Deuteronomy 6
Numbers « Deuteronomy 5 ‹ Deuteronomy 6 › Deuteronomy 7 » Joshua
ՄԵԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
1«Ահա՛ւասիկ այն պատուիրանները, կանոններն ու 1դատավճիռները, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէսզի գործադրէք զանոնք այն երկրին մէջ՝ որուն մէջէն կ’անցնիք անոր տիրանալու համար.
2որպէսզի Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէդ վախնաս, եւ անոր բոլոր կանոններն ու պատուիրանները՝ որ ես ձեզի կը հրամայեմ՝ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ, թէ՛ ալ քու որդիիդ որդին, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան։
3Ուստի մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ, եւ զգուշութեա՛մբ զանոնք գործադրէ, որպէսզի քեզի բարիք ըլլայ, եւ կաթ ու մեղր հոսեցնող երկրին մէջ չափազանց շատնաս, ինչպէս Տէրը՝ քու հայրերուդ Աստուածը քեզի խոստացաւ։
4Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ. Տէրը՝ մեր Աստուածը միա՛կ Տէրն է։
5Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ։
6Այս խօսքերը՝ որ այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սիրտիդ մէջ թող ըլլան.
7զանոնք կրկնելո՛վ սորվեցուր քու որդիներուդ։ Անոնց մասին խօսէ՛ երբ տունդ նստած ես, երբ ճամբան կը քալես, երբ կը պառկիս կամ երբ կ’ելլես։
8Զանոնք նշանի համար կապէ՛ ձեռքիդ վրայ, եւ ճակատանոցի համար աչքերուդ մէջտեղ թող ըլլան։
9Զանոնք գրէ՛ տանդ դրանդիներուն վրայ ու դռներուդ վրայ»։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
10«Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ պիտի տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ եւ վայելչագեղ քաղաքներ տայ՝ որ դուն կառուցանած չես,
11ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որ դուն լեցուցած չես, փորուած ջրհորներ՝ որ դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթաստաններ՝ որ դուն տնկած չես. երբ ուտես ու կշտանաս,
12զգուշացի՛ր որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն՝ ստրկութեան տունէն՝ հանող Տէրը չմոռնաս։
13Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէ՛դ վախցիր, զա՛յն պաշտէ եւ անո՛ր անունով երդում ըրէ։
14Ուրիշ աստուածներու, ձեր շրջակայ ժողովուրդներուն աստուածներուն մի՛ հետեւիք,
15(որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ, որ ձեր մէջն է, նախանձախնդիր Աստուած է,) որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ բարկութիւնը քեզի դէմ չբորբոքի, եւ քեզ երկրագունդի մակերեսէն չբնաջնջէ։
16Տէրը՝ ձեր Աստուածը մի՛ փորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք։
17Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պատուիրանները զգուշութեա՛մբ պահեցէք, նաեւ անոր վկայութիւններն ու կանոնները՝ որ քեզի պատուիրեց։
18Ինչ որ Տէրոջ 2առջեւ ուղիղ եւ բարի է՝ զա՛յն ըրէ, որպէսզի քեզի բարիք ըլլայ, ու մտնես այն լաւ երկիրը, որ Տէրը երդումով խոստացաւ հայրերուդ, եւ տիրանաս անոր՝
19բոլոր թշնամիներդ առջեւէդ քշելով, ինչպէս Տէրը ըսաւ։
20Երբ վաղը քու որդիդ քեզի հարցնէ. “Ի՞նչ են այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատավճիռները, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը ձեզի պատուիրեց”,
21քու որդիիդ ըսէ՛. “Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնի ստրուկ էինք, բայց Տէրը ուժեղ ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց։
22Տէրը մեր աչքերուն առջեւ մեծ եւ 3սոսկալի նշաններ ու հրաշքներ 4ըրաւ Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնի վրայ եւ անոր ամբողջ տան վրայ,
23ու մեզ անկէ հանեց, որպէսզի մեզ բերէ եւ մեր հայրերուն երդումով խոստացած երկիրը մեզի տայ։
24Տէրը մեզի պատուիրեց՝ որ այս բոլոր կանոնները ամէն օր գործադրենք, ու Տէրոջմէն՝ մեր Աստուծմէն վախնանք՝ մեր բարիքին համար, որպէսզի մեզ ողջ պահէ, ինչպէս ենք այսօր։
25Եւ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն առջեւ 5արդար պիտի ըլլանք՝՝, եթէ այս բոլոր պատուիրանները զգուշութեամբ գործադրենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց”»։