Loading...

Esther 2

Nehemiah  «  Esther 1  ‹  Esther 2  ›  Esther 3  »  Job


ԵՍԹԵՐ Կ’ԸԼԼԱՅ ԹԱԳՈՒՀԻ

1

Այս 1դէպքերէն ետք՝ երբ Ասուերոս թագաւորին ցասումը մեղմացաւ, Վաշթին, անոր ըրածը եւ անոր դէմ 2վճռուածը յիշեց։

2

Թագաւորին ծառայող սպասաւորները ըսին. «Թագաւորին համար վայելուչ տեսքով կոյս երիտասարդուհիներ թող փնտռուին.

3

թագաւորը իր թագաւորութեան բոլոր գաւառներուն մէջ վերատեսուչներ թող նշանակէ, որպէսզի բոլոր վայելուչ տեսքով կոյս երիտասարդուհիները Շուշան մայրաքաղաքը հաւաքեն՝ 3կանանոցը, թագաւորին ներքինիին՝ կիներու պահապան Հեգէի 4հսկողութեան տակ. անոնց օծանակներ թող տրուին,

4

ու թագաւորին 5հաճելի եղող երիտասարդուհին Վաշթիի տեղ թագուհի թող ըլլայ»։ Այս խօսքը թագաւորին հաճելի եղաւ, եւ այդպէս ըրաւ։

5

Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հրեայ մարդ մը կար, որուն անունը Մուրթքէ էր. Բենիամինեան Կիսի որդիին՝ Սեմէիի որդիին՝ Յայիրի որդին էր։

6

Ան Երուսաղէմէն տարագրուած էր այն 6գերիներուն հետ, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տարագրած Յուդայի Յեքոնիա թագաւորին հետ տարագրուեցան։

7

Ան իր հօրեղբօր աղջիկին՝ Ադասսայի, այսինքն՝ Եսթերի հոգատարն էր, որովհետեւ ան հայր ու մայր չունէր։ Այդ երիտասարդուհին գեղեցիկ դէմք եւ վայելուչ տեսք ունէր. անոր հօր ու մօր մեռնելէն ետք, Մուրթքէ զայն քովը առեր էր՝ իբր իր աղջիկը։

8

Երբ թագաւորին հրամանը եւ հրովարտակը լսուեցան, ու Շուշան մայրաքաղաքին մէջ շատ երիտասարդուհիներ հաւաքուեցան՝ Հեգէի հսկողութեան տակ, Եսթեր ալ 7պալատը ընդունուեցաւ, կիներու պահապան Հեգէի հսկողութեան տակ։

9

Երիտասարդուհին անոր հաճելի եղաւ եւ անոր առջեւ կարեկցութիւն 8գտաւ. ան ալ արտորալով իրեն տուաւ իր օծանակներն ու 9ռոճիկը, նաեւ պալատէն իրեն տրուելու համար պատրաստուած եօթը սպասուհիները, եւ զինք իր սպասուհիներուն հետ փոխադրեց կանանոցին լաւագոյն յարկաբաժինը։

10

Եսթեր իր ժողովուրդն ու ազգութիւնը չյայտնեց, քանի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր որ չյայտնէ։

11

Մուրթքէ ամէն օր կանանոցի գաւիթին առջեւ կը շրջէր, որպէսզի Եսթերի 10որպիսութիւնը եւ անոր հետ վարուելու կերպը գիտնայ։

12

Երբ իւրաքանչիւր երիտասարդուհիի կարգը գար՝ Ասուերոս թագաւորին քով կ’երթար, կիներու 11կանոնին համաձայն տասներկու ամիս պատրաստուելէ ետք։ Արդարեւ անոնց արդուզարդին օրերը սա՛պէս կ’անցնէին.— վեց ամիս զմուռսի իւղով կ’օծուէին, վեց ամիս ալ բուրաւէտ համեմներով եւ կիներու օծանակներով։

13

Այսպէս պատրաստուած՝ երիտասարդուհին թագաւորին քով կ’երթար. ինչ որ 12ուզէր՝ անոր կը տրուէր, որպէսզի իրեն հետ կանանոցէն պալատը տանի։

14

Ան իրիկունը կ’երթար, եւ առտուն միւս կանանոցը կը վերադառնար, թագաւորին ներքինիին՝ հարճերու պահապան Սաասգազի հսկողութեան տակ։ Ան անգա՛մ մըն ալ թագաւորին քով չէր երթար, բայց միայն՝ եթէ թագաւորը անոր բաղձար եւ ան անունով կանչուէր։

15

Երբ թագաւորին քով երթալու կարգը Մուրթքէի հօրեղբօր՝ Աբիքէլի աղջիկին՝ Եսթերի եկաւ, (որ Մուրթքէ քովը առեր էր՝ իբր իր աղջիկը,) ան թագաւորին ներքինիին՝ կիներու պահապան Հեգէի 13որոշածէն զատ ուրիշ ոչինչ պահանջեց։ Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն 14առջեւ շնորհք կը գտնէր։

16

Եսթեր Ասուերոս թագաւորին քով՝ անոր պալատը ընդունուեցաւ տասներորդ ամիսը, այսինքն՝ Թեբէթ ամսուան մէջ, անոր թագաւորութեան եօթներորդ տարին։

17

Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց, եւ ան իր առջեւ բոլոր կոյսերէն աւելի շնորհք ու կարեկցութիւն գտաւ. ուստի թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ, եւ զայն Վաշթիի տեղ թագուհի ըրաւ։

18

Թագաւորը իր բոլոր իշխանաւորներուն ու ծառաներուն մեծ խնճոյք մը սարքեց — Եսթերի խնճոյքը. գաւառներուն ալ 15հանգստութիւն 16շնորհեց, եւ պարգեւներ տուաւ՝ թագաւորին 17առատաձեռնութեան համեմատ։


ՄՈՒՐԹՔԷ ԿԸ ՓՐԿԷ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

19

Երբ երկրորդ անգամ կոյսեր հաւաքեցին, Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր։

20

Եսթեր իր ազգութիւնը եւ ժողովուրդը յայտնած չէր, ինչպէս Մուրթքէ իրեն պատուիրեր էր. արդարեւ Եսթեր Մուրթքէի հրամանը կը գործադրէր, ինչպէս երբ անոր հոգատարութեան տակ էր։

21

Այդ օրերը՝ երբ Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր, 18դրան պահապաններէն Բիգթան ու Թարէս, թագաւորին երկու ներքինիները, զայրացան եւ 19մտադրեցին Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկարել։

22

Մուրթքէ այս լուրէն տեղեակ ըլլալով՝ Եսթեր թագուհիին իմացուց, Եսթեր ալ Մուրթքէի անունով թագաւորին պատմեց։

23

Այս խնդիրը քննարկուելով՝ 20ստուգուեցաւ. ուստի անոնք երկուքն ալ ծառէ մը կախուեցան, եւ ասիկա Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուեցաւ՝ թագաւորին ներկայութեան։



1 Եբր.՝ արարքներէն
2 Եբր.՝ կտրուածը
3 Եբր.՝ կիներու տունը
4 Եբր.՝ ձեռքին
5 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
6 Եբր.՝ տարագիրներուն
7 Եբր.՝ թագաւորին տունը
8 Եբր.՝ բարձրացուց
9 Եբր.՝ բաժինը
10 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
11 Եբր.՝ օրէնքին
12 Եբր.՝ ըսէր
13 Եբր.՝ ըսածէն
14 Եբր.՝ աչքերուն
15 Այսինքն՝ հարկի թեթեւացում
16 Եբր.՝ ըրաւ
17 Եբր.՝ ձեռքին
18 Եբր.՝ սեմին
19 Եբր.՝ փնտռեցին
20 Եբր.՝ ճշմարիտ գտնուեցաւ