Loading...

Esther 8

Nehemiah  «  Esther 7  ‹  Esther 8  ›  Esther 9  »  Job


ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ԿԸ ԽԱՓԱՆՈՒԻ

1

Այդ օրը Ասուերոս թագաւորը Հրեաներու հակառակորդին՝ Համանի տունը Եսթեր թագուհիին 1պարգեւեց. Մուրթքէ ալ թագաւորին ներկայացաւ, որովհետեւ Եսթեր թագաւորին իմացուցեր էր թէ ան իրեն ի՛նչ ազգական էր։

2

Թագաւորը հանեց իր մատանին՝ որ Համանէն 2վերցուցեր էր, ու զայն Մուրթքէի տուաւ. իսկ Եսթեր Մուրթքէն նշանակեց Համանի տան վրայ։

3

Եսթեր վերստին խօսեցաւ թագաւորին ներկայութեան, անոր ոտքերը ինկաւ եւ լալով աղաչեց անոր՝ որ 3խափանէ Ագագացի Համանի մտածած չարիքը եւ Հրեաներուն դէմ անոր 4պատրաստած ծրագիրը՝՝։

4

Թագաւորը ոսկի մականը Եսթերի երկարեց. Եսթեր ալ ոտքի ելաւ, թագաւորին առջեւ կայնեցաւ

5

եւ ըսաւ. «Եթէ թագաւորին 5հաճելի է ու ես իր 6առջեւ շնորհք գտայ, եթէ սա՛ բանը թագաւորին 7կը յարմարի՝՝ ու ես իր աչքերուն հաճելի եմ, թող գրուի՝ որ Ագագացի Ամադաթայի որդիին՝ Համանի 8ծրագիրը խափանուի՝՝, այսինքն՝ անոր 9նամակները, որ գրեց՝ թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար։

6

Արդարեւ ի՞նչպէս պիտի կարենամ տեսնել իմ ժողովուրդիս պատահելիք չարիքը. ի՞նչպէս պիտի կարենամ տեսնել իմ ազգակիցներուս կորսուիլը»։

7

Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու հրեայ Մուրթքէի պատասխանեց. «Ահա՛ Համանի տունը Եսթերի պարգեւեցի, ու զայն փայտի վրայ կախեցին՝ քանի որ իր ձեռքը Հրեաներուն վրայ երկարեց։

8

Դո՛ւք ալ թագաւորին անունով գրեցէք ինչ որ ձեզի 10հաճելի է՝ Հրեաներուն մասին, եւ կնքեցէ՛ք թագաւորին մատանիով. որովհետեւ թագաւորին անունով գրուած ու թագաւորին մատանիով կնքուած գրութիւնը 11չի խափանուիր՝՝»։

9

Այն ատեն — երրորդ ամսուան, այսինքն՝ Սիվան ամսուան քսաներեքերորդ օրը — թագաւորին ատենադպիրները կանչուեցան, եւ Մուրթքէի ամբողջ պատուիրածին համաձայն գրուեցաւ Հրեաներուն, նաեւ սատրապներուն, կուսակալներուն ու գաւառներու իշխանաւորներուն,— հարիւր քսանեօթը գաւառներուն՝ Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա,— ամէն գաւառի իր գիրով եւ ամէն ժողովուրդի իր լեզուով, նաեւ Հրեաներուն՝ իրենց գիրով ու լեզուով։

10

Ասուերոս թագաւորին անունով գրեց եւ թագաւորին մատանիով կնքեց, ապա նժոյգներու եւ 12ճայիկներէ ծնած՝՝ ջորիներու վրայ հեծած 13սուրհանդակներով նամակներ՝՝ ղրկեց,

11

որոնցմով թագաւորը բոլոր քաղաքներու Հրեաներուն արտօնութիւն կու տար որ համախմբուին, իրենց 14կեանքը պաշտպանեն՝՝, եւ 15իրենց վրայ յարձակող՝՝ ժողովուրդին ու գաւառին բոլոր զինեալ ոյժերը, նաեւ մանուկներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն եւ կորսնցնեն, ու անոնց ունեցածը իբր աւար կողոպտեն,

12

Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ՝ 16նոյն օրը՝՝, տասներկրորդ ամսուան — այսինքն՝ Ադար ամսուան — տասներեքերորդ օրը։

13

Իւրաքանչիւր գաւառի մէջ 17հրատարակուելիք հրովարտակին գրութեան պատճէնը բոլոր ժողովուրդներուն 18հաղորդուեցաւ, որպէսզի Հրեաները այդ օրուան համար պատրաստ ըլլան՝ իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու։

14

Սուրհանդակները նժոյգներու եւ ջորիներու վրայ հեծան, ու արտորալով 19մեկնեցան՝ թագաւորին հրամանէն հարկադրուելով. հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։

15

Մուրթքէ դուրս ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ 20կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական հանդերձով, ոսկիէ մեծ թագով, եւ բեհեզէ ու 21ծիրանիէ պատմուճանով. Շուշան քաղաքը ցնծութեամբ աղաղակեց եւ ուրախացաւ.

16

Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, բերկրանք ու պատիւ ունեցան։

17

Ամէն գաւառի եւ ամէն քաղաքներուն մէջ, ո՛ւր որ թագաւորին հրամանը եւ հրովարտակը կը հասնէին, Հրեաները ուրախութիւն ու բերկրանք, խնճոյք եւ 22տօնախմբութեան օր ունեցան։ Երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, որովհետեւ Հրեաներուն երկիւղը ինկաւ իրենց վրայ։



1 Եբր.՝ տուաւ
2 Եբր.՝ անցուցեր
3 Եբր.՝ անցընէ
4 Եբր.՝ հնարած հնարքը
5 Եբր.՝ լաւ
6 Եբր.՝ աչքերուն
7 Եբր.՝ առջեւ յարմար է
8 Եբր.՝ հնարքը ետ դարձուի
9 Եբր.՝ գրութիւնները
10 Եբր.՝ լաւ
11 Եբր.՝ ետ չի դարձուիր
12 Եբր.՝ ճայիկներու ձագ
13 Եբր.՝ սուրհանդակներու ձեռքով գրութիւններ
14 Եբր.՝ կեանքին համար կայնին
15 Եբր.՝ զիրենք ճնշող
16 Եբր.՝ մէկ օրուան մէջ
17 Եբր.՝ տրուելիք
18 Եբր.՝ յայտնուեցաւ
19 Եբր.՝ դուրս ելան
20 Այսինքն՝ կապուտակով ներկուած կերպասէ
21 Այսինքն՝ ծիրանիով ներկուած կերպասէ
22 Եբր.՝ լաւ