Deuteronomy 33
Numbers « Deuteronomy 32 ‹ Deuteronomy 33 › Deuteronomy 34 » Joshua
ՄՈՎՍԷՍ Կ’ՕՐՀՆԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՏՈՀՄԵՐԸ
1Ահա՛ւասիկ այն օրհնութիւնը, որով Աստուծոյ մարդը՝ Մովսէս օրհնեց Իսրայէլի որդիները, իր մեռնելէն առաջ։
2Ան ըսաւ. «Տէրը Սինայէ եկաւ, Անոնց վրայ Սէիրէ ծագեցաւ, Փառան լեռնէն փայլեցաւ, Ու բիւրաւոր սուրբերով եկաւ. Անոր աջ ձեռքէն Օրէնքին կրակը ելաւ անոնց համար։
3Այո՛, ան ժողովուրդները կը սիրէ. Բոլոր սուրբերը քու ձեռքդ են. Անոնք քու խօսքերդ ընդունելու համար Ոտքերուդ քով կը նստին։
4Մովսէս մեզի 1տուաւ Օրէնքը, Յակոբի համախմբումին ստացուածքը։
5Երբ ժողովուրդին գլխաւորները Իսրայէլի տոհմերուն հետ միաբանութեամբ հաւաքուեցան, Ինք 2Իսրայէլի մէջ իշխան՝՝ եղաւ»։
6«Ռուբէն թող ապրի ու չմեռնի, Եւ անոր 3մարդիկը փոքրաթիւ՝՝ թող չըլլան»։
7Ահա՛ւասիկ ինչ որ Յուդայի համար ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Յուդայի ձայնը մտի՛կ ըրէ, Ու զայն իր ժողովուրդի՛ն բեր. Անոր ձեռքերը թող բաւական ըլլան իրեն, Եւ անոր հակառակորդներուն դէմ օգնակա՛ն եղիր»։
8Ղեւիի համար ըսաւ. «Թումիմդ եւ Ուրիմդ քու բարեպաշտ մարդուդ քով թող ըլլան, Որ Մասսայի մէջ փորձեցիր Ու Մերիպայի ջուրին քով անոր հետ վիճեցար.
9Ա՛ն որ իր հօր եւ մօր համար՝ “Զայն չտեսայ” ըսաւ, Իր եղբայրները չճանչցաւ Ու իր որդիները չգիտցաւ. Քանի որ անոնք քու խօսքիդ ուշադիր եղան Եւ քու ուխտդ պահեցին։
10Անո՛նք պիտի սորվեցնեն քու կանոններդ՝ Յակոբի, Ու քու Օրէնքդ՝ Իսրայէլի. Քու 4առջեւդ խունկ պիտի մատուցանեն, Եւ քու զոհասեղանիդ վրայ՝ 5ողջակէզ։
11Ո՛վ Տէր, օրհնէ՛ անոր ոյժը, Ու հաւանէ՛ անոր ձեռքերուն գործին. Անոր դէմ կանգնողներուն եւ զայն ատողներուն մէ՛ջքը կոտրէ, Որպէսզի ա՛լ ոտքի չելլեն»։
12Բենիամինի համար ըսաւ. «Տէրոջ սիրելին իր քով ապահովութեամբ պիտի բնակի. Աստուած զայն ամէն օր պիտի պաշտպանէ, Եւ անոր 6ուսերուն մէջ պիտի բնակի»։
13Յովսէփի համար ըսաւ. «Անոր երկիրը Տէրոջմէն թող օրհնուի Երկինքի թանկագին պարգեւներով՝ ցօղով, Ու վարը պառկող անդունդներով,
14Արեւին արտադրած թանկագին բերքերով, Եւ 7ամիսներուն թանկագին արդիւնքներով,
15Վաղեմի լեռներուն 8թանկագին պտուղներով՝՝ Ու դարաւոր բլուրներուն թանկագին պարգեւներով,
16Երկրի եւ անոր լիութեան թանկագին պարգեւներով։ Մորենիին մէջ բնակողին բարեհաճութեամբ Ասոնք Յովսէփի գլուխին վրայ, Իր եղբայրներուն մէջ նուիրաբերուածին գագաթին վրայ թող գան։
17Ան իր ցուլին առջինեկին պէս վայելչութիւն ունի, Եւ իր եղջիւրները 9գոմէշի եղջիւրներուն կը նմանին. Անոնցմով ժողովուրդները միասին պիտի զարնէ՝ Մինչեւ երկրի ծայրերը։ Ասո՛նք են Եփրեմի բիւրաւորները, Ասո՛նք են Մանասէի հազարաւորները»։
18Զաբուղոնի համար ըսաւ. «Ուրախացի՛ր, ո՛վ Զաբուղոն, երբ դուրս ելլես, Ու դուն, ո՛վ Իսաքար, քու վրաններուդ մէջ։
19Ժողովուրդները լեռը հրաւիրելով՝ Հոն արդարութեան զոհեր պիտի մատուցանեն, Քանի որ անոնք ծովերուն առատութիւնը Եւ աւազին մէջ թաղուած գանձերը պիտի ծծեն»։
20Գադի համար ըսաւ. «Գադը ընդարձակողը թող օրհնուի. Մատակ առիւծի պէս կը կենայ, Թեւ ու գագաթ կը բզքտէ։
21Ան երկրին առաջնակարգ մասը իրեն 10ընտրեց, Որովհետեւ օրէնսդիրին բաժինը հո՛ն ծածկուած է. Ու ժողովուրդին գլխաւորներուն հետ գալով՝ Տէրոջ արդարութիւնը եւ անոր դատավճիռները Իսրայէլի 11հանդէպ գործադրեց»։
22Դանի համար ըսաւ. «Դան առիւծի ձագ է, Ան Բասանէն պիտի ցատկէ»։
23Նեփթաղիմի համար ըսաւ. «Նեփթաղիմ, բարեհաճութեամբ կշտացած, Եւ Տէրոջ օրհնութեամբ լեցուած, Արեւմուտքին ու հարաւին թող տիրանայ»։
24Ասերի համար ըսաւ. «Ասեր որդիներով թող օրհնուի, Իր եղբայրներուն հաճելի ըլլայ, Եւ ոտքը իւղի մէջ թաթխէ։
25Քու 12կղպանքներդ երկաթէ ու պղինձէ ըլլան, Եւ քու 13ոյժդ օրերուդ չափ ըլլայ»։
26«14Իսրայէլի Աստուծոյն պէս չկայ. Ան քեզի օգնելու համար՝ Երկինքին վրայ կը 15նստի, Եւ նօսր ամպերուն վրայ՝ իր մեծափառութեան մէջ։
2716Յաւիտենական Աստուածը քեզի 17պատսպարան է, Անոր յաւիտենական բազուկները քեզի 18պաշտպան են՝՝. Քանի որ թշնամիները առջեւէդ պիտի վռնտէ, Ու պիտի ըսէ. “Բնաջնջէ՛ զանոնք”։
28Իսրայէլ ապահովութեամբ պիտի բնակի՝ առանձին. Յակոբի ակը ցորենի ու քաղցուի երկրի մը մէջ պիտի ըլլայ, Եւ անոր երկինքէն ցօղ պիտի կաթի։
29Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի նման Տէրոջմով փրկուած է։ Որովհետեւ քու օգնութեանդ վահանը Ու մեծափառութեանդ սուրը ան է։ Թշնամիներդ 19քու առջեւդ պիտի քծնին՝՝, Եւ անոնց բարձր տեղերը պիտի կոխես»։