Deuteronomy 34
Numbers « Deuteronomy 33 ‹ Deuteronomy 34 › Joshua 1 » Joshua
ՄՈՎՍԷՍԻ ՄԱՀԸ
1Մովսէս Մովաբի դաշտերէն Նաբաւ լեռը բարձրացաւ, Փասգայի գագաթը՝ Երիքովի դիմաց, ու Տէրը անոր ցուցուց ամբողջ Գաղաադի երկիրը՝ մինչեւ Դան,
2ամբողջ Նեփթաղիմը, Եփրեմի եւ Մանասէի երկիրը, Յուդայի ամբողջ երկիրը՝ մինչեւ արեւմտեան ծովը,
3նաեւ հարաւային կողմը, Երիքովի հովիտին դաշտը, արմաւենիներու քաղաքը, մինչեւ Սեգովր։
4Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ այն երկիրը, որուն համար Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի երդում ըրի՝ ըսելով. “Քու զարմիդ պիտի տամ զայն”։ Քու աչքերովդ տեսնել տուի քեզի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։
5Այսպէս Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս հոն մեռաւ, Մովաբի երկրին մէջ, Տէրոջ 1հրամանին համաձայն։
6Տէրը զայն Մովաբի երկիրը՝ ձորի մը մէջ թաղեց, Բեթփէովրի դիմաց. ո՛չ մէկ մարդ անոր գերեզմանին տեղը գիտցաւ՝ մինչեւ այսօր։
7Մովսէս հարիւր քսան տարեկան էր՝ երբ մեռաւ. իր աչքը մթագնած չէր եւ կենսունակութիւնը 2գացած չէր։
8Իսրայէլի որդիները Մովսէսի համար երեսուն օր լացին Մովաբի դաշտերուն մէջ. ապա Մովսէսի սուգին լացի օրերը վերջացան։
9Նաւէի որդին՝ Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուած էր, որովհետեւ Մովսէս իր ձեռքերը անոր վրայ դրեր էր։ Ուստի Իսրայէլի որդիները անոր հնազանդեցան, եւ Տէրոջ Մովսէսի պատուիրածին համաձայն ըրին։
10Իսրայէլի մէջ ա՛լ մարգարէ մը չելաւ Մովսէսի պէս, որովհետեւ Տէրը զինք երես առ երես ճանչցաւ.
11Տէրը զինք Եգիպտոսի երկիրը ղրկեց բոլոր նշաններով ու հրաշքներով՝ զանոնք Փարաւոնի, անոր բոլոր ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին առջեւ ընելու,
12ու Մովսէս՝ իր ձեռքին ամբողջ ոյժով՝ այդ ամբողջ մեծ արհաւիրքը գործադրեց ամբողջ Իսրայէլի աչքերուն առջեւ։