շա՛տ ուշադիր եղիր քու անձիդ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սիրտէդ չհեռանան, այլ զանոնք սորվեցնես որդիներուդ ու որդիներուդ որդիներուն։

10

Այն օրը երբ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ կայնած էիր՝ Քորեբի մէջ, Տէրը ինծի ըսաւ. “Համախմբէ՛ ինծի ժողովուրդը. իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէսզի սորվին ինձմէ վախնալ՝ որքան ժամանակ որ երկրագունդի վրայ ապրին, եւ իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն”։

11

Դուք մօտենալով՝ լերան ստորոտը կայնեցաք, երբ լեռը 3մինչեւ երկինք՝՝ կրակով կը վառէր՝ խաւարով, ամպով ու մառախուղով ծածկուած։

12

Տէրը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ. դուք անոր խօսքերուն ձայնը լսեցիք, բայց ո՛չ մէկ կերպարանք տեսաք. միայն ձայնը լսեցիք։

13

Իր ուխտը՝ տասը պատուիրանները՝ ձեզի բացատրեց, հրամայելով որ զանոնք գործադրէք, եւ զանոնք երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց։

14

Այդ ատեն Տէրը ինծի պատուիրեց, որ ձեզի կանոններ ու դատավճիռներ սորվեցնեմ, որպէսզի զանոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի անցնիք՝ անոր տիրանալու համար»։


ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

15

«Քանի ո՛չ մէկ կերպարանք տեսաք այն օրը երբ Տէրը ձեզի խօսեցաւ Քորեբ լեռը՝ կրակին մէջէն, շա՛տ ուշադիր եղէք ձեր անձերուն,

16

որ չապականիք՝ ձեզի շինելով 4կուռք մը — որեւէ 5բանի կերպարանքը, արուի մը կամ էգի մը կերպարը,

17

երկրի վրայ եղող որեւէ անասունի մը կերպարը, երկինքի մէջ թռչող որեւէ թեւաւոր թռչնազգիի մը կերպարը,

18

գետինի վրայ շարժող որեւէ սողունի մը կերպարը, երկրի տակ՝ ջուրերուն մէջ եղող որեւէ ձուկի մը կերպարը —,

19

նաեւ աչքերդ երկինք չվերցնես եւ արեւը, լուսինը, աստղերն ու երկինքի ամբողջ 6զարդը տեսնելով չմղուիս անոնց երկրպագել եւ զանոնք պաշտել։ Արդարեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ զանոնք բաժին տուաւ ամբողջ երկինքին տակ եղող բոլոր ժողովուրդներուն.

20

բայց Տէրը ձեզ առաւ ու ձեզ երկաթի քուրայէն՝ Եգիպտոսէն հանեց, որպէսզի իրեն 7սեփական ժողովուրդ ըլլաք, ինչպէս այսօր եղած էք։

21

Տէրը ձեր պատճառով ինծի դէմ բարկանալով՝ երդում ըրաւ որ Յորդանանէն չանցնիմ, եւ չմտնեմ այն լաւ երկիրը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ կու տայ իբր ժառանգութիւն։

22

Ուրեմն ես այս երկրին մէջ պիտի մեռնիմ ու Յորդանանէն պիտի չանցնիմ. բայց դուք պիտի անցնիք եւ այդ լաւ երկրին պիտի տիրանաք։

23

Զգուշացէ՛ք, որ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձեզի հետ կնքած ուխտը չմոռնաք ու ձեզի չշինէք կուռք մը — որեւէ բանի մը կերպարանքը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի 8արգիլեց.

24

քանի որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ սպառող կրակ է, ան նախանձախնդիր Աստուած է։

25

Երբ դուք որդիներ ու որդիներու որդիներ ծնանիք եւ այդ երկրին մէջ 9երկար ժամանակ բնակիք՝՝, եթէ ապականիք՝ շինելով կուռք մը — որեւէ բանի մը կերպարանքը —, ու Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ չարիք գործէք եւ զայն գրգռէք,

26

այսօր երկինքն ու երկիրը ձեզի դէմ վկայ կը կանչեմ թէ դուք անպատճառ շուտով պիտի կորսուիք այն երկրէն, որուն պիտի տիրանաք՝ Յորդանանէն անցնելով։ Անոր մէջ ձեր օրերը երկար պիտի չըլլան, այլ բոլորովին պիտի բնաջնջուիք։

27

Տէրը ձեզ ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ, նաեւ սակաւաթիւ պիտի մնաք այն ազգերուն մէջ՝ ուր Տէրը ձեզ պիտի տանի։

28

Հոն մարդու ձեռքով շինուած քարէ ու փայտէ աստուածներ պիտի պաշտէք, որ ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ կ’ուտեն, ո՛չ ալ կը հոտոտեն։

29

Նաեւ հոն Տէրը՝ քու Աստուածդ պիտի փնտռես, ու եթէ զայն ամբողջ սիրտովդ եւ ամբողջ անձովդ փնտռես՝ պիտի գտնես։

30

Երբ տագնապի մէջ ըլլաս ու վերջին օրերը այս բոլոր բաները քեզի պատահին, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ պիտի վերադառնաս եւ անոր խօսքը մտիկ պիտի ընես.

31

որովհետեւ Տէրը, քու Աստուածդ, գթած Աստուած ըլլալով՝ քեզ երեսի վրայ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չբնաջնջէ, եւ քու հայրերուդ ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր անոնց։

32

Հարցո՛ւր այժմ քեզմէ առաջ եղած նախկին օրերուն մասին, թէ այն օրէն ի վեր՝ երբ Աստուած մարդը երկրի վրայ ստեղծեց, արդեօք սա՛ մեծ բանին պէս եղա՞ծ է երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, կամ անոր նմանը լսուա՞ծ է։

33

Արդեօք ժողովուրդ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է։

34

Կամ թէ Աստուած փորձե՞ր է գալ իրեն առնել ազգ մը ուրիշ ազգի մը մէջէն՝ փորձութիւններով, նշաններով, հրաշքներով, պատերազմով, ուժեղ ձեռքով, երկարած բազուկով եւ մեծ արհաւիրքներով, ինչպէս Տէրը՝ ձեր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջեւ։

35

Ասիկա քեզի ցոյց տրուեցաւ, որպէսզի գիտնաս թէ Եհովա՛ն է միակ Աստուածը. իրմէ զատ ուրիշ մը չկայ։

36

Քեզ խրատելու համար՝ իր ձայնը երկինքէն լսել տուաւ քեզի, ու երկրի վրայ իր մեծ կրակը ցոյց տուաւ քեզի եւ անոր խօսքերը կրակին մէջէն լսեցիր։

37

Քու հայրերդ սիրելուն համար՝ անոնցմէ ետք անոնց զարմը ընտրեց, ու մեծ կարողութեամբ քեզ Եգիպտոսէն հանեց՝ իր 10ներկայութեամբ,

38

որպէսզի քեզմէ մեծ եւ հզօր ազգեր վտարէ առջեւէդ, ու տանի քեզ անոնց երկիրը՝ զայն տալու քեզի իբր ժառանգութիւն, ինչպէս այսօր ժառանգած ես։

39

Ուրեմն գիտցի՛ր այսօր ու 11մտածէ՛ թէ վերը՝ երկինքի մէջ, եւ վարը՝ երկրի վրայ Եհովա՛ն է միակ Աստուածը. ուրիշ մը չկայ։

40

Պահէ՛ անոր կանոններն ու պատուիրանները, որոնք այսօր քեզի կը հրամայեմ, որպէսզի բարիք ըլլայ քեզի ու քեզմէ ետք՝ քու որդիներուդ, նաեւ օրերդ երկար ըլլան այն 12երկրին մէջ՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզի կու տայ 13ընդմիշտ»։


ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿՈՂՄԻ ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

41

Այն ատեն Մովսէս երեք քաղաք 14նշանակեց Յորդանանի այս կողմը՝ դէպի արեւելք,

42

որպէսզի անգիտակցաբար իր ընկերը սպաննող բայց 15առաջուընէ զայն չատող մարդասպանը հոն փախչի, ու այդ քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելով՝ ողջ մնայ։

43

Ռուբէնեաններուն համար Բոսորը զատեց, անապատը՝ լեռնադաշտի երկրին մէջ, Գադեաններուն համար՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը, իսկ Մանասեաններուն համար՝ Բասանի մէջ Գովղանը։


ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ

44

Ահա՛ւասիկ այն Օրէնքը՝ որ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ներկայացուց.

45

ահա՛ւասիկ այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատավճիռները, որ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն հաղորդեց՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը,

46

Յորդանանի այս կողմը, հովիտին մէջ՝ Բեթփէովրի դիմաց, Եսեբոն բնակող Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին երկրին մէջ, որ Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները զարկին իրենց Եգիպտոսէն ելած ատենը,

47

եւ տիրացան անոր երկրին ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկրին, այսինքն Յորդանանի այս կողմը՝ դէպի արեւելք բնակող Ամորհացիներուն երկու թագաւորներուն երկիրներուն,

48

Առնոն վտակին եզերքը եղող Արոէրէն մինչեւ Սիոն լեռը՝ որ Հերմոն կը կոչուի,

49

եւ Յորդանանի այս կողմը՝ դէպի արեւելք եղող ամբողջ դաշտին, մինչեւ դաշտին ծովը, Ասեդովթ-Փասգայի ստորոտը։



1 Կամ՝ սովորութիւնները
2 Եբր.՝ աչքերուն
3 Եբր.՝ մինչեւ երկինքի սիրտը
4 Եբր.՝ քանդակուած պատկեր
5 Եբր.՝ կուռքի
6 Եբր.՝ զօրքը
7 Եբր.՝ ժառանգութեան
8 Եբր.՝ պատուիրեց չընել
9 Եբր.՝ հիննաք
10 Եբր.՝ առջեւ
11 Եբր.՝ դարձո՛ւր սիրտիդ մէջ
12 Եբր.՝ գետինին
13 Եբր.՝ բոլոր օրերը
14 Եբր.՝ զատեց
15 Եբր.՝ երէկուընէ ու նախորդ օրուընէ