Esther 4
Nehemiah « Esther 3 ‹ Esther 4 › Esther 5 » Job
ՄՈՒՐԹՔԷ ԵՍԹԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ
1Երբ Մուրթքէ բոլոր կատարուածները գիտցաւ, իր հանգուստները պատռեց, եւ քուրձ հագաւ ու վրան մոխիր ցանեց։ Յետոյ քաղաքին մէջտեղը 1գնաց՝ բարձր եւ 2ողբալից ձայնով աղաղակելով,
2ու թագաւորին դրան առջեւ հասնելով կայնեցաւ, քանի քուրձ հագած մարդ մը չէր կրնար թագաւորին դռնէն ներս մտնել։
3Բոլոր գաւառներուն մէջ, ո՛ւր որ թագաւորին հրամանը եւ հրովարտակը կը հասնէին, Հրեաներուն մէջ մեծ սուգ կ’ըլլար, ծոմ, լաց ու կոծ. շատերն ալ քուրձի եւ մոխիրի վրայ կը պառկէին։
4Եսթերի սպասուհիներն ու ներքինիները եկան եւ իրեն պատմեցին։ Թագուհին չափազանց սարսափեցաւ. հագուստներ ղրկեց՝ որ Մուրթքէի հագցնեն ու անոր վրայէն քուրձը հանեն, բայց ան չընդունեց։
5Եսթեր Հաթաքը կանչեց, թագաւորին ներքինիներէն մէկը, (որ թագաւորը 3նշանակեր էր՝ անոր 4սպասարկելու,) եւ անոր պատուիրեց որ Մուրթքէէն հասկնայ թէ այդ ի՛նչ էր, ու ինչո՛ւ այդպէս կը վարուէր։
6Ուստի Հաթաք Մուրթքէի քով 5գնաց, թագաւորին դրան առջեւի հրապարակը։
7Մուրթքէ անոր պատմեց բոլոր իրեն պատահածները, նաեւ Համանի յայտարարութիւնը՝ թէ խոստացած էր թագաւորին գանձին արծաթ 6տալ Հրեաներուն համար, որպէսզի զանոնք կորսնցնէ։
8Զանոնք բնաջնջելու համար Շուշանի մէջ 7հրատարակուած հրովարտակին գրութեան պատճէնը տուաւ անոր, որպէսզի Եսթերի ցուցնէ, անոր բացատրէ, եւ անոր պատուիրէ որ թագաւորին քով մտնէ, անոր աղաչէ ու անոր առջեւ իր ժողովուրդին համար թախանձէ։
9Հաթաք գնաց եւ Մուրթքէի խօսքերը Եսթերի հաղորդեց։
10Եսթեր Հաթաքի հետ խօսեցաւ ու պատուիրեց որ Մուրթքէի սա՛ պատասխանը տանի.
11«Թագաւորին բոլոր ծառաները եւ թագաւորին գաւառներուն ժողովուրդները լաւ գիտեն թէ օրէնք մը կայ՝ որ 8մահուան կը դատապարտէ՝՝ այն մարդը կամ կինը, որ թագաւորին ներքին գաւիթը կը մտնէ՝ առանց կանչուած ըլլալու. միայն ողջ կը մնայ ա՛ն՝ որուն թագաւորը իր ոսկի մականը կ’երկարէ։ Իսկ ես թագաւորին քով մտնելու կանչուած չեմ երեսուն օրէ ի վեր»։
12Եսթերի խօսքերը Մուրթքէի հաղորդեցին.
13Մուրթքէ ալ ըսաւ որ Եսթերի սա՛ պատասխանը տանին. «9Մի՛ կարծեր՝՝ թէ թագաւորին տունը ըլլալով՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դո՛ւն պիտի ազատիս։
14Արդարեւ եթէ դուն լռես այս ժամանակին մէջ, ուրիշ տեղէ մը 10օգնութիւն եւ ազատում պիտի 11հասնին Հրեաներուն, բայց դուն ու հօրդ տունը պիտի կորսուիք. ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար 12թագուհի եղար՝՝»։
15Եսթեր հրամայեց որ Մուրթքէի սա՛ 13պատասխանը տանին՝՝.
16«Գնա՛, Շուշան գտնուող բոլո՛ր Հրեաները հաւաքէ, եւ ինծի համար ծո՛մ պահեցէք. երեք օր մի՛ ուտէք ու մի՛ խմէք՝ գիշեր թէ ցերեկ։ Ես ալ նոյնպէս ծոմ պիտի պահեմ՝ իմ սպասուհիներովս, եւ այդպէս թագաւորին քով պիտի մտնեմ, ինչ որ օրէնքին համաձայն չէ, ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ»։
17Այն ատեն Մուրթքէ 14հեռացաւ, եւ գործադրեց ամէն ինչ որ Եսթեր իրեն պատուիրեր էր։