Loading...

Esther 6

Nehemiah  «  Esther 5  ‹  Esther 6  ›  Esther 7  »  Job


ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՄՈՒՐԹՔԷՆ

1

Այդ գիշերը թագաւորին քունը փախաւ, ու հրամայեց որ Ժամանակագրութեան — յիշատակութիւններու — գիրքը բերեն, եւ թագաւորին առջեւ անոնք կարդացուեցան։

2

Հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ իմացուցեր էր թագաւորին երկու ներքինիներուն՝ Բիգթանի ու Թարէսի մասին, որոնք դրան պահապաններն էին, թէ անոնք 1մտադրեր էին Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկարել։

3

Թագաւորը ըսաւ. «Ատոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծարանք 2տրուեցաւ Մուրթքէի»։ Թագաւորին ծառայող սպասաւորները պատասխանեցին. «Անոր ոչինչ տրուեցաւ»։

4

Թագաւորը ըսաւ. «Ո՞վ կայ գաւիթը»։ (Համան 3պալատին արտաքին գաւիթը եկած էր՝ թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ՝ որ ինք անոր համար պատրաստած էր։)

5

Թագաւորին սպասաւորները անոր պատասխանեցին. «Ահա՛ Համան գաւիթը կը սպասէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Թող ներս գայ»։

6

Երբ Համան ներս եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է ընել այն մարդուն, որ թագաւորը կը բաղձայ պատուել»։ Համան իր սիրտին մէջ 4մտածեց. «Թագաւորը ինձմէ 5զատ ուրիշ՝՝ ո՞վ պիտի փափաքի պատուել»։

7

Ուստի Համան թագաւորին պատասխանեց. «Այն մարդուն համար՝ որ թագաւորը կը փափաքի պատուել,

8

թող բերեն թագաւորին հագած թագաւորական հանդերձը, թագաւորին հեծած ձին, եւ անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը.

9

հանդերձն ու ձին թող տրուին թագաւորին մեծամեծ իշխանաւորներէն մէկուն ձեռքը, հանդերձը հագցնեն այն մարդուն՝ որ թագաւորը կը փափաքի պատուել, զայն ձիուն վրայ հեծցնեն, քաղաքին հրապարակին մէջէն անցընեն եւ առջեւէն գոչեն. “Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որ թագաւորը կը փափաքի պատուել”»։

10

Այն ատեն թագաւորը Համանի ըսաւ. «Ինչպէս որ ըսիր՝ շուտո՛վ հանդերձն ու ձին առ, եւ թագաւորին դուռը նստող հրեայ Մուրթքէի ա՛յդպէս ըրէ. քու բոլոր ըսածներէդ ոչի՛նչ թող 6պակսի»։

11

Համան հանդերձն ու ձին առաւ, հանդերձը Մուրթքէի հագցնելով՝ զայն ձիուն վրայ հեծցուց, քաղաքին հրապարակէն անցուց, եւ առջեւէն 7կը գոչէր՝՝. «Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որ թագաւորը կը փափաքի պատուել»։

12

Մուրթքէ թագաւորին դուռը վերադարձաւ. իսկ Համան՝ 8տրտում ու գլուխը ծածկած՝ շտապելով իր տունը մեկնեցաւ։

13

Համան իր կնոջ՝ Զերէսի եւ բոլոր 9բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իրեն պատահած էր։ Անոր իմաստուններն ու կինը՝ Զերէս իրեն ըսին. «Եթէ Մուրթքէ (որուն առջեւ դուն սկսար իյնալ) Հրեաներու զարմէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջեւ անշուշտ պիտի իյնաս»։

14

Երբ անոնք տակաւին իրեն հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան եւ արտորալով Համանը Եսթերի սարքած խնճոյքին տարին։



1 Եբր.՝ փնտռեր
2 Եբր.՝ եղաւ
3 Եբր.՝ թագաւորին տան
4 Եբր.՝ ըսաւ
5 Եբր.՝ աւելի
6 Եբր.՝ գետինը իյնայ
7 Կամ՝ մէկը կը գոչէր
8 Եբր.՝ սգալով
9 Եբր.՝ սիրելիներուն