Loading...

Deuteronomy 5

Numbers  «  Deuteronomy 4  ‹  Deuteronomy 5  ›  Deuteronomy 6  »  Joshua


ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ (Ելք. 20. 1-17)

1

Մովսէս ամբողջ Իսրայէլը կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ, այս կանոններն ու 1դատավճիռները՝ որ այսօր ձեր ականջներուն կը խօսիմ, որպէսզի զանոնք սորվիք, պահէք եւ գործադրէք։

2

2Տէրը՝ մեր Աստուածը Քորեբի մէջ մեզի հետ ուխտ մը կնքեց.

3

Տէրը այս ուխտը ո՛չ թէ մեր հայրերուն հետ կնքեց, հապա՝ մեզի՛ հետ, այսինքն մեր բոլորին հետ՝ որ այսօր հոս ողջ ենք։

4

Տէրը լերան վրայ՝ կրակին մէջէն՝ մեզի հետ երես առ երես խօսեցաւ

5

— ես այդ ատեն Տէրոջ ու ձեր միջեւ կայնեցայ, որպէսզի Տէրոջ խօսքերը ձեզի հաղորդեմ. քանի որ դուք կրակէն վախնալով լեռը չբարձրացաք — եւ ըսաւ.

6

“Ե՛ս եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն՝ ստրկութեան տունէն՝ հանեցի։

7

Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ մի՛ ունենար։

8

3Կուռք մի՛ շիներ դուն քեզի — ո՛չ մէկ կերպարանք բանի մը՝ որ վերը՝ երկինքի մէջ է, վարը՝ երկրի վրայ է, կամ ջուրերուն մէջ է՝ երկրի տակ։

9

Անոնց մի՛ երկրպագեր ու զանոնք մի՛ պաշտեր, որովհետեւ ես՝ 4Տէրս, քու Աստուածդ, նախանձախնդիր Աստուած եմ. կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն — մինչեւ երրորդ ու չորրորդ սերունդը անոնց՝ որ կ’ատեն զիս —,

10

եւ կարեկցութեամբ կը վարուիմ մինչեւ հազար սերունդ անոնց հետ՝ որ կը սիրեն զիս ու կը պահեն իմ պատուիրաններս։

11

5Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ անունը ընդունայն բերանդ մի՛ առներ. որովհետեւ Տէրը իր անունը ընդունայն բերանը առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։

12

Պահէ՛ Հանգստութեան օրը՝ զայն սրբացնելու համար, ինչպէս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի պատուիրեց։

13

Վե՛ց օր աշխատէ եւ ամբո՛ղջ գործդ ըրէ.

14

բայց եօթներորդ օրը Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ Հանգստութեան օրն է. այդ օրը ո՛չ մէկ գործ ըրէ, ո՛չ դուն, ո՛չ որդիդ, ո՛չ աղջիկդ, ո՛չ ծառադ, ո՛չ աղախինդ, ո՛չ եզդ, ո՛չ էշդ, անասուններէդ ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ 6քաղաքիդ մէջ եղող գաղթականդ. որպէսզի ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։

15

Յիշէ՛ թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ստրուկ էիր, բայց Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ անկէ հանեց ուժեղ ձեռքով ու երկարած բազուկով. ուստի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի պատուիրեց որ Հանգստութեան օրը 7պահես։

16

Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, ինչպէս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի պատուիրեց, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան եւ քեզի բարիք ըլլայ այն հողին վրայ՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզի կու տայ։

17

Սպանութիւն մի՛ ըներ։

18

Շնութիւն մի՛ ըներ։

19

Գողութիւն մի՛ ըներ։

20

Սուտ վկայութիւն մի՛ տար քու ընկերիդ դէմ։

21

Քու ընկերիդ կնոջ մի՛ ցանկար. ընկերիդ տան, կամ անոր արտին, կամ ծառային, կամ աղախինին, կամ եզին, կամ իշուն, կամ ընկերիդ որեւէ մէկ բանին մի՛ փափաքիր”։

22

Տէրը այս խօսքերը ձեր ամբողջ համախմբումին բարձր ձայնով ըսաւ՝ լերան վրայ, կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն, եւ ոչինչ աւելցուց։ Երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք, ու ինծի յանձնեց»։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ (Ելք. 20. 18-21)

23

«Մինչ լեռը կրակով կը վառէր, երբ խաւարին մէջէն անոր ձայնը լսեցիք՝ դուք — այսինքն՝ ձեր բոլոր տոհմապետներն ու ձեր երէցները — ինծի մօտեցաք, եւ ըսիք.

24

“Ահա՛ Տէրը՝ մեր Աստուածը իր փառքն ու մեծութիւնը մեզի ցոյց տուաւ, եւ անոր ձայնը կրակին մէջէն լսեցինք։ Այսօր տեսանք թէ Աստուած մարդու հետ կը խօսի, բայց մարդը ողջ կը մնայ։

25

Ուստի հիմա մենք ինչո՞ւ մեռնինք — քանի որ այս մեծ կրակը մեզ պիտի սպառէ. եթէ մենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն ձայնը անգա՛մ մըն ալ լսենք, պիտի մեռնինք։

26

Արդարեւ բոլոր մարմին ունեցողներ էն ո՞վ կրակին մէջէն խօսող՝ ապրող Աստուծոյն ձայնը մեզի պէս լսեր եւ ողջ մնացեր է։

27

Դո՛ւն մօտեցիր ու լսէ՛ ամէն ինչ որ Տէրը՝ մեր Աստուածը պիտի ըսէ, եւ դո՛ւն մեզի հաղորդէ ամէն ինչ որ Տէրը՝ մեր Աստուածը քեզի պիտի խօսի, ու մենք մտիկ պիտի ընենք եւ գործադրենք”։

28

Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսեց՝ երբ դուք ինծի կը խօսէիք, ու ինծի ըսաւ. “Այս ժողովուրդին քեզի ըսած խօսքերուն ձայնը լսեցի. ամէն ինչ որ ըսին՝ շիտակ 8է։

29

Երանի՜ թէ անոնց մէջ այնպիսի սիրտ մը ըլլար, որ ինձմէ վախնալով՝ իմ բոլոր պատուիրաններս ամէն օր պահէին, որպէսզի իրենց եւ իրենց որդիներուն բարիք ըլլար յաւիտեան։

30

Գնա՛ անոնց ըսէ. "Ձեր վրաննե՛րը վերադարձէք"։

31

Բայց դուն հոս՝ իմ քո՛վս կայնէ. քեզի պիտի ըսեմ բոլոր պատուիրանները, կանոններն ու դատավճիռները՝ որ անոնց պիտի սորվեցնես, որպէսզի զանոնք գործադրեն այն երկրին մէջ՝ որ ես անոնց կու տամ անոր տիրանալու համար”։

32

Ուրեմն զգուշութեա՛մբ զանոնք գործադրեցէք, Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձեզի պատուիրածին համաձայն. աջ կողմ կամ ձախ կողմ մի՛ շեղիք։

33

Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձեզի պատուիրած բոլո՛ր ճամբաներէն ընթացէք, որպէսզի ապրիք, ձեզի բարիք ըլլայ, եւ ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին մէջ՝ որուն պիտի տիրանաք»։



1 Կամ՝ սովորութիւնները
2 Եբր.՝ Եհովան
3 Եբր.՝ Քանդակուած պատկեր
4 Եբր.՝ Եհովան
5 Եբր.՝ Եհովայի
6 Եբր.՝ դռներուդ
7 Եբր.՝ կատարես
8 Եբր.՝ ըսին