Esther 1
Nehemiah « Nehemiah 13 ‹ Esther 1 › Esther 2 » Job
ՎԱՇԹԻ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԿԸ ԳՐԳՌԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Ասուերոսի օրերը, (այս այն Ասուերոսն է, որ Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա՝ հարիւր քսանեօթը գաւառի վրայ կը թագաւորէր,)
2այն օրերը՝ երբ Ասուերոս թագաւորը իր թագաւորութեան գահին վրայ կը նստէր Շուշան մայրաքաղաքին մէջ,
3իր թագաւորութեան երրորդ տարին՝ ան խնճոյք մը սարքեց իր բոլոր իշխանաւորներուն ու ծառաներուն. Պարսկաստանի եւ Մարաստանի 1կտրիճները, մեծամեծներն ու գաւառներու պետերը անոր առջեւ էին։
4Երկար ժամանակ, այսինքն՝ հարիւր ութսուն օր, իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնը եւ իր մեծութեան հոյակապ շքեղութիւնը ցոյց տուաւ։
5Երբ այդ օրերը լրացան, թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքը գտնուող ամբողջ ժողովուրդին, մեծէն մինչեւ պզտիկին, եօթը օր խնճոյք սարքեց՝ թագաւորին ապարանքին պարտէզի գաւիթին մէջ։
6Ճերմակ բեհեզէ, կանաչ կերպասէ եւ 2կապուտակէ վարագոյրներ՝ բեհեզէ ու 3ծիրանիէ պարաններով եւ արծաթէ օղակներով՝ մարմարէ սիւներէ 4կախուած էին. ոսկիէ եւ արծաթէ 5բազմոցներ զետեղուած էին պորփիւրէ, ճերմակ մարմարէ, ալապաստրէ ու սեւ մարմարէ սալայատակի մը վրայ։
7Խմելիքները ոսկիէ անօթներով կու տային, տեսակ-տեսակ անօթներով։ Թագաւորական գինին առատ էր, թագաւորին 6առատաձեռնութեան համեմատ։
8Օրէնքին համաձայն կը խմէին, եւ ո՛չ մէկը հարկադրուած էր. արդարեւ թագաւորը իր տան բոլոր մեծերուն 7հրամայեր էր որ իւրաքանչիւրին փափաքին համաձայն վարուին։
9Վաշթի թագուհին ալ կիներո՛ւն խնճոյք սարքեց՝ Ասուերոս թագաւորին 8պալատին մէջ։
10Եօթներորդ օրը, երբ թագաւորին սիրտը գինիէն զուարթացած էր, 9իր առջեւ սպասարկող եօթը ներքինիներուն՝ Մեհումանի, Բիզթայի, Արբոնայի, Բիգթայի, Աբագթայի, Զեթարի ու Քարքասի հրամայեց
11որ Վաշթի թագուհին իր թագաւորական թագով թագաւորին առջեւ բերեն, որպէսզի ժողովուրդներուն եւ իշխանաւորներուն ցոյց տայ անոր գեղեցկութիւնը, որովհետեւ ան վայելուչ տեսք ունէր։
12Բայց Վաշթի թագուհին մերժեց երթալ՝ ներքինիներուն 10միջոցով ղրկուած թագաւորին հրամանին համաձայն. ուստի թագաւորը չափազանց զայրացաւ եւ իր ցասումը բռնկեցաւ։
13Այն ատեն թագաւորը ժամանակները գիտցող իմաստուններուն ըսաւ. (արդարեւ թագաւորը այս կերպով խորհուրդ կը հարցնէր բոլոր օրէնք եւ դատաստան գիտցողներուն.
14իր մօտն էին Պարսկաստանի ու Մարաստանի եօթը իշխանաւորները.— Կարսենա, Սեթար, Ադմաթա, Թարսիս, Մերէս, Մարսենա եւ Մեմուքան. անոնք թագաւորին երեսը կը տեսնէին ու թագաւորութեան 11առաջին խորհրդականներն էին՝՝.)
15«Օրէնքին համաձայն ի՞նչ պէտք է ընել Վաշթի թագուհիին, քանի ներքինիներուն միջոցով Ասուերոս թագաւորին ղրկած հրամանը չգործադրեց»։
16Այն ատեն Մեմուքան՝ թագաւորին ու իշխանաւորներուն առջեւ պատասխանեց. «Վաշթի թագուհին ո՛չ միայն թագաւորին դէմ անօրէնութիւն ըրաւ, հապա բոլոր իշխանաւորներուն դէմ եւ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող բոլոր ժողովուրդներուն դէմ։
17Արդարեւ թագուհիին արարքին լուրը բոլոր կիներուն մէջ պիտի 12տարածուի, անոնց ամուսիններն ալ իրենց աչքերուն պիտի արհամարհուին՝ երբ ըսուի. “Ասուերոս թագաւորը հրամայեց որ Վաշթի թագուհին իր առջեւ բերեն, բայց ան չեկաւ”։
18Եւ այսօր թագուհիին արարքին լուրը լսող Պարսկաստանի ու Մարաստանի իշխանուհիները նոյնպէս պիտի պատասխանեն թագաւորին բոլոր իշխանաւորներուն, ուստի բաւական արհամարհանք եւ զայրոյթ պիտի ըլլայ։
19Հետեւաբար՝ եթէ թագաւորին 13հաճելի է՝ իրմէ թագաւորական հրաման մը թող 14տրուի,— ու Պարսիկներու եւ Մարերու օրէնքներուն մէջ թող արձանագրուի՝ անփոփոխելի ըլլալու համար,— որ Վաշթի անգամ մըն ալ Ասուերոս թագաւորին առջեւ չգայ, ու թագաւորը անոր 15թագուհութիւնը անկէ լաւ եղող ուրիշ կնոջ մը տայ։
20Ուստի երբ թագաւորին 16տալիք վճիռը լսուի իր ամբողջ թագաւորութեան մէջ, որ շատ ընդարձակ է, բոլոր կիները՝ մեծէն մինչեւ պզտիկը՝ իրենց ամուսինները պիտի պատուեն»։
21Այս խօսքը թագաւորին եւ իշխանաւորներուն 17հաճելի եղաւ, ու թագաւորը Մեմուքանի ըսածին համաձայն ըրաւ,
22թագաւորին բոլոր գաւառներուն 18նամակներ ղրկելով, իւրաքանչիւր գաւառի՝ իր գիրով, եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի՝ իր լեզուով, որպէսզի ամէն մարդ իր տան մէջ իշխէ ու իր ժողովուրդին լեզուով խօսի։