Loading...

Esther 5

Nehemiah  «  Esther 4  ‹  Esther 5  ›  Esther 6  »  Job


ԵՍԹԵՐ ԽՆՃՈՅՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՒ ՀԱՄԱՆԸ

1

Երրորդ օրը՝ Եսթեր հագաւ իր թագաւորական հանդերձները, ու կայնեցաւ 1պալատին ներքին գաւիթին մէջ, թագաւորին տան դիմաց։ Թագաւորը նստած էր իր թագաւորական գահին վրայ՝ թագաւորական տան մէջ, տան մուտքին դիմաց։

2

Երբ թագաւորը տեսաւ Եսթեր թագուհին՝ որ գաւիթին մէջ կայնած էր, Եսթեր շնորհք 2գտաւ իր 3առջեւ. թագաւորը Եսթերի երկարեց իր ձեռքը եղած ոսկի մականը, ու Եսթեր մօտեցաւ եւ մականին ծայրին դպաւ։

3

Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ եղաւ քեզի, եւ ի՞նչ է պահանջդ. մինչեւ թագաւորութեան կէսն ալ ըլլայ՝ պիտի տրուի քեզի»։

4

Եսթեր պատասխանեց. «Եթէ թագաւորին 4հաճելի է, թագաւորը այսօր թող գայ իրեն սարքած խնճոյքիս՝ Համանի հետ»։

5

Թագաւորը ըսաւ. «Շտապելով կանչեցէ՛ք Համանը, որպէսզի Եսթերի ըսածը կատարէ»։ Եւ թագաւորը Համանի հետ գնաց Եսթերի սարքած խնճոյքին։

6

5Երբ գինի կը խմէին՝՝, թագաւորը Եսթերի ըսաւ. «Ի՞նչ է խնդրանքդ. ըսէ՛, ու քեզի պիտի տրուի։ Ի՞նչ է պահանջդ. մինչեւ թագաւորութեան կէսն ալ ըլլայ՝ պիտի կատարուի»։

7

Եսթեր պատասխանեց. «Իմ խնդրանքս եւ պահանջս սա՛ է.

8

եթէ թագաւորին առջեւ շնորհք գտայ, ու եթէ թագաւորին 6հաճելի է իմ խնդրածս տալ եւ պահանջածս կատարել, թագաւորն ու Համան դարձեալ թող գան իրենց համար սարքելիք խնճոյքիս, եւ վաղը թագաւորին ըսածը պիտի կատարեմ»։


ՀԱՄԱՆ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՄՈՒՐԹՔԷՆ ՄԵՌՑՆԵԼ

9

Համան այդ օրը ուրախ եւ զուարթ սիրտով դուրս ելաւ. բայց երբ Համան թագաւորին դուռը նստած տեսաւ Մուրթքէն՝ որ ոտքի չէր ելլեր եւ իրեն համար տեղէն չէր շարժեր, Համան ցասումով լեցուեցաւ Մուրթքէի դէմ։

10

Բայց Համան ինքզինք զսպեց, իր տունը գնաց, ու մարդ ղրկելով՝ իր 7բարեկամներն ու կինը՝ Զերէսը կանչել տուաւ։

11

Համան անոնց պատմեց իր հարստութեան փառքին, իր որդիներուն շատութեան եւ այն բոլոր բաներուն մասին՝ որոնցմով թագաւորը զինք մեծցուցեր էր, եւ թէ ի՛նչպէս իշխանաւորներէն ու թագաւորին ծառաներէն աւելի բարձրացուցեր էր։

12

Ապա Համան ըսաւ. «Նաեւ Եսթեր թագուհին թագաւորին հետ ինձմէ զատ ո՛չ մէկը 8հրաւիրեց իր սարքած խնճոյքին, ու վաղուան համար ալ թագաւորին հետ իր քով հրաւիրուած եմ։

13

Բայց այս բոլորը ինծի համար 9ո՛չ մէկ արժէք ունին՝՝, որքան ատեն որ հրեայ Մուրթքէն թագաւորին դուռը նստած տեսնեմ»։

14

Անոր կինը՝ Զերէս, եւ անոր բոլոր բարեկամները իրեն պատասխանեցին. «Յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտ մը թող շինուի, ու վաղը առտու թագաւորին ըսէ որ Մուրթքէ անոր վրայ կախուի. իսկ դուն թագաւորին հետ ուրախ սիրտով խնճոյքի՛ն գնա»։ Այս խօսքը Համանի 10հաճելի եղաւ, եւ փայտը պատրաստել տուաւ։



1 Եբր.՝ թագաւորին տան
2 Եբր.՝ բարձրացուց
3 Եբր.՝ աչքերուն
4 Եբր.՝ լաւ
5 Եբր.՝ Գինիի խնճոյքին ատեն
6 Եբր.՝ լաւ
7 Եբր.՝ սիրելիներն
8 Եբր.՝ մտցուց
9 Եբր.՝ ոչինչի հաւասար են
10 Եբր.՝ լաւ