Esther 3
Nehemiah « Esther 2 ‹ Esther 3 › Esther 4 » Job
ՀԱՄԱՆ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԲՆԱՋՆՋԵԼ
1Այս 1դէպքերէն ետք, Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին՝ Համանը մեծցուց, զայն բարձրացուց, եւ անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխանաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ։
2Թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծռելով կ’երկրպագէին Համանի, վասնզի թագաւորը այդպէս պատուիրեր էր անոր մասին. բայց Մուրթքէ չէր ծռեր ու չէր երկրպագեր։
3Թագաւորին դուռը եղող թագաւորին ծառաները Մուրթքէի ըսին. «Ինչո՞ւ թագաւորին պատուէրը կ’անտեսես»։
4Անոնք ամէն օր անոր կը խօսէին, բայց անոնց մտիկ չէր ըներ. ուստի Համանի պատմեցին, որպէսզի տեսնեն թէ արդեօք Մուրթքէ իր խօսքերուն վրայ հաստատ պիտի կենա՛յ. արդարեւ ան իր Հրեայ ըլլալը անոնց իմացուցեր էր։
5Երբ Համան տեսաւ թէ Մուրթքէ ծռելով իրեն չ’երկրպագեր, ցասումով լեցուեցաւ.
6բայց իր աչքերուն արհամարհելի էր միայն Մուրթքէի վրայ ձեռք երկարել, քանի որ Մուրթքէի ժողովուրդը իրեն յայտներ էին. Համան 2մտադրեց Մուրթքէի ժողովուրդը բնաջնջել, այսինքն՝ Ասուերոսի ամբողջ թագաւորութեան մէջ եղող բոլոր Հրեաները։
7Ասուերոս թագաւորին տասներկրորդ տարին, առաջին ամիսը, այսինքն՝ Նիսան ամսուան մէջ, Համանի առջեւ 3փուր (այսինքն՝ վիճակ) ձգեցին, 4ամէն օրուան եւ ամէն ամսուան համար՝՝, մինչեւ տասներկրորդ ամիսը, այսինքն՝ Ադար ամիսը։
8Յետոյ Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ. «Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ ժողովուրդը մը կայ, ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած։ Անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են։ Անոնք թագաւորին օրէնքները չեն գործադրեր. ուստի չի պատշաճիր որ թագաւորը անոնց արտօնէ։
9Եթէ թագաւորին 5հաճելի է, թող 6հրաման տրուի՝՝ որ զանոնք բնաջնջեն. ես ալ տասը հազար տաղանդ արծաթ 7կու տամ՝՝ 8պաշտօնատարներուն, որպէսզի թագաւորին գանձը բերեն»։
10Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն մատանին հանեց, զայն Հրեաներու 9հակառակորդին՝ Ագագացի Ամադաթայի որդիին՝ Համանի տուաւ,
11ու թագաւորը Համանի ըսաւ. «Այդ արծաթը քեզի տրուած է, նաեւ այդ ժողովուրդը, որպէսզի անոնց հետ վարուիս ինչպէս որ 10քեզի հաճելի՝՝ ըլլայ»։
12Առաջին ամսուան տասներեքերորդ օրը՝ թագաւորին ատենադպիրները կանչուեցան, ու Համանի ամբողջ պատուիրածին համաձայն գրուեցաւ թագաւորին սատրապներուն, բոլոր գաւառներուն վրայ նշանակուած կուսակալներուն եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի իշխանաւորներուն, ամէն գաւառի իր գիրով ու ամէն ժողովուրդի իր լեզուով. Ասուերոս թագաւորին անունով գրուեցաւ, եւ թագաւորին մատանիով կնքուեցաւ։
1311Նամակները սուրհանդակներու ձեռքով ղրկուեցան թագաւորին բոլոր գաւառները, որպէսզի մէկ օրուան մէջ, տասներկրորդ ամսուան — այսինքն՝ Ադար ամսուան — տասներեքերորդ օրը, բոլոր Հրեաները — երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, նաեւ մանուկներն ու կիները — կոտորեն, սպաննեն ու կորսնցնեն, եւ անոնց ունեցածը իբր աւար կողոպտեն։
14Իւրաքանչիւր գաւառի մէջ 12հրատարակուելիք հրովարտակին գրութեան պատճէնը բոլոր ժողովուրդներուն 13հաղորդուեցաւ, որպէսզի այդ օրուան համար պատրաստ ըլլան։
15Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն հարկադրուելով՝ 14մեկնեցան, ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։ Թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր։