Loading...

Deuteronomy 31

Numbers  «  Deuteronomy 30  ‹  Deuteronomy 31  ›  Deuteronomy 32  »  Joshua


ՅԵՍՈՒ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԷ ՄՈՎՍԷՍԻ

1

Մովսէս գնաց եւ ամբողջ Իսրայէլի սա՛ խօսքերը հաղորդեց՝

2

անոնց ըսելով. «Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ։ Ա՛լ չեմ կրնար ելլել ու մտնել, եւ Տէրը ինծի ըսաւ. “Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս”։

3

Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ի՛նք առջեւէդ պիտի անցնի, ի՛նք առջեւէդ այս ազգերը պիտի բնաջնջէ, ու դուն անոնց երկրին պիտի տիրանաս։ Տէրոջ ըսածին համաձայն՝ Յեսո՛ւ առջեւէդ պիտի անցնի։

4

Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամորհացիներու Սեհոն եւ Ովգ թագաւորներուն ու անոնց երկրին ըրաւ՝ զանոնք բնաջնջելով։

5

Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնէ, որպէսզի ձեզի հրամայած բոլոր պատուիրաններուս համաձայն ընէք անոնց։

6

Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք եւ անոնցմէ մի՛ ահաբեկիք, քանի որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ի՛նք քեզի հետ պիտի երթայ. ան քեզ երեսի վրայ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չլքէ»։

7

Յետոյ Մովսէս Յեսուն կանչեց եւ ամբողջ Իսրայէլի 1առջեւ անոր ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. արդարեւ այս ժողովուրդին հետ դո՛ւն պիտի մտնես այն երկիրը, որուն համար Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ՝ անոնց տալու. դո՛ւն զայն ժառանգել պիտի տաս անոնց։

8

Նոյնինքն Տէ՛րն է որ առջեւէդ կ’երթայ. ի՛նք քեզի հետ պիտի ըլլայ. քեզ երեսի վրայ պիտի չթողու եւ քեզ պիտի չլքէ։ Մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։


ՕՐԷՆՔԸ՝ ՈՐ ՊԻՏԻ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ ԵՕԹԸ ՏԱՐԻՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ

9

Մովսէս այս Օրէնքը գրեց, եւ զայն Տէրոջ ուխտին տապանակը կրող Ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր երէցներուն յանձնեց։

10

Մովսէս անոնց պատուիրեց. «Ամէն եօթը տարուան վախճանին, թողութեան տարիին սահմանուած ատենը, Տաղաւարներու տօնին,

11

երբ ամբողջ Իսրայէլը գայ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու՝ անոր ընտրած տեղը, ամբողջ Իսրայէլի առջեւ այս Օրէնքը 2կարդացէ՛ք անոնց ականջներուն։

12

3Համախմբեցէ՛ք ժողովուրդը՝ այր մարդիկը, կիները, մանուկներն ու քաղաքներուդ մէջ եղող գաղթականները, որպէսզի լսեն, սորվելով վախնան Տէրոջմէն՝ ձեր Աստուծմէն, եւ զգուշութեամբ գործադրեն այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը։

13

Անոնց որդիներն ալ, որ զայն չեն գիտեր, լսելով թող սորվին վախնալ Տէրոջմէն՝ ձեր Աստուծմէն, որքան ժամանակ որ ապրիք այն 4երկրին վրայ, որուն տիրանալու համար Յորդանանէն կ’անցնիք»։

14

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ահա՛ 5մահուան օրդ կը մօտենայ՝՝։ Յեսո՛ւն կանչէ ու Հանդիպումի վրա՛նը ներկայացէք, որպէսզի անոր պատուէր տամ»։ Ուստի Մովսէս եւ Յեսու գացին ու Հանդիպումի վրանը ներկայացան։

15

Տէրը ամպի սիւնով վրանին մէջ երեւցաւ, եւ ամպի սիւնը վրանին մուտքին վրայ կեցաւ։

16

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ահա՛ դուն հայրերուդ հետ պիտի 6ննջես, ու այս ժողովուրդը պիտի կանգնի եւ իր մտած երկրին 7օտար աստուածներուն հետ պիտի պոռնկի. զիս պիտի լքէ ու իրեն հետ կնքած ուխտս պիտի խզէ։

17

Ուստի այն օրը իմ բարկութիւնս իրեն դէմ պիտի բորբոքի. զանոնք պիտի լքեմ եւ երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ։ Անոնք ալ պիտի սպառին, ու շատ չարիքներու եւ տագնապներու հանդիպելով՝ այն օրը պիտի ըսեն. “Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքներուն կը հանդիպինք”։

18

Իսկ ես այն օրը երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ՝ անոնց գործած ամբողջ չարիքին համար, որովհետեւ ուրիշ աստուածներու դարձան։

19

Ուստի հիմա սա՛ երգը գրեցէք ձեզի համար. սորվեցո՛ւր զայն Իսրայէլի որդիներուն, դի՛ր զայն իրենց բերանը, որպէսզի այս երգը ինծի համար վկայ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն դէմ։

20

Արդարեւ զիրենք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր հոսեցնող 8երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի. սակայն ուտելէ, կշտանալէ եւ 9գիրնալէ ետք՝ իրենք ուրի՛շ աստուածներու պիտի դառնան, ու զանոնք պաշտելով՝ զիս պիտի արհամարհեն եւ իմ ուխտս խզեն։

21

Իսկ երբ շատ չարիքներու եւ տագնապներու հանդիպին, այս երգը իրենց դէմ պիտի 10վկայէ, որովհետեւ իրենց զարմին բերանին մէջ ըլլալով՝ պիտի չմոռցուի։ Արդարեւ գիտեմ իրենց նպատակը՝ որ այսօր իսկ կը գործադրեն, դեռ զիրենք չտարած այն երկիրը՝ որ երդումով խոստացայ»։

22

Ուստի Մովսէս նոյն օրը սա՛ երգը գրեց եւ Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զայն։

23

Տէրը Նաւէի որդիին՝ Յեսուի պատուիրեց. «Ուժովցի՛ր եւ քա՛ջ եղիր. արդարեւ Իսրայէլի որդիները դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը՝ որ երդումով խոստացայ անոնց, ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։

24

Երբ Մովսէս այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը գիրքի մը մէջ գրելը աւարտեց,

25

Մովսէս Տէրոջ ուխտին տապանակը կրող Ղեւտացիներուն պատուիրեց.

26

«Այս Օրէնքին գիրքը առէ՛ք ու զայն դրէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով, որպէսզի ան հոն ըլլայ իբր վկայ քեզի դէմ.

27

քանի որ ես քու ըմբոստութիւնդ եւ պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ։ Ահա՛ այսօր, երբ ես տակաւին ողջ եմ ձեզի հետ, դուք Տէրոջ դէմ կ’ընդվզիք. ա՛լ ո՜րչափ աւելի՝ իմ մեռնելէս ետք։

28

Ձեր տոհմերուն բոլոր երէցներն ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս համախմբեցէ՛ք, որպէսզի սա՛ խօսքերը հաղորդեմ անոնց ականջներուն, եւ երկինքն ու երկիրը վկայ կանչեմ անոնց դէմ։

29

Արդարեւ գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետք դուք անշուշտ պիտի ապականիք, ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի շեղիք եւ վերջին օրերը չարիքներու պիտի հանդիպիք. որովհետեւ Տէրոջ 11առջեւ չարիք պիտի գործէք, ու ձեր ձեռքերուն գործերով զայն պիտի գրգռէք»։

30

Ուստի Մովսէս սա՛ երգին բոլոր խօսքերը հաղորդեց Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին ականջներուն.



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ կարդա՛
3 Եբր.՝ Համախմբէ՛
4 Եբր.՝ հողին
5 Եբր.՝ մեռնելու օրերդ կը մօտենան
6 Եբր.՝ պառկիս
7 Կամ՝ օտարազգիներու
8 Եբր.՝ հողը
9 Եբր.՝ պարարտանալէ
10 Եբր.՝ պատասխանէ իբր վկայ
11 Եբր.՝ աչքերուն