Loading...

Deuteronomy 32

Numbers  «  Deuteronomy 31  ‹  Deuteronomy 32  ›  Deuteronomy 33  »  Joshua


ՄՈՎՍԷՍԻ ԵՐԳԸ

1

«Ո՛վ երկինք, ունկնդրէ՛ որ խօսիմ, Ու երկիրը բերանիս խօսքերը թող մտիկ ընէ։

2

Իմ ուսուցումս անձրեւի պէս պիտի կաթի, Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, Շաղի պէս՝ դալարի վրայ, Եւ տարափներու պէս՝ բոյսի վրայ,

3

Քանի որ Տէրոջ անունը պիտի հռչակեմ. Մեր 1Աստուածը մեծարեցէ՛ք՝՝։

4

Ի՛նք է Վէմը. իր գործը անթերի է, Որովհետեւ իր բոլոր ճամբաները 2արդար են։ Աստուած հաւատարիմ է, ու անիրաւութիւն չունի. Ան արդար եւ ուղիղ է։

5

Իսկ անոնք ապականեցան. անոնց արատը իր որդիներունը չէ. Ծուռ ու խոտորած սերունդ մըն են։

6

Տէրոջ ա՞յսպէս կը հատուցանէք, Ո՛վ անզգամ եւ անմիտ ժողովուրդ. Ան քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ գնեց, Քեզ 3ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։

7

Յիշէ՛ 4հին օրերը, Մտածէ՛ անցած սերունդներու տարիներուն մասին. Հօ՛րդ հարցուր, ու քեզի պիտի պատմէ. Երէցներո՛ւդ հարցուր, ու քեզի պիտի ըսեն.

8

Երբ Ամենաբարձրը ազգերուն տուաւ իրենց ժառանգութիւնը Եւ Ադամի որդիները զատեց, Ժողովուրդներուն սահմանները Իսրայէլի որդիներուն թիւին համեմատ հաստատեց։

9

Արդարեւ Տէրոջ բաժինը իր ժողովուրդն է, Յակոբն է իր ժառանգութեան վիճակը։

10

Զայն անբնակ երկրի մէջ, Վայրի ոռնոցներով անապատին մէջ 5գտաւ. Զայն շրջապատեց, խրատեց Եւ իր աչքի բիբին պէս պահպանեց։

11

Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կ’արթնցնէ, Կը սաւառնի իր ձագերուն վրայ, Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ Ու թեւերուն վրայ կը կրէ,

12

Նոյնպէս ալ Տէրը զայն առանձին առաջնորդեց. Անոր հետ օտար աստուած չկար։

13

Զայն երկրին բարձր տեղերուն վրայ 6հանեց, Որպէսզի արտերուն բերքը ուտէ. Անոր՝ ժայռէն մեղր Եւ ապառաժէն իւղ ծծել տուաւ։

14

Կովերու կոգին ու ոչխարներու կաթը կերցուց անոր, Պարարտ գառներու, Բասանի խոյերու եւ նոխազներու ճարպով, Ու ցորենի 7ընտիր ալիւրով՝՝. Եւ խաղողին արիւնը՝ գինի խմեցիր։

15

Բայց 8Իսրայէլ պարարտանալով աքացեց. (Պարարտացար, հաստցար, 9ճարպակալեցիր.) Զինք 10ստեղծող Աստուածը երեսէ ձգեց Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։

16

Օտար աստուածներով զայն նախանձի մղեցին, Ու գարշութիւններով զայն գրգռեցին։

17

Դեւերուն զոհեցին՝ որ Աստուած չեն, Իրենց չգիտցած աստուածներուն, Նորերու, 11վերջերս եկողներու, Որոնցմէ ձեր հայրերը 12չզարհուրեցան։

18

Քեզ ծնանող Վէմը չմտաբերեցիր, Եւ քեզ 13ստեղծող Աստուածը մոռցար։

19

Երբ Տէրը տեսաւ՝ անարգեց, Որովհետեւ իր որդիներն ու աղջիկները զինք գրգռեցին։

20

Ուստի ըսաւ. “Երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, Եւ տեսնեմ թէ անոնց վախճանը ի՛նչ պիտի ըլլայ. Որովհետեւ անոնք նենգ սերունդ մըն են, Անհաւատարիմ որդիներ են։

21

Անոնք չաստուածներով զիս նախանձի մղեցին, Ու իրենց սնապաշտութիւններով զիս գրգռեցին. Ես ալ 14անպիտան ժողովուրդով՝՝ մը զանոնք նախանձի պիտի մղեմ, Եւ անզգամ ազգով մը զանոնք պիտի գրգռեմ։

22

Արդարեւ իմ բարկութենէս կրակ մը վառուեցաւ, Ու մինչեւ ստորին 15դժոխքը պիտի այրէ, Գետինը եւ անոր արգասիքը պիտի սպառէ, Ու լեռներուն հիմերը պիտի բոցավառէ։

23

Անոնց վրայ չարիք պիտի աւելցնեմ, Իմ նետերս անոնց վրայ արձակելով պիտի սպառեմ։

24

Անօթութեամբ պիտի հիւծին, 16Տենդախտով եւ յոյժ դառն աւերումով պիտի սպառին, Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները Եւ հողին վրայ սողացողներուն ժահրը պիտի ղրկեմ։

25

Դուրսէն սուրն ու 17ներսէն ահը՝ Երիտասարդը եւ կոյսը, Ծծկերն ու ալեհեր մարդը պիտի յափշտակեն։

26

Ըսի թէ զանոնք երկրի ամէն կողմը ցրուեմ, Մարդոց մէջ անոնց յիշատակը դադրեցնեմ,

27

Սակայն թշնամիին գրգռութենէն վախցայ. Անոնց հակառակորդները թող չանգիտանան, Թող չըսեն. “Այս բոլորը ընողը Մեր բարձրացած ձեռքն է, եւ ո՛չ թէ Տէրը”։

28

Արդարեւ անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են, Ու անոնց մէջ հանճար չկայ։

29

Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային, ասիկա հասկնային, Եւ իրենց վախճանին մասին մտածէին։

30

Ի՞նչպէս մէկ մարդ հազարը կը հալածէր, Ու երկու մարդ տասը հազարը կը փախցնէր, Եթէ անոնց Վէմը զանոնք չծախէր, Եւ Տէրը զանոնք 18չմատնէր։

31

Արդարեւ անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ, Ու մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր են.

32

Քանի որ անոնց որթատունկը Սոդոմի 19այգիէն Եւ Գոմորի մրգաստանէն է. Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են, Ու անոնց ողկոյզները դառն են.

33

Անոնց գինին՝ վիշապներուն ժահրը Եւ քարբերուն անգութ թոյնն է։

34

Ասիկա քովս պահուած, Եւ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։

35

Իմս են վրէժխնդրութիւնն ու հատուցումը. Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի սահի. Որովհետեւ անոնց ձախորդութեան օրը մօտ է, Ու անոնց համար պատրաստուածը կ’արտորայ”։

36

Արդարեւ Տէրը իր 20ժողովուրդը պիտի դատէ՝՝ Եւ իր ծառաներուն վրայ պիտի արգահատի, Երբ տեսնէ թէ անոնց 21զօրութիւնը գացած է, Ու 22բանտարկուած կամ ազատ՝՝ չկայ։

37

Ուստի պիտի ըսէ. “Ո՞ւր են անոնց աստուածները, Այն վէմը՝ որուն կ’ապաւինէին,

38

Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները Եւ թափելիք նուէրներուն գինին խմողները. Թող կանգնին ու ձեզի օգնեն, Եւ ձեզի ծածկոյթ ըլլան։

39

Հիմա նայեցէ՛ք, որ 23միայն ե՛ս եմ՝՝, Քովս ո՛չ մէկ աստուած կայ. Ե՛ս կը մեռցնեմ ու ե՛ս կ’ապրեցնեմ, Ե՛ս կը խոցեմ ու ե՛ս կը բուժեմ. Ո՛չ մէկը ձեռքէս կ’ազատէ։

40

Արդարեւ ձեռքս երկինք բարձրացնելով կ’ըսեմ. "Ես յաւիտեան կ’ապրիմ "։

41

Եթէ փայլատակող սուրս սրեմ, Ու ձեռքս դատաստանը բռնէ, Իմ հակառակորդներէս վրէժխնդիր պիտի ըլլամ, Եւ զիս ատողներուն պիտի հատուցանեմ։

42

Իմ նետերս արիւնով պիտի գինովցնեմ՝ Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնով, Եւ իմ սուրս միս պիտի լափէ՝ Թշնամիին իշխաններուն գլուխով”։

43

Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ցնծացէ՛ք, Քանի որ իր ծառաներուն արիւնին վրէժը պիտի առնէ. Իր հակառակորդներէն վրէժխնդիր պիտի ըլլայ Եւ իր 24երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ»։

44

Մովսէս եկաւ եւ այս երգին բոլոր խօսքերը հաղորդեց ժողովուրդին ականջներուն, ինք ու Նաւեան Յեսու։

45

Երբ Մովսէս այս բոլոր խօսքերը ամբողջ Իսրայէլի հաղորդելը աւարտեց,

46

անոնց ըսաւ. «Ձեր սիրտին մէջ դրէք այն բոլոր խօսքերը, որոնցմով այսօր ձեզի կը վկայեմ, որպէսզի զանոնք ձեր որդիներուն պատուիրէք, որ այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը զգուշութեամբ գործադրեն։

47

Արդարեւ ասիկա ձեզի պարապ խօսք մը չէ, այլ ան ձեր կեանքն է. այս խօսքո՛վ ձեր օրերը երկար պիտի ըլլան այն հողին վրայ, որուն տիրանալու համար Յորդանանէն կ’անցնիք»։

48

Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

49

«Բարձրացի՛ր այդ Աբարիմ լեռը, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովի դիմացի Նաբաւ լեռը, ու տե՛ս Քանանի երկիրը՝ որ Իսրայէլի որդիներուն իբր կալուած կու տամ։

50

Այդ բարձրացած լերանդ վրայ պիտի մեռնիս ու ժողովուրդիդ մէջ պիտի ամփոփուիս, ինչպէս եղբայրդ Ահարոն մեռաւ Հովր լերան վրայ եւ իր ժողովուրդին մէջ ամփոփուեցաւ.

51

որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սինի անապատը, Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն քով, ինծի հանդէպ ուխտազանց եղաք՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս 25չփառաւորելով։

52

Ուստի այդ երկիրը 26հեռուէն պիտի տեսնես. բայց հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։



1 Եբր.՝ Աստուծոյն մեծութի՛ւն տուէք
2 Եբր.՝ իրաւունք
3 Եբր.՝ ըրաւ
4 Եբր.՝ հնադարեան
5 Կամ՝ հոգաց
6 Եբր.՝ հեծցուց
7 Եբր.՝ երիկամունքներուն ճարպով
8 Եբր.՝ Յեսուրուն, այսինքն՝ Ուղիղը
9 Եբր.՝ ճարպով ծածկուեցար
10 Եբր.՝ ընող
11 Եբր.՝ մօտերս
12 Եբր.՝ չսահմռկեցան
13 Եբր.՝ երկնող
14 Եբր.՝ ոչ-ժողովուրդով
15 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանը
16 Կամ՝ կայծակով
17 Եբր.՝ ներքին սենեակներէն
18 Եբր.՝ չգոցէր
19 Եբր.՝ որթատունկէն
20 Կամ՝ ժողովուրդին դատը պիտի պաշտպանէ
21 Եբր.՝ ձեռքը
22 Եբր.՝ արգելափակուած կամ ազատ թողուած
23 Եբր.՝ ե՛ս՝ ե՛ս եմ
24 Եբր.՝ հողին
25 Եբր.՝ չսրբացնելով
26 Եբր.՝ դիմացէն