Esther 7
Nehemiah « Esther 6 ‹ Esther 7 › Esther 8 » Job
ՀԱՄԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ ՄԱՀՈՒԱՆ
1Թագաւորը Համանի հետ 1խնճոյքի գնաց Եսթեր թագուհիին քով։
2Թագաւորը երկրորդ օրն ալ՝ 2գինի խմելու՝՝ ատեն՝ Եսթերի ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ է խնդրանքդ. ըսէ՛, ու քեզի պիտի տրուի։ Ի՞նչ է պահանջդ. մինչեւ թագաւորութեան կէսն ալ ըլլայ՝ պիտի կատարուի»։
3Եսթեր թագուհին պատասխանեց. «Եթէ քու 3առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր, ու եթէ թագաւորին 4հաճելի է, խնդրանքիս փոխարէն իմ կեանքս թող 5շնորհուի ինծի, եւ պահանջիս փոխարէն՝ իմ ժողովուրդս։
4Արդարեւ թէ՛ ես եւ թէ իմ ժողովուրդս ծախուած ենք՝ կոտորուելու, սպաննուելու եւ կորսուելու. եթէ ծախուած ըլլայինք իբր ստրուկ կամ ստրկուհի՝ լուռ կը կենայի, թէպէտ թշնամին թագաւորին կրած վնասը չէր կրնար հատուցանել»։
5Ասուերոս թագաւորը խօսեցաւ Եսթեր թագուհիին եւ ըսաւ. «Ո՞վ է ան, եւ ո՞ւր է ան, որ 6համարձակեցաւ այսպէս ընել»։
6Եսթեր պատասխանեց. «Հակառակորդն ու թշնամին՝ այս չար Համանն է»։ Համան թագաւորին ու թագուհիին առջեւ զարհուրեցաւ։
7Թագաւորը 7խնճոյքէն ցասումով ոտքի ելաւ եւ ապարանքին պարտէզը գնաց։ Բայց Համան հոն կեցաւ՝ որպէսզի իր կեանքին համար Եսթեր թագուհիին թախանձէ, որովհետեւ տեսաւ թէ իր վրայ չարիք որոշուած է թագաւորէն։
8Երբ թագաւորը ապարանքին պարտէզէն 8խնճոյքին սենեակը՝՝ վերադարձաւ, Համան Եսթերի եղած 9բազմոցին վրայ փռուած՝՝ էր։ Թագաւորը ըսաւ. «Միթէ իմ քովս՝ տան մէջ թագուհի՞ն ալ պիտի 10բռնաբարէ»։ Երբ այս խօսքը թագաւորին բերանէն ելաւ, Համանի երեսը ծածկեցին։
9Այն ատեն Արբոնա, ներքինիներէն մէկը, թագաւորին ներկայութեան ըսաւ. «Ահա՛ այն յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտը, որ Համան պատրաստեց թագաւորին բարիք 11ընող Մուրթքէի համար, Համանի տան մէջ կեցած է»։ Թագաւորն ալ ըսաւ. «Զինք կախեցէ՛ք անոր վրայ»։
10Ուստի Համանը Մուրթքէի համար պատրաստած փայտին վրայ կախեցին։ Այն ատեն թագաւորին ցասումը մեղմացաւ։